Կիրակի, 24 ապրիլի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին հովանաւորութեամբ, «Ազատամարտ» ակումբէն ընթացք առաւ քայլարշաւ մը` դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշարձան: ՀՄԸՄ¬ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական բոլոր խումբերը եւ շրջանէն հայորդիներ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, հասան պատրիարքարան, ուր գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին շուրջ զետեղեցին ծաղկեպսակներ` Դաշնակցութեան, ԼՕԽ-ին եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ:
Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան դիմաւորեց քայլարշաւին մասնակիցները, իսկ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան իր խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները, յատկապէս` նոր սերունդի ներկայացուցիչները, որոնց աչքերուն մէջ տակաւին կայ պահանջատէրի կայծը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 25-ամեակին առիթով պատրիարքարանի շրջափակին մէջ կանգնեցուած այդ յուշակոթողին շուրջ համախմբուելով` լիբանանահայութիւնը կը հաստատէ, որ ամեակներ կրնան անցնիլ, սակայն իր Դատին եւ նահատակներուն կտակին հայուն կառչածութիւնը կը մնայ ամուր, դէպի փայլուն ապագայ անոր կորովը կը մնայ անսասան:
Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան ապա անդրադարձաւ այն կառոյցներուն` ՀՅԴ, ՀՄԸՄ եւ ԼՕԽ, որոնց անունով ծաղկեպսակներ զետեղուեցան, դրուատեց անոնց տարած երկարամեայ արդիւնաւէտ եւ օգտաշատ գործունէութիւնը, շեշտեց, որ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ անոնք անձնուէր զոհողութեամբ գործած են, սերունդներու կազմաւորման մէջ` իրենց ներդրումը ունեցած: Ան դիտել տուաւ, որ ծաղկեպսակները խորքին մէջ դափնեպսակներ են` նահատակներուն գլուխներուն զետեղուած, որովհետեւ անոնք մէկական իշխաններ են, որոնց նկատմամբ յարգանքը կը միացնէ համայն հայութիւնը:
Իր խօսքի վերջին բաժինով Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան շեշտեց, որ ծածանող եռագոյնը բարձր մնալու համար կարիք ունի բոլորիս զոհողութեան, աշխատանքին, վճռականութեան, որպէսզի անիկա միշտ հպարտութեամբ փողփողէ:
Նշենք, որ նոյն օրը ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատուն եւ Դաշնակցութեան ընտանիքին կողմէ ծաղկեպսակ զետեղեց հոն գտնուող Ապրիլեան յուշակոթողին առջեւ: