Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչում Եւ Քայլարշաւ Ճեմարանի Նախաձեռնութեամբ

Ապրիլ 27, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Լսարանական միութեան Հայ դատի յանձնախումբին, ուրբաթ, 22  ապրիլ 2022-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը ոգեկոչեցին «Գարագաշեան» սրահին մէջ:

ԺԱ. դասարանէն Արէն Պապիկեան ընթերցեց բացման խօսքը, ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն:  Աւարտական դասարանէն Հրակ Լախեան ընթերցեց Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Եղեռնական»-ը, եւ Ժ. դասարանի խումբ մը աղջիկներու պարով աւարտեցաւ ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Ճեմարանի շրջանաւարտ Շանթ Յարութիւնեան, որ ըսաւ. «…Կ՛ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը եւ կը խոնարհինք մեր նահատակներուն յիշատակին դիմաց` արիւնալի վէրքը պահելով մեր սրտերուն մէջ: Այդ մէկը կը կատարենք ոչ թէ սգալով ու արտասուելով, այլ պայքարի, պահանջատիրութեան ու վրէժխնդրութեան ոգին վառ պահելով իւրաքանչիւր հայ պատանիի ու աշակերտի հոգւոյն մէջ: Այսօր Թուրքիան կը շարունակէ իր հակահայ քաղաքականութիւնը` սատար հանդիսանալով Ազրպէյճանի, որ ամէնօրեայ վտանգի կ՛ենթարկէ Արցախը, կը փոխէ իր պատմութիւնն ու կ՛ուրանայ իրականութիւնը: Թուրքիան ու Ազրպէյճանը ե՛ն ու կը մնան Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի թշնամիները այնքան ատեն որ չեն երաշխաւորեր իր հայրենիքին մէջ ապրելու հայ ժողովուրդին իրաւունքը: Առ այդ, մերժելի է ամէն տեսակի բարի դրացութեան յարաբերութիւն մշակելու աշխատանք, որ կ՛ոտնակոխէ մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքները ու կ՛անտեսէ մեր պահանջատիրական երթը: Հայ դատի ու անոր բոլոր բաղադրիչ մասերու պահանջները այսօր կը մնան էական` ճանաչումի հանգրուանէն ետք, եւ երբ արդէն տասնեակ մը երկիրներ ու կազմակերպութիւններ բանաձեւերով ու յայտարարութիւններով ընդունած են ցեղասպանութեան իրականութիւնը, մեր հայեացքները պիտի ուղղենք իրաւական հատուցման աշխատանքին` պահանջելով Սեւրի դաշնագրի գործնականացումը, առաջնահերթ դարձնելով Արցախեան հիմնախնդիրը, ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումէն մինչեւ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում` հիմնուելով ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրի յայտարարութեան վրայ»:

Ան շարունակեց իր խօսքը` շեշտը դնելով աշակերտներուն դերակատարութեան վրայ Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ. «Սիրելի՛ աշակերտներ, իսկ այս բոլորին զուգահեռ դուք ինչպէ՛ս պիտի օժանդակէք Հայ դատի աշխատանքներուն, ըլլալով այս Դատի ժառանգորդները, պիտի ունենաք ձեր ներդրումը այսօր եւ ապագային: Ձեր ուսուցիչներուն օժանդակութեամբ մօտ պիտի ըլլաք արցախցիին, 24 ապրիլին եւ ընդհանրապէս միշտ ընկերային ցանցերը պիտի օգտագործէք տարածելու համար հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը: Ապագային ձեր մասնագիտութիւններով ու կենսափորձով նոր որակ ու սլացք պիտի տաք այս պայքարին: Սակայն ամէնէն կարեւորը` պիտի ուխտէք շարունակել ապրիլ հայօրէն, խօսիլ ու երգել հայերէն, պահպանել հայ մշակոյթն ու ժողովուրդին արժէքները, որովհետեւ այս պատգամն է նաեւ, որ ձեզի կը փոխանցէ Հայ ճեմարանը: Հպարտ ըլլանք Ճեմարանի մեր պատկանելիութեամբ ու անոր ներկայացուցած արժէքով: Այս կրթօճախն է, որ տասնեակ տարիներ հայ ժողովուրդին նուիրած է իր ջահը բարձր պահող շրջանաւարտ փաղանգներ: Եւ այսպէս դուք քիչ ետք, վաղը, միւս օր եւ ամէն օր պիտի քալէք յարգելու համար Ցեղասպանութեան զոհերը: Պիտի քալէք ընդդիմանալու համար անոնց, որոնք մեր Դատը կը սեպեն հին ու յոգնած: Պիտի քալէք պահանջելու մեր իրաւունքները, մեր հողերը, Արեւմտահայաստանն ու հայրենիքէն խլուած ամէն թիզ հող: Պիտի քալէք, որպէսզի Արցախը մնայ հայկական, ու արցախցին ապրի իր բնօրրանին մէջ: Պիտի քալէք, որպէսզի «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսը պարզ խօսք ըլլալէ անդին` վերածուի գործի, կռիւի ու պայքարի: Ռուբէն Տէր Մինասեան կ՛ըսէ. «Պայքարէն յոգնածը պիտի մահանայ, պայքարի եռանդով լեցուածն է, որ պիտի ապրի ու պիտի տիրէ»: Պայքարը ձերն է, սիրելինե՛ր, դարձէ՛ք այս պայքարի առաջնորդներն ու ռահվիրաները»:

Ձեռնարկի աւարտին, աւարտական դասարանի աշակերտները երգեցին «Ախպերս ու ես», ապա Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան գնահատեց ձեռնարկը կազմակերպող բոլոր աշակերտները, վերահաստատեց Ճեմարանի պահանջատէր հայ անհատներ կազմաւորելու առաքելութիւնը եւ յայտարարեց քայլարշաւին մեկնարկը:

Աշակերտները քայլարշաւով գացին Անթիլիասի մայրավանք, ուր Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, եկեղեցւոյ մէջ այս առիթով Սարգիս աբեղայ Աբրահամեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, ապա բոլորը միասնաբար աղօթեցին, եւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Ան Որ Արդարութեան Եւ Իրաւունքի Նկատմամբ Հաւատք Չունի, Մարդկային Ըլլալէ Կը Դադրի» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աշակերտները Զմմառու Վանք Այցելեցին
Գաղութային

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աշակերտները Զմմառու Վանք Այցելեցին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?