ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Արագած, ուր հանդիպումներ ունեցաւ թաղեցիներուն հետ` ըլլան անոնք վաճառատուներու սեփականատէրեր թէ բնակիչներ:
Ան հետաքրքրուեցաւ անոնց կարիքներով, լսեց առկայ մտահոգութիւնները, բացատրեց ներկայ փուլի դժուարութիւնները, ՀՅ Դաշնակցութեան գոյացուցած ընտրական դաշինքներուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ եւ քուէներ գնելու երեւոյթին մասին խօսեցաւ:
Այցելութիւններէն ետք երեսփոխան Բագրատունի ուղղուեցաւ «Արագած» ակումբ, որ ողողուած էր հարիւրաւոր լիբանանահայերով եւ մեծաթիւ պատանիներով:
Ժողովուրդին հետ հանդիպումին ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղէն Արլին Թոքաճեան:
Ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած այս հանդիպումին ընթացքին Յ. Բագրատունի ակումբին մէջ հաւաքուած հայորդիներուն յայտնեց, որ լիբանանահայութիւնը միշտ ալ ոտքի մնացած, գոյատեւած եւ իր երթը շարունակած է միասնականութեան շնորհիւ, ժողովուրդ-կուսակցութիւն սերտ կապին շնորհիւ:
Ան նշեց, որ բոլորիս միջոցներով, իրարու օժանդակելով է, որ ոտքի կանգնած ենք, ճիշդ այնպէս, ինչպէս պատերազմի օրերուն, երբ ապաստանարաններուն մէջ իւրաքանչիւրը իր ունեցածը կը բերէր, եւ բոլորով հաւաքաբար հացը կը բաժնեկցէին: Ան դիտել տուաւ, թէ ներկայիս եւս կացութիւնը նոյնն է, բոլորս քով-քովի գալով, միասին ապրելով ու մնալով, ուս-ուսի, թիկունք-թիկունքի կը գոյատեւենք: «Թող փորձեն մուտք գործել ձեր` Արագածի ժողովուրդին մէջ, թող փորձեն գալ եւ գումար առաջարկել ձեզի, իսկ պատասխանը դուք տուէք, նաեւ հարցուցէք, թէ ինչո՞ւ այդ նախաձեռնութիւնը», ըսաւ Բագրատունի` նշելով, որ առաջարկուող մեծագումար ընտրակաշառքը ինքնին պէտք է կասկածի դուռ բանայ, թէ այս գումարներուն կամ օգնութեան տարազին տակ առաջարկուողներուն աղբիւրը այդքան ալ պարզ եւ անմեղ չէ: Նաեւ կայ այն, որ անոնք մեծ կամ փոքր օժանդակութիւն տուած պահուն լուսանկարուելու եւ իրենց կատարածը ցուցադրելու մնայուն ձգտում ունին:
Երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը, մեր ակումբները երկար տարիներէ ի վեր ամէնօրեայ դրութեամբ պարագաներ կ՛ընդունին, հայկական տարբեր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ճամբով կը փորձեն օգտակար ըլլալ, երբեմն կարելիութիւնը կ՛ունենան գոհացնելու, երբեմն` ոչ, սակայն երբեք եւ ոչ մէկ պարագայի շնորհակալութեան արտայայտութիւն կ՛ակնկալեն, եւ կամ կը լուսանկարուին օժանդակութիւն ստացողներուն հետ եւ ընկերային ցանցերու վրայ կը ցուցադրեն իրենց կատարածը:
Ասկէ մեկնած ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ Դաշնակցութեան թեկնածուները այս բոլոր կեղծ քայլերուն դիմելու կարիք չունին, որովհետեւ անոնց տրուող քուէն Դաշնակցութիւնը սիրող ժողովուրդին քուէն է, որովհետեւ ղեկավարներն ու երեսփոխանները անուներ են պարզապէս, անոնց ետին կայ Դաշնակցութեան նկատմամբ սէրն ու յարգանքը, վստահութիւնն ու հաւատքը:
Ան դիտել տուաւ, որ ինք 2005-էն ի վեր Լիբանանի խորհրդարանի անդամ է, լաւապէս իրազեկ է լիբանանեան ներքին ու արտաքին տարբեր խնդիրներէ, 10-15 օտար նախագահներու հետ տեսակցած է, խորհրդարանական ժողովներու մասնակցած է, խորհրդարանի դիւանին մաս կազմած է, բարեկամական 10 յանձնախումբերու անդամ եղած է, ընտրական օրէնքի յանձնախումբի մաս կազմած է 8 տարի, սակայն լիբանանեան կարգ մը թղթածրարներ, որոնց վրայ լուսարձակ կը բացուի այս օրերուն, եւ որոնց լուծումը լիբանանեան մակարդակի վրայ իսկ դիւրին չէ գտնելը, հայ երեսփոխաններուն թիրախն ու մտահոգութիւնը ըլլալով հանդերձ, անոնք հետաքրքրուած եւ մտահոգ են հայութեամբ, եւ կը գործեն այնպէս, որ առաւելագոյնս ծառայեն մեր ժողովուրդին եւ ոչ թէ լիբանանեան տարբեր կուսակցութիւններու կամ շարժումներու:
Երեսփոխան Բագրատունի բացատրեց, որ ընտրական դաշինքներ կը կնքէ Դաշնակցութիւնը, համագործակցութիւններ կը հաստատէ, սակայն ինք ունի իր ինքնուրոյն ուղին, դիմագիծն ու որոշումը, ունի հիմնական մէկ նպատակ` լաւագոյնս ներկայացնել լիբանանահայութիւնը այս երկրի քաղաքական կեանքին մէջ: Ան վերյիշեց Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը, որուն մէջ վեհափառ հայրապետը նշեց, թէ պատահական հայեր պէտք չէ ընտրուին եւ հայութիւնը ներկայացնեն Լիբանանի խորհրդարանին մէջ, թէեւ այս վերջինները, հակառակ իրենց արտայայտութիւններուն, թէ վեհափառը նման կեցուածք պէտք չէ ցուցաբերէ, այս օրերուն կ՛ուզեն այցելել անոր, նկարուիլ հետը եւ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրել այդ նկարները: Բագրատունի դիտել տուաւ, որ բռնազբօսիկ կերպով կատարուած այս փորձերուն դիմաց կայ միւս իրականութիւնը` Դաշնակցութեան պարագան, որուն ներկայացուցիչներն ու անոր հովանիին տակ գործողները ինքնըստինքեան արդէն ներկայութիւն են լիբանանահայութեան կեանքին մէջ, առանց նկարի, աւելորդ ճիգի, անոնք հաւատացեալ են, յաճախ ներկայութիւն են Ս. պատարագներուն, գիտեն հայերէնով «Հայր մեր» աղօթել:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը դիտել տուաւ, որ այս բոլոր յարձակումներուն եւ պառակտում սերմանելու փորձերուն նպատակը լիբանանահայութիւնը տկարացնելն է, ինչ որ կը նշանակէ Լիբանանի հայ համայնքի քաղաքական իրաւունքները խլել, մեր ներկայացուցչութիւնը քանդել, նաեւ Միջին Արեւելքի գաղութներուն հարուած տալ, որովհետեւ երբ մենք Լիբանանի մէջ զօրաւոր ենք, միջինարեւելեան գաղութներն ալ զօրաւոր են, նաեւ` Լիբանանի հայութեան տկարացումով սփիւռքի հայութիւնը կ՛ազդուի:
Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ Դաշնակցութեան ու անոր կողքին կանգնող ժողովուրդին վրայ յարձակում գործողները կը մոռնան, որ աւելի քան երկու տարի է Լիբանանի ապրած տագնապալի վիճակներուն, ՊԷյրութի նաւահանգիստի պայթումին, տնտեսական մեծ տագնապի լոյսին տակ բազում անգամներ երբ կոչ ուղղուեցաւ Դաշնակցութեան սփիւռքահայ կառոյցներուն եւ ուղեկից միութիւններուն, շուտով ընդառաջում կատարուեցաւ, անոնք հասան լիբանանահայութեան նաեւ տեղական առումով, մեր տղաքն ու աղջիկները հասան ժողովուրդին, դեղ եւ ուտելիք հասցուցին, հիւանդները հիւանդանոց փոխադրեցին եւ այլն:
Ան նաեւ յիշեցուց, որ ինք անձամբ ալ, հակառակ ամէն տեսակ հարցերու, միշտ փորձած է գետնի վրայ ըլլալ, Պէյրութի նահաւանգիստի պայթումի վայր այցելած առաջին երեսփոխաններէն եղած է, որուն դիմաց հայերէն առաջ արաբները բացած են դռները եւ ողջունած իր ներկայութիւնը` յայտնելով, որ յստակ է, թէ երեսփոխան Բագրատունի գացած է միայն անոնց կարիքները գիտնալու, ոչ թէ նկարուելու եւ ցուցադրելու ուրիշին ցաւը: Յակոբ Բագրատունի աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը կարեւոր նկատեց Վերականգնումի մարմինին ստեղծումը, որպէսզի հայութեան բոլոր հատուածներով միասին գործէ, հասնի տուժած հայ ընտանիքներուն, առանց ապակիի ու դուռի տուներուն հիմնական նորոգութիւնները հոգայ գոնէ, որպէսզի Պէյրութի հայութիւնը ապահով երդիք ունենայ, նահատակներու ընտանիքներուն նեցուկ ըլլայ, հոգայ ֆիզիքական թէ հոգեկան հարցեր ունեցողներուն, դեղ ու ուտելիք հասցնէ, եւ շարքը երկար է: «Այս բոլորը ըրինք եւ չխօսեցանք, մեր ժողովուրդին մեծ մասն ալ լուր իսկ չունի, բայց այսօր ստիպուած ենք խօսիլ, որպէսզի իրականութիւնները յստակ ըլլան, եւ ապատեղեկատուութեան վերջ տրուի: Նոյնիսկ եթէ ընտրութիւններուն պարտուինք, նոյնը պիտի շարունակենք ընել, որովհետեւ մեր ժողովուրդն է ասիկա, որովհետեւ արիւնը ջուր չ՛ըլլար, եղունքը միսէն չ՛անջատուիր», հաստատեց Բագրատունի: Ան աւելցուց, որ եթէ եղած ցեխարձակումներուն չենք պատասխաներ, չի նշանակեր պատասխան չունինք, եթէ մեր ըրածներուն մասին չենք խօսիր, ըսել չէ ըսելիք չունինք: «Եթէ ես չխօսիմ, դուք կը խօսիք, իսկ եթէ դուք չխօսիք, քարերը կը խօսին», ըսաւ ան:
Իր խօսքը եզրափակելով` երեսփոխան Բագրատունի կոչ ուղղեց սրահը լեցուցած հայորդիներուն` 15 մայիսին իրենց քաղաքացիի, հայու ազգային պարտականութիւնը կատարելու, իրենց հայրերուն, մեծ հայրերուն, մեծ եղբայրներուն աւանդը գետին չձգելու, որովհետեւ Արագածի շրջանի սքանչելի ժողովուրդը կարելի չէ խաբել եւ մոլորեցնել, որովհետեւ անոնք զօրաւոր կամք ունին, ազատ որոշում տալու ունակ են, մտածել գիտեն եւ երբ քուէաթուղթը ընտրական սնտուկին մէջ նետեն, հոն դրուած կ՛ըլլան հայու խիղճը, հոգին, Դաշնակցութեան նկատմամբ հաւատքը: