Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հսկում` Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն

Ապրիլ 26, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Նո՛յն օրով էր, աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ, մութ գիշերով, դարեր շարունակ արնաթաթախ ձեռքեր սկսան հազիւ իր թմբիրէն արթնցած ազգին մէջ լոյս սփռող ընտրանին մէկ առ մէկ առեւանգել: Սակայն այս մէկը միայն սկիզբն էր երկարատեւ դաժան ծրագրի մը, եւ ան ծանր հարուած մը հանդիսացաւ այն ժողովուրդին, որ քշուեցաւ դէպի անապատներ ու անգութօրէն կոտորուեցաւ անոր ճամբուն վրայ` երեխայ եւ ծերունի, կին ու տղամարդ…

Իսկ մնացեալը վերապրեցան…

Վերապրեցան այդ բոլորը տեսնելով:

Այդ բոլորը ապրելով հանդերձ վերապրեցան:

Բայց ուխտեցին: Ուխտեցին, որ որպէս ազգ, ո՛ւր ալ գտնուին ու որքա՛ն ալ ժամանակը թաւալի, այդ ցաւը դարձնել իրենց եւ իրենց յաջորդող սերունդներու կեանքի մէկ մասը: Այդ ցաւը, սակայն, պիտի չմնար սոսկ ողբերգութեան սահմաններուն մէջ, այլ պիտի դառնար պահանջատիրութեան ու պայքարի ոգի ու փոխանցուէր սերունդէ սերունդ:

107 տարիներ ետք, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան` Հայոց ցեղասպանութեան, զոհերուն 6-րդ սերունդի ներկայացուցիչներ ի մի հաւաքուեցան` անգամ մը եւս անմահացնելու իրենց նախնիներու յիշատակը եւ վերանորոգելու իրենց դարաւոր ուխտը:

Համագործակցութեամբ ինը երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու` ԼԵՄ-ի, ԶՈՄ-ի, Տխրունիի, Փորթուգալեանի, ՀՄԸՄ-ի, ՀԲԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի, ՋԱՆԻՑ-ի, ՀԵՀՈՄ-ի եւ ՀԿՀՄ-ի, շաբաթ, 23 ապրիլ 2022-ին, իրիկուան ժամը 8:00-ին Անթիլիասի մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ հսկում` ի յիշատակ ապրիլեան զոհերուն:

Տարազաւոր իրենց ներկայութեամբ եւ սկաուտականի կարգապահութեամբ ՀՄԸՄ-ի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի շեփորախումբերը ձեռնարկին բացումը կատարեցին: ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի շեփորախումբերը նուագեցին Հայաստանի եւ Լիբանանի զոյգ հանրապետութիւններուն քայլերգները. ՀՄՄ-ը շեփորեց «Քուլունա լիլ ուաթան»-ը, իսկ ՀՄԸՄ-ը` «Մեր հայրենիք»-ը, ապա ՀԲԸՄ-ի շեփորախումբը «մահերգ»-ը նուագեց:

«Լիբանանի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններ» գրուած էր այն ծաղկեպսակին վրայ, զոր երիտասարդները զետեղեցին մատրան դիմաց` կազմակերպիչ կողմերուն անունով` «մահերգ»-ի մեղեդիին ժամանակ:

Բացման խօսքը յաջորդաբար հայերէն եւ արաբերէն զոյգ լեզուներով ներկայացուցին Գառնիկ Փանոսեանը, Ռիթա Աստիքեանն ու Մարինէ Շեհիրեանը:

Անոնք իրենց խօսքին մէջ շեշտեցին, որ հայուն վէրքերը այն տեսակի են, որ ժամանակի ընթացքին չեն բուժուիր եւ կը բորբոքին ամէն անգամ, երբ ան տեսնէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պատահած դէպքերը եւ սփիւռքահայութեան սիրտ դարձած երկիրներուն պատերազմներն ու ցաւալի իրավիճակը:

Անոնք իրենց խօսքին մէջ յայտնեցին. «Մենք` ինը երիտասարդական եւ ուսանողներու միութիւններս, հաւաքուած ենք այսօր ու դարձած մէկ բռունցք` ցոյց տալու համար աշխարհին, որ ոչ մէկ բան կրնայ մեր ժողովուրդը պառակտել` ո՛չ օտարութիւնը, ո՛չ ալ քաղաքական ազդեցութիւնները եւ ցոյց տալու համար մեր թշնամիին, որ մենք տակաւին կանք այս աշխարհի երեսին իբրեւ ժողովուրդ եւ ոչ թէ իբրեւ իր փափաքած պատմական առարկան թանգարանին մէջ: Այս տարի Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հռչակած է «Սփիւռքի տարի»` հաւատալով սփիւռքահայութեան ունեցած դերին մեր Դատին արդար լուծման գործընթացին մէջ: Ուստի, իբրեւ սփիւռքահայ երիտասարդներ, մեզմէ ա՛լ աւելիով պահանջուած է տէր կանգնիլ Հայ դատին, քանի որ մենք ենք հիմնական ու ազդեցիկ կապը մեր եւ այլ ժողովուրդներուն միջեւ. մեր պարտականութիւնն է աշխարհի բոլոր ժողովուրդները ճշմարտութեան առաջնորդել:

Մենք  ուսանողներ ենք, արուեստագէտներ ենք, գրագէտ, ուսուցիչ ու եկեղեցականներ. բոլորս ալ կոչուած ենք մեր յատուկ ձիրքերն ու ուժերը ներդնելու ժողովուրդը դէպի ճշմարտութիւն տանելու գործին մէջ: Մտքի աշխատաւորը միշտ պատրաստ պէտք է ըլլայ օգնելու, ուղղելու, մղելու, ներշնչելու, հետաքրքրելու եւ ամէն օր պայքարելու իր հոգւոյն ամբողջ կորովովը ճշմարտութեան յաղթանակին համար: Ան պէտք է կատարէ մեթոտիկ, գիտական ու ծրագրուած աշխատանք:  Պէտք է ունենայ հաւատք` ճշմարտութեան յաղթանակին վրայ»:

Բացման խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն բացումը կատարեց Արազ Էլէյճեան, որ տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Սիամանթոյի «Դարերու վրէժ»-ը:

Հայ մեծ երաժիշտ Կոմիտասի յիշատակը անմահացուցին Առէն, Ալեք եւ Առնօ Տօնէրեանները, որոնք յաջորդաբար նուագեցին անոր «Ամպեր»-ն ու «Քելէ-քելէ»-ն:

Յայտագիրի վերջին բաժինը մեներգ էր` կատարողութեամբ Յովիկ Թաֆրանեանի, որ մեկնաբանեց «Լեռներ հայրենի» եւ «Զոհուածներին» երգերը:

Յայտագրի վերջին բաժինը ջահավառութիւն էր. ինը ներկայացուցիչներ ինը միութիւններէ ինը ջահերով վառեցին խարոյկը` իբրեւ խորհրդանիշ պայքարի շարունակականութեան:

Աւարտին, ներկայ հանրութիւնը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած մատրան մօտ ծաղիկներ զետեղելով:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Յաջորդը

«Զարթնի՛ր Լաօ». Դիմադրութեան Շարժումի Իրազեկման Երթը` Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?