ՀՄԸՄ-ի 103-ամեակի լուսանկարչական մրցանքը, որ յայտարարուած էր 16 նոյեմբեր 2021-ին` միութեան հիմնադրութեան տարեդարձին օրը, իր աւարտին կը հասնի շուտով: Մրցանքին մասնակցելու վերջին պայմանաժամն է 20 փետրուար 2022-ը, որովհետեւ արդիւնքներուն հրապարակումը ընկերային ցանցերով պիտի կատարուի «Հայ սկաուտի օր»-ը` 24 փետրուարին:
Յայտնենք, որ այս առիթով ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կողմէ ստեղծուած է դատական յատուկ կազմ մը, որուն մաս կը կազմեն լուսանկարիչ Րաֆֆի Պէրպէրեան, բեմադրիչներ Յակոբ Տէր Ղուկասեան եւ Ծովիկ Թորիկեան, արուեստագէտ Արա Ազատ, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ` խմբագիր Նորա Բարսեղեան, նկարչական թեքնիք աշխատանքներու մասնագէտներ Դալար Մազլումեան եւ Նժդեհ Մկրտիչեան:
Մրցանքին առաջին երեք դիրքերը գրաւող մասնակիցները կ’արժանանան հետեւեալ մրցանակներուն.
Առաջին մրցանակ. 1000 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ «Քանոն» վաճառանիշով լուսանկարչական մեքենայ մը:
Երկրորդ մրցանակ. 300 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ լուսանկարչական քամերայի portable tripod մը եւ պայուսակ մը:
Երրորդ մրցանակ. ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը յաւերժացնող արժէքաւոր ժամացոյց մը` յատուկ հաստատագիրով:
Երեք մրցանակակիրները կը ստանան նաեւ ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի մէկ տարուան բաժանորդագրութիւն:
Մրցանքին մասնակցութեան պայմաններն են.
Ա.- Մրցանքին կրնան մասնակցիլ 18 տարեկանէն վեր ՀՄԸՄ-ականներ եւ ոչ-ՀՄԸՄ-ականներ:
Արհեստավարժ լուսանկարիչներ չեն կրնար մասնակցիլ սիրողական նկարիչներու համար նախատեսուած այս մրցանքին:
Բ.- Մրցանքին նիւթն է` «ՀՄԸՄ-ի առօրեան»: Հետեւաբար, մրցանքին կարելի է ներկայացնել ՀՄԸՄ-ի սկաուտական, մարզական, անդամական, ընկերային, հանրային թէ բարեսիրական գործունէութեան առնչուած որեւէ լուսանկար, որ հարազատօրէն կը ցոլացնէ միութեան կեանքն ու առօրեան:
Գ.- Մրցանքին ներկայացուած լուսանկարները (սեւ-ճերմակ կամ գունաւոր) պայման է, որ ըլլան նոր նկարուած եւ մասնագիտական վերամշակումի (Ֆոթոշափի) չենթարկուած լուսանկարներ:
Դ.- Լուսանկարները կրնան նկարուիլ որակաւոր հրատարակութեան յարմար լուսանկարչական քամերայով եւ բջիջային հեռաձայնով:
Ե. Լուսանկարները պէտք է ունենան համապատասխան խորագիր:
Զ.- Լուսանկարները պարտին մինչեւ 20 փետրուար 2022 ուղարկուած ըլլալ մրցանքի կազմակերպիչ յանձնախումբի ե-նամակի հետեւեալ հասցէին` Karozchagan@homenetmen.org, նշելով նկարի հեղինակին անուն-մականունը, շրջանը եւ լուսանկարին խորագիրը: