Չորեքշաբթի, 2 փետրուար 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Պքերքէի մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Ռիչըրտ Փոլ Կալակեր արքեպիսկոպոսին հետ:
Վեհափառ հայրապետն ու նախարարը ընդհանուր արժեւորում մը կատարեցին 1 յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին ու անոր անդրադարձին Լիբանանի մէջ: Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին եւ պետական պատասխանատուներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն: Վեհափառ հայրապետը առաջարկեց, որ Վատիկան, Լիբանանի մէջ մօտիկ ապագային տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ, քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կազմակերպէ Վատիկանի մէջ` իբրեւ ամբողջացուցիչ քայլ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին: Նախարար Կալակեր սկզբունքով համաձայն գտնուեցաւ վեհափառ հայրապետին առաջարկին եւ վստահեցուց, որ Լիբանանի իսլամ հոգեւոր պետերուն հետ ունենալիք իր հանդիպումներուն ընթացքին պիտի արծարծէ այս նիւթը:
Հանդիպման աւարտին Ռայի պատրիարքը ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց ի պատիւ Կալակեր արքեպիսկոպոսին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին վեհափառ հայրապետը, Եունան պատրիարքը եւ մարոնի եպիսկոպոսներ: