Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ան Որ Արդարութեան Եւ Իրաւունքի Նկատմամբ Հաւատք Չունի, Մարդկային Ըլլալէ Կը Դադրի» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

April 27, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէին Կազմակերպութեամբ Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ջահերթ Եւ Յիշատակի Հաւաք

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00­ին, Ֆանարի Լէյլաւանի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի յիշատակում:

Ներկաները Ֆանարի ակումբէն դէպի Լէյլաւանի յուշարձան ուղղուեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղի ջահակիրներով` ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շեփորախումբին: Ապա «Զարթիր լաօ» երգին ընկերակցութեամբ «Է. Ակնունի» կոմիտէութեան անունով տեղադրուեցաւ ծաղկեպսակ, իսկ ներկաները յուշարձանին վրայ տեղադրեցին ծաղիկներ:

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մեթր Ճօ Պասթաճեան, որ նշեց, թէ հակառակ Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգութեան, հայ ժողովուրդը իր ապրելու կամքով յաղթեց, որովհետեւ հայաջնջման ծրագիրը թշնամին չկրցաւ իրականացնել: Ան ըսաւ, որ Արցախի 44-օրեայ պատերազմը բաւարար փաստ է հաստատելու, որ Թուրքիան կը շարունակէ իր հակահայ քաղաքականութիւնը, որովհետեւ հայը ուզած է իր հայրենիքին մէջ հայերէն խօսիլ, հայկական շունչով աղօթել եւ հայօրէն ապրիլ: Պասթաճեան նշեց, որ պայքարը կանգ պիտի չառնէ, եւ հայութիւնը իր բոլոր կարելիութիւններով պիտի շարունակէ պահանջատիրութեան երթը: Պասթաճեան յայտնեց, որ հայերը Լիբանան եկան իբրեւ վերապրողներ եւ գաղթականներ, սակայն իրենց ծառայութեամբ եւ աշխատանքներով դարձան երկրի ընկերութեան կարեւոր մասնիկները:

Ապա երեք քոյրեր` Ճեսիքա (ջութակ), Լարա (քլարինեթ) եւ Լիւսի (երգեհոն) Աւետիսեաններ ներկայացուցին «Տէր ողորմեա» եւ «Ամէն, Հայր սուրբ» ստեղծագործութիւնները, որմէ ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Վարուժ Թիւթիւնճեան, որ նշեց, թէ յիշատակի հաւաքները ուխտի վերանորոգման առիթներ են` յաւելեալ թափով շարունակելու աշխատանքները: Ան ըսաւ, որ տագնապներուն ընթացքին պէտք է առաւել եւս համախմբուինք, միանանք, զօրանանք եւ լսենք մեր միլիոնաւոր նահատակներուն եւ հերոսներուն կանչերը` չյանձնուիլ եւ պայքարիլ: Թիւթիւնճեան յայտնեց. «Մենք` իբրեւ ԼԵՄ­ականներ, պարտինք Հայ դատի պայքարի ջահը միշտ վառ պահել: Շարքերը ամրացնենք եւ բարոյապէս, հոգեպէս ու ֆիզիքապէս պատրաստուինք մեծ յաղթանակներուն: Անպայման վերստին պիտի ազատագրենք Մուշը, Վանը եւ Շուշին»:

ԼԵՄ-ական Արազ Էլէյճեան ասմունքեց «Ապրիլեան յուշաթուղթ» ստեղծագործութիւնը:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը ուղղեց հանդիսութեան ներկայ Միշել Էլիաս Մըր, որ ըսաւ, թէ այն ժողովուրդները, որոնք դատի մը աւելի քան 100 տարի հաւատարիմ կը մնան, անոնք կը դառնան հաւատարմութեան խորհրդանիշ, եւ ինք զաւակն է հաւատարիմներու հանդէպ յարգանք ունեցող ընտանիքին: Ան նշեց, որ արեամբ եւ զգացումով կապուած է հայերուն, որովհետեւ իր նախորդները հայեր եղած են, եւ հայութեան նկատմամբ իր կապուածութիւնը ժառանգուած է մեծ հօրմէն: Մըր շեշտեց, որ հաւաքաբար պարտաւոր ենք սերունդէ-սերունդ փոխանցելու դատը, որովհետեւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը պատմութեան մէջ մարդկութեան դէմ կատարուած ամենավատ ոճիրն էր: Մըր հաստատեց, որ միասնականութեամբ կարելի է գոյատեւել` յոյս յայտնելով, որ հայութեան վերապրելու կամքին նման Լիբանանը կը յաղթահարէ դժուարութիւնները եւ տագնապները:

Կարէն Գազանճեան երգեց «Տուն իմ հայրենի» եւ «Բարի արագիլ» երգերը:

Աւարտին, խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ըսաւ. «Զաւակն եմ ընտանիքի մը, որ կորսնցուց անդամներ, զաւակն եմ ժողովուրդի մը, որ կորսնցուց իր հայրենիքը, որ կորսնցուց մէկուկէս միլիոն նահատակ, որ զոհն էր ծրագրուած ցեղասպանութեան, եւ որուն միակ պահանջը բարեկարգումն էր, ընկերային­տնտեսական պայմաններու բարելաւումն էր»: Բագրատունի նշեց, որ հայ ազգը չի մոռնար եւ չի ներեր, այնքան ատեն որ ցեղասպանը չէ ընդունած ոճիրը, հատուցում չէ կատարած եւ չէ վերադարձուցած հողերը:

Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ կը մոռնանք մեր անցեալը եւ պատմութիւնը, եւ տակաւին դաւաճան, ոճրագործ եւ հերոս բառերու հասարակաց ըմբռնում չունինք` աւելցնելով, թէ նուազագոյնը մարդու իրաւունքները պէտք է պաշտպանենք, եւ ան որ արդարութեան եւ իրաւունքի նկատմամբ հաւատք չունի, մարդկային ըլլալէ կը դադրի: Բագրատունի խօսքը եզրակացուց հաստատելով, որ Ցեղասպանութենէն 107 տարիներ ետք պիտի չմոռնանք եղելութիւնը, որպէսզի ոճիրները անգամ մը եւս չկրկնուին (Առանձին տեսնել երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի խօսքը` ամբողջութեամբ):

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ձեռնարկը փակուեցաւ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեանի պահպանիչով:

 

 

Նախորդը

Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչում Եւ Քայլարշաւ Ճեմարանի Նախաձեռնութեամբ

Յաջորդը

Յ. Բագրատունի. «Այսօր Բոլոր Ոճրագործները Կը Յանդգնին Սպանդներ Եւ Ջարդեր Գործադրել, Որովհետեւ Գլխաւոր Ոճրագործը 20-րդ Դարուն Չպատժուեցաւ»

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.