Կիրակի, 25 ապրիլի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին, Պուրճ Համուտի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հաստատուած խաչքարին դիմաց տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ եւ աւանդական ծաղկեպսակի զետեղում:
Սարդարապատ ակումբէն` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` դէպի խաչքար:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին առջեւ:
ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Մարալ Մահսէրէճեան, որ դիտել տուաւ, թէ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ճողոպրած հայորդիները հաստատուեցան մայրիներու երկիր` Լիբանանի մէջ եւ հայու շինարար ոգիով, դժուարին պայմաններու մէջ, ճահճահուտ տարածքները վերածեցին ծաղկանոցի` կառուցելով եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, մշակութային կեդրոններ` թրծելու համար գալիք սերունդները հայրենասիրութեան եւ պահանջատիրութեան ոգիով:
«Ցեղասպանութենէն փրկուած սերունդը ականատես եղաւ հայրենիքի կորուստին եւ ապրեցաւ անոր կարօտով, օտար ափերու վրայ հաստատուելով կառուցեց հզօր սփիւռքը, որուն հայապահպանման եւ պայքարի զարթօնքով տարիներու ընթացքին վերահաստատեց Արցախի անկախութիւնը:
«Մէկ դար առաջ եւ ինչպէս երէկ, ամբողջ աշխարհը աչքերը փակեց, խլացաւ ու համրացաւ, որպէսզի մարդուն կողմէ մարդուն դէմ գործադրուած ահաւոր ոճրագործութեան վկան չդառնայ: Սակայն հայը ոտքի կանգնեցաւ, կազմակերպուեցաւ, գործածեց իր բռունցքը եւ դատարանի առջեւ կանգնեցուց յանցագործները», դիտել տուաւ ան:
Մարալ Մահսէրէճեան յայտնեց, որ հայութեան դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը տակաւին չէ դադրած, թուրքին ստորագրութիւնը կրող ոճիրները կը շարունակուին, իսկ ասոր փաստն ու վառ օրինակը արցախեան 44-օրեայ պատերազմն է:
«Ներկայ ժամանակաշրջանը մեզմէ կ՛ենթադրէ յաւելեալ պատասխանատուութիւն, մանաւանդ որ մենք կը դիմագրաւենք օրէ օր ծաւալող մարտահրաւէրներ, հայրենիքի լինելիութեան սպառնալիքներ, որովհետեւ Թուրքիան կը փորձէ իրականացնել իր դարերու երազանքը` համաթուրանականութիւնը, ոչխարի դիմակին տակ թաքցնելով իր գազանային խառնուածքն ու էութիւնը: Հայրենասիրութիւն, հայապահպանում եւ պահանջատիրութիւն պարտաւոր ենք սերմանել մեր երիտասարդներուն ոգիներուն մէջ, որովհետեւ անոնք կը հանդիսանան մեր բոլորին անյետաձգելի առաքելութիւնը: Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը պէտք է պայքարին միասնական ոգիով, իբրեւ մէկ բռունցք, մերժելով թրքական նախապայմանները , կասեցնելու համար թրքական նորանոր ախորժակները», եզրափակեց ան:
Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց Սարգիս Պուտաքեան, որ դիտել տուաւ, թէ Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղադրուած խաչքարերը ո՛չ միայն նուիրուած են մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին, այլ նաեւ անոնք խորհրդանիշը կը հանդիսանան հայութեան պահանջատիրութեան, ինքնութեան եւ երախտագիտութեան: «Խաչքարը ինքնութեան փաստ մըն է մեր մշակոյթին եւ արուեստի համաշխարհային հպարտութիւն է: Բայց խաչքարը նաեւ մեր պատմութիւնն է, որ մեզի հետ տարագիր դարձաւ եւ Արեւմտահայաստանէն ժողովուրդին հետ հաստատուեցաւ, կանգնեցաւ տարբեր երկիրներու մէջ` իբրեւ խորհրդանիշ կազմակերպուելու, վերականգնելու, յիշելու եւ պահանջելու», դիտել տուաւ Պուտաքեան: Ան աւելցուց, որ այդ պատճառով ալ հայութեան դարաւոր թշնամիները կը շարունակեն խաչքարերու կործանումը` նպատակ ունենալով ջնջել հայկական մշակութային հետքերը:
Սարգիս Պուտաքեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի մէջ կանգնած խաչքարին գտնուած վայրի իւրայատկութեան, որովհետեւ «Պուրճ Համուտը Հայոց ցեղասպանութենէն ետք մեր վերակազմակերպման, մեր պահանջատիրութեան խորհրդանիշ կեդրոն քաղաքն է: Պուրճ Համուտէն է, որ ծնունդ առին այլ համայնքներ, կազմակերպութիւններ, որոնք այլ երկիրներու մէջ, աշխարհի չորս ծագերուն ապահովեցին մեր իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը»:
Ան նաեւ յայտնեց, որ խաչքարը յուշարար է այն իրականութեան, որ տասնամեակներ շարունակ իրերայաջորդ սերունդներ քար առ քար կերտեցին Պուրճ Համուտը, իսկ այսօր մենք պարտաւոր ենք շարունակել անոնց գործը` շարունակելով սփիւռքին եւ հայրենիքին Հայ դատի գործիչներ հայթայթել: Ս. Պուտաքեան շեշտեց, որ մենք պէտք է շարունակենք մեր հայրերէն մեզի փոխանցուած կտակին տէրը ըլլալ եւ պահպանել հայկական արժէքները, կառչած մնալ անոնց եւ ծառայել ազգին ու հայրենիքին:
Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ նշեց, թէ յատկանշական վայրի մէջ տեղադրուած այս խաչքարը զուտ խաչքար մը չէ, այլ կոթող մըն է` մեր ժողովուրդը մնայուն կերպով խթանող յուշ, մեր միտքերը եւ սրտերը մնայուն կերպով արթուն պահող կոթող մը, որ երկու առաքելութիւն ունի. «Միշտ յիշել, որ թուրքը ոճիր գործած է հայ ժողովուրդին դէմ, միշտ յիշել, որ մեր թշնամի թուրքը եւ Թուրքիան կարելի չէ զանազանել, իսկ այդպէս կարծողը ինքզինք կը խաբէ, գալիք սերունդները կը խաբէ եւ նուազագոյնը երախտամոռ է եւ ապերախտ իր մեծ հայրերուն, մեծ մայրերուն, նախնիներուն նկատմամբ որոնք զոհ գացին ծրագրուած, կանխամտածուած, գործադրուած Ցեղասպանութեան մը, որուն հեղինակը առաջին հերթին թուրքն է ի՛նքը` օսմանցի ըլլայ անիկա, թէ այլ խառնուրդ ժողովուրդներու ժառանգ, թէ անոր ժառանգորդը` իթթիհատական, քեմալական կամ այսօրուան իշխանաւորները»:
Բագրատունի դիտել տուաւ, որ «Աբրահամ Աշճեան» պողոտային վրայ զետեղուած այս խաչքարին երկրորդ առաքելութիւնն է յիշեցնել, որ մեր ժողովուրդի փրկութիւնը անպայմանօրէն բռունցքով է` միացած այս խաչին, տարբեր պայմաններու մէջ եւ տարբեր ժամանակներու` անցեալին թէ այսօր` Արցախի մէջ: Երրորդ պատգամը խաչքարին այն է, որ մեր պայքարը դադար չունի եւ չի կրնար ունենալ, իսկ ատոր մէջ Պուրճ Համուտի բնակիչները, որոնց նախնիները եկած են իրենց պապենական քաղաքներէն եւ հոս նոյն քաղաքներուն անունով նորեր հիմնած են, եւ որոնք կը կրեն նահատակներուն արիւնը, վերապրողներուն կտակը, միտքն ու սիրտը, պարտաւոր են Պուրճ Համուտը պահել իբրեւ լիբանանահայութեան բաբախող սիրտը, մեր դատի հետապնդման գլխաւոր ամրոցը, այն դաշոյնը, որ տեւաբար ցաւ եւ վէրք պիտի պատճառէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի: Ան շեշտեց, որ ի զուր են Հայ դատէն հրաժարելու յորդորները, որովհետեւ ատիկա կրնայ կատարուիլ միայն այն ատեն, երբ մենք կը վերադառնանք մեր ազատագրուած հողերը, մեր հայրենիքը, երբ բոլորս միահամուռ կերպով ըսենք, որ ընդունելի չէ հայ-թրքական բարեկամական-անձնատուական որեւէ համաձայնագիր:
«Պուրճ Համուտը կը դադրի ըլլալէ ամրոց այն օրը միայն, երբ Արցախը վերստին կ՛ազատագրուի, այն օրը միայն, երբ Հայաստանի թրքացման քաղաքականութիւնը կը դադրի, երբ Հայաստանի թրքամէտ իշխանութիւնները տուն կ՛երթան, որովհետեւ ոչ ոք, ոչ մէկ քաղաքական դէմք կամ ուժ իրաւունք ունի մեզմէ խլելու ազատ, հպարտ, անկախ եւ մեր հողին վրայ ապրելու իրաւունքը», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի` շեշտելով, որ այդ հողերուն տէրերը մենք ենք ու մենք պիտի մնանք, շատ մեծ զոհողութիւններ կատարուեցան եւ պայքարներ մղուեցան այդ բոլորին համար, ուստի պայքարէն հրաժարելու իրաւունք չունի ոեւէ մէկը:
Երեսփոխան Բագրատունի կոչ ուղղեց` վերանայելու մեր առօրեայ մտածելակերպին, վերարժեւորելու մեր մտածողութիւնը, վերընձիւղուելու իբրեւ հայ, իբրեւ տեւաբար պոռթկացող հայ, պուրճհամուտցի հայ, որ գիտէ ոչ ըսել բոլոր տեսակի թշնամիներուն` ներքին թէ արտաքին: Ան աւելցուց, որ մեզի թշնամի են բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն հարուածել մեր հայեցիութիւնը, հայկականութիւնը, մեզ օտարացնել, մեր ընտիր արեան ջուր եւ քացախ խառնել, մեզ հեռացնել հայութենէն: Բագրատունի վստահութիւն յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի մէջ, լիբանանահայութեան շարքերուն մէջ չկան հայեր, որոնք հայութենէն պիտի հեռանան, իսկ ատիկա կ՛ըլլայ միայն, երբ հայերը ընտրեն նահատակութեան ուղին` լոկ ֆիզիքապէս հեռանալով, սակայն իրենց ոգին, սիրտն ու միտքը կը սաւառնին` աւելիով պողպատացնելով ու ամրացնելով մեր սիրտը, միտքն ու ոգին:
Քրիսթին Սրապոնեան ասմունքեց «Քարերէն աւելի կարծր հաւատքը», ապա Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եւ հոգեւոր հայրերը աղօթեցին` Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայորդիներուն յիշատակին: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:


