Գաղութային

Հայ Կաթողիկէ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարք Այնճար Այցելեց.  «Օրհնեալ Ըլլայ Ան, Որ Կու Գայ Տիրոջ Անունով»

Հայ Կաթողիկէ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարք Այնճար Այցելեց. «Օրհնեալ Ըլլայ Ան, Որ Կու Գայ Տիրոջ Անունով»

Աստուածաշնչական այս բերկրալից ձայներգութեամբ, Այնճարի Ս. Վարդարանի Տիրամայր հայ կաթողիկէ համայնքին ժողովրդապետը կիրակի, 19 դեկտեմբերին ողջունեց հայ կաթողիկէ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.  կաթողիկոս-պատրիարքին առաջին հովուապետական այցելութիւնը Այնճար: Արդարեւ, Այնճարի եւ մուսալեռցի այնճարցիներուն համար յիշեալ կիրակին հանդիսացաւ պատմական օր մը, որ սկիզբ առաւ Թաանայէլի մայրուղիէն, ուր Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանն ու ժողովրդապետ Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան դիմաւորեցին պատրիարքն ու անոր ընկերակցող հոգեւորականները, ապա ուղղուեցան...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.  Լիբանանահայ Մտաւորականներու Խորհրդակցական  Հանդիպում` «Սփիւռքի Տարուան» Առիթով

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Լիբանանահայ Մտաւորականներու Խորհրդակցական Հանդիպում` «Սփիւռքի Տարուան» Առիթով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրաւէրով, երէկ` ուրբաթ, 14 յունուարին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-խորհրդակցութիւն լիբանանահայ մտաւորականներու հետ` 2022 տարին «Սփիւռքի տարի» հռչակելուն առիթով: Արամ Ա. կաթողիկոս օրհնութեամբ եւ սիրով ողջունեց ներկաները եւ գնահատեց հրաւէրին ընդառաջումը` հակառակ երկրին մէջ շարունակուող տեսակաւոր տագնապներուն: «Այս օրերուն բոլորիս համար լիբանանեան կեանքը դարձած է ահաւոր` իր բոլոր երեսներով, սակայն...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորեց  Քասուլիտեսի Կիպրոսի Արտաքին  Գործոց Նախարար Վերանշանակումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորեց Քասուլիտեսի Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարար Վերանշանակումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուին յղեց նամակ մը, որուն մէջ շնորհաւորեց Եոաննիս Քասուլիտեսի Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վերանշանակումը: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց, որ Քասուլիտեսի երրորդ անգամ ըլլալով կիպրական դիւանագիտութեան պետի պաշտօնին նշանակումը կարեւոր զարգացում մըն է, որ պիտի ամրապնդէ կիպրացի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ կապերը, որովհետեւ Քասուլիտես ծանօթ է հայկական հարցերուն...

Մեր Կորուստները.  Իր Մահկանացուն Կնքեց Հայրենի Մեծանուն  Բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան

Մեր Կորուստները. Իր Մահկանացուն Կնքեց Հայրենի Մեծանուն Բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան

Երէկ` երեքշաբթի, 11 յունուար 2022-ին մահացաւ հայրենի բանաստեղծ, հասարակական գործիչ Ռազմիկ Դաւոյեան: Ան ծնած է 1940-ին, Սպիտակի շրջանի Մեծ Պարնի գիւղին մէջ: 1964-ին  աւարտած է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան Հայկական պետական  մանկավարժական ուսումնարանի պատմալեզուագրական բաժանմունքը: 1965-էն վարած է «Գրական  թերթ»-ի բանաստեղծութեան եւ արձակի բաժինը: 1970-ին  աշխատած է Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին մէջ` իբրեւ աւագ խորհրդական: Ռազմիկ Դաւոյեան եղած է...

Մեր Կորուստները.  Իր Մահկանացուն Կնքած Է  Արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեան

Մեր Կորուստները. Իր Մահկանացուն Կնքած Է Արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեան

Երէկ` 10 յունուար 2022-ին Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց վաստակաշատ արուեստագէտ, արուեստի ու գեղանկարչութեան երկարամեայ դասախօս Յարութիւն Թորոսեան: Յարութիւն Թորոսեան ծնած է Պէյրութ, 1933-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մեսրոպեան եւ Աբգարեան վարժարաններուն մէջ: 1951-1952-ին հետեւած է Վահէ Վահեանի գրականութեան դասընթացքներուն: 1953-1955 յաճախած է «Աքատեմի Լիպանեզ տէ Պոզար»: 1956-ին մեկնած է Փարիզ ու հետեւած «Էքոլ Նասիոնալ Սիւփերիէօր տէ Պոզար» նկարչական, փորագրական...

Հաղորդագրութիւն

Նոր Տարուան Եւ Սուրբ Ծնունդի Համազգայինի Ձեռնարկներ

Ամանորեայ ու Ս. Ծնունդի խորհուրդը փոխանցելու, Համազգայինի աշխատանքները ներկայացնելու եւ մշակութասէր հանրութեան բարձրորակ կատարումներ ու մերօրեայ դժուար պայմաններուն լոյսին տակ հոգեկան բերկրանքի պահեր պարգեւելու նպատակով Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը, Գեղարուեստի դպրոցներու միաւորներն ու մասնագիտացած մասնաճիւղերը նոր տարուան սեմին նախաձեռնեցին եւ մասնակցեցան զանազան աշխատանքներու: Երկուշաբթի, 20 դեկտեմբերին «Թելէ Լիպան» կայանի «Ահլա սապահ» յայտագիրին հիւրերն էին Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ դոկտ. Լիզա Պասթաճեանը...

Դեսպան Աթաբեկեան Այցելեց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Դեսպան Աթաբեկեան Այցելեց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Երեքշաբթի, 4 յունուար 2022-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբեկեան,  ընկերակցութեամբ երկրորդ քարտուղար Դաւիթ Ալավերդեանին, առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ` վարժարանի տնօրէն դոկտ. Դալար Աթէշեանին, առաքինազարդ քոյրերուն, տնօրէն խորհուրդի անդամներուն, ծնողական խորհուրդի ատենապետին եւ վարժարանիս հոգեհարազատ բարեկամներուն հետ: Դեսպանի այցելութեան նպատակն էր աւելի մօտէն ծանօթանալ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի առաքելութեան, ինչպէս...

«Հոգեւոր Ու Ազգային Կեանքի  Վերանորոգումը Հրամայական Է»  Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Հոգեւոր Ու Ազգային Կեանքի Վերանորոգումը Հրամայական Է» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Հանդիսաւորապէս Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով հանդիսաւորապէս եւ մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Արդարեւ, հինգշաբթի, 6 յունուար 2022-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Հաւատացեալները խուռներամ հաւաքուած էին Անթիլիասի մայրավանք` մասնակից դառնալու...

«Սփիւռքի Վերակազմակերպումը Հրամայական Է`  Ի Խնդիր Հայաստանի Ու Արցախի Հզօրացման»   Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Սփիւռքի Վերակազմակերպումը Հրամայական Է` Ի Խնդիր Հայաստանի Ու Արցախի Հզօրացման» Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2022 տարին հռչակած է «Սփիւռքի տարի»` մեկնելով սփիւռքին պարզած ներկայ իրավիճակէն եւ հայ կեանքին մէջ անոր ունեցած առանցքային դերակատարութենէն: Առ այդ, կիրակի, 9 յունուար 2022-ին, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, հայրապետական հռչակագիրը ընթերցուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանի կողմէ: Վեհափառ հայրապետը հռչակագիրին մէջ կը նշէ, որ հայ...

«Աստուածայայտնութիւնը Աստուծոյ Հետ  Կնքուած Ներքին Նոր Ուխտ Է»  Հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը

«Աստուածայայտնութիւնը Աստուծոյ Հետ Կնքուած Ներքին Նոր Ուխտ Է» Հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը

Ս. Ծննդեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 6 յունուար 2022-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ մարդը իր արքայութեան տանելու հրաւէրով` աւելցնելով, որ Աստուած այդ խորհուրդով...

Վեհափառ Հայրապետը Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Այցելեց Արագածի Շրջան

Վեհափառ Հայրապետը Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Այցելեց Արագածի Շրջան

Ուրբաթ, 7 յունուար 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեանի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի այցելեց Արագած շրջանի քաղաքապետութեան թիւ 196 հողաշերտի վրայ բնակող ընտանիքներուն: Արագած շրջանի «Դրօ» ակումբի մուտքին Վեհափառը դիմաւորուեցաւ շրջանի կոմիտէին,...

Լիբանանի Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութիւն.  100 Տարեցներու Այցելութիւն` Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով

Լիբանանի Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութիւն. 100 Տարեցներու Այցելութիւն` Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով

Քրիստոնէական վարդապետութեան հիմքը կը կազմէ ծառայութիւնը: Արդարեւ, Աստուածորդին` Քրիստոս նոյնինքն իր օրինակով ծառայութեան տիպար հանդիսացաւ, երբ ընդունեց խեղճերն ու կարօտեալները, անօթիներն ու անօթեւանները եւ խրախուսեց բոլորը, երբ ըսաւ. «Վստահ եղէք, թէ ան, որ ձեզի գաւաթ մը ջուր տայ, որովհետեւ Քրիստոսի կը պատկանիք, իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ» (Մարկոս 9:41): Սփիւռքի գաղթօճախներուն սիրտը հանդիսացող լիբանանահայ գաղութը բախտաւորութիւնն ունի վայելելու Հայ համայնքի ընկերային...

2022 Սփիւռքի Տարի

2022 Սփիւռքի Տարի

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2022 տարին հռչակեց «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»: Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, 2003 թուականէն սկսեալ իւրաքանչիւր տարին վեհափառ հայրապետը հռչակած է մեր ժողովուրդի կեանքին հետ աղերս ունեցող կարեւոր դէպքի, ամեակի կամ երեւոյթի նուիրուած: Այս առիթով կիրակի, 9 յունուար 2022-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, պիտի ընթերցուի վեհափառ հայրապետին...

Ֆրանչիսկոս Պապէն Նամակ`  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Ֆրանչիսկոս Պապէն Նամակ` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երէկ` երեքշաբթի, 4 յունուար 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ արքեպիսկոպոս Ժոզեֆ Սփիթերիի այցելութիւնը: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին յանձնել Ֆրանչիսկոս պապին նամակը, ուր սրբազան քահանայապետը Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով իր բարեմաղթութիւնները կը յայտնէր վեհափառ հայրապետին: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ նաեւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Վատիկանի մէջ 1 յուլիս 2021-ին տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը

Երկուշաբթի, 3 յունուար 2022-ի երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը` սրբազան, գերապայծառ եւ վարդապետ հայրերու ներկայութեամբ: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Նոր տարուան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու հայ ժողովուրդը յուզող խնդիրներուն:

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Սկաուտական Նուագախումբը  Տօնական Մթնոլորտ Տարածեց Պուրճ Համուտի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Սկաուտական Նուագախումբը Տօնական Մթնոլորտ Տարածեց Պուրճ Համուտի Մէջ

Չորեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական նուագախումբի անդամները ամանորեան եւ Սուրբ ծննդեան տօներուն նախօրեակին, շրջեցան Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասերը, կշռութաւոր նուագով տողանցեցին, ինչպէս նաեւ Նոր տարուան եւ Սուրբ ծննդեան երգերու եղանակներով, ուրախութիւն ու խանդավառութիւն սփռեցին ամէնուրեք` միաժամանակ ջերմացնելով բոլորին սրտերը: Բարձր տրամադրութեամբ, անոնք հասան քաղաքապետարանի հրապարակ, ուր ճոխ,  խանդավառ եւ խրախուսիչ տօնական երգերու եղանակներով...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լոյս Տեսաւ Մեծն Սուրբ Մակարի «Հոգեւոր Քարոզներ» Հատորը  Հրամանաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի հրատարակութեամբ, լոյս կը տեսնէ Մեծն Սուրբ Մակարի «Հոգեւոր քարոզներ»-ը` թարգմանութեամբ Մակար եպս. Աշգարեանի եւ մեկենասութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին: Շուրջ 350 էջերէ բաղկացած հատորը կը պարունակէ ճգնաւորական շարժումի հիմնադիր եւ Դ. դարու ընդհանուր քրիստոնէական կեանքի պատմութեան հոգեւոր աստղերէն Մեծն Մակարի խորհրդածութիւնները, որոնք, բովանդակութեան իմաստով, պարզ...

Ֆիլոքալիա Մշակութային Կազմակերպութեան Նորահռչակ Ս. Ծննդեան Փառատօնին Մասնակցեցաւ Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը

Ֆիլոքալիա Մշակութային Կազմակերպութեան Նորահռչակ Ս. Ծննդեան Փառատօնին Մասնակցեցաւ Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը

Չորեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնթուրայի Այցելութեան վանքի նորահռչակ Ֆիլոքալիա մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆիլոքալիա ծննդեան» փառատօնի համերգներէն հայկականը` վերնագրուած «Հայ  ծննդեան գոյներ» («Armenian Christmas Colors»)`  կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի: Համերգին ներկայ էին` Լիբանանի մշակութասէր անձնաւորութիւններ, Քեսրուանի, Լեռնալիբանանի եւ Ժիպէյլի շրջաններէն  կառոյցներու ներկայացուցիչներ, եկեղեցականներ, Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան...

Հաղորդագրութիւն.  Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան Կը Հռչակուի Հայ Աւետարանական Քոլեճի Պատուակալ Տնօրէն

Բարերար Հրաչ Սիսեռեանի 100.000 Տոլարի Նուիրատուութիւնը Հայ Աւետարանական Գոլէճին

ՀԱԳ-ի երկարամեայ նախկին աշակերտ տիար Հրաչ Սիսեռեան, գերազանցելով իր նախորդ տարեկան յատկացումները, դպրոցին յատկացուց 100.000 տոլարի չեք մը, իր սիրեցեալ ծնողներուն` Գեղամ եւ Ալիս Սիսեռեաններու բարի յիշատակին: Բարձրօրէն կը գնահատենք յարգելի բարերարին ազնիւ ժեսթը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք` լաւագոյն բարեմաղթութիւններով: ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ

Page 123 of 365 1 … 122 123 124 … 365

Արխիւներ