Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քայլարշաւ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրէն Անթիլիասի Մայրավանք

Ապրիլ 26, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղին, մարզական խումբերուն, անոր շեփորախումբին ու սկաուտական կազմին, ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» պատանեկան միութեան, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու  եւ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի, ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն շաբաթ, 23 ապրիլի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ շրջանի ժողովուրդին քայլարշաւը Մզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք` վերանորոգելու համար պահանջատիրութեան ուխտը:

Քայլարշաւին մասնակիցները ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ հասան մայրավանք, ուր քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ծաղկեպսակներ զետեղուեցաւ Նահատակաց յուշամատրան առջեւ: Ապա ՀՄԸՄ Անթիլիասի խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի խմբապետներէն Արմէն Եղիայեան, որ յայտնեց. «Ցեղասպան թուրքը չյաջողեցաւ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը չբնաջնջուեցաւ, որովհետեւ հայ ընտանիքներ կազմուեցան, եւ հայը պահեց իր լեզուն, իր կրօնը, իր մշակոյթը եւ իր աւանդութիւնները: Այսօր, Հայոց ցեղասպանութենէն 107 տարիներ ետք, կրկին կը խոնարհինք մեր նահատակներուն յիշատակին առջեւ, կը խոնարհինք նաեւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի մեր նահատակներուն առջեւ եւ միասնաբար կը վերանորոգենք ՀՄԸՄ-ական սկաուտական մեր խոստումը` հաւատարիմ մնալու եւ ծառայելու մեր ազգին ու հայրենիքին»:

«Մենք երբեք պիտի չմոռնանք մեր նախահայրերուն տառապանքն ու չարչարանքները: Մենք եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակենք յիշել, յիշեցնել, պահանջել, մինչեւ հայութեան ամբողջական իրաւունքներու ամբողջական իրականացումը», եզրափակեց ան:

ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ յայտնեց, թէ թէեւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տեղի կ՛ունենայ տարին մէկ անգամ, սակայն իւրաքանչիւր հայու տուն ունի Ցեղասպանութեան առնչուած պատմութիւն մը, որ պէտք է սերունդէ-սերունդ մասունքի մը նման փոխանցուի, որովհետեւ անոր մէջ կայ վերապրելու պատգամ մը, ինչ որ ամէնօրեայ ջանք ու պայքար կ՛ենթադրէ:

«Թուրքիան Արեւմտեան Հայաստանը իր բնիկ ժողովուրդէն` հայերէն դատարկելէ եւ մեր հազարամեայ պատմամշակութային կոթողները քանդելով մշակութային ցեղասպանութիւն գործելէ ետք, այսօր հայկական պատմական տարածքներէն Արցախի մէջ եւս ձեռնարկած է նոյն աշխատանքին: Մինչ ոմանք «խաղաղութեան դարաշրջան»-ի հաստատման ջատագովումը կը կատարեն` թուրք-ազրպէյճանական առանցքը ձեռնարկած է «թրքական դարաշրջան»-ի իրագործման: Այլ խօսքով` Ցեղասպանութիւնը պատմութեան գիրքերուն մէջ արձանագրուած  դէպք մը չէ, այլ շարունակուող հակահայ քաղաքականութիւն մը, եւ մենք եթէ կ՛ուզենք վերապրիլ եւ գոյատեւել, պէտք է մեզմէ հեռու վանենք անձնատուական ամէն երեւոյթ,  ամէն զգացում եւ զինուինք դիմակայման ոգիով ու պայքարի կամքով», ըսաւ Էմմիեան:

«Այո՛, լիբանանահայութիւնը դժուար օրեր կը դիմագրաւէ, բեռը ծանր է, իսկ պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ փորձողները` շատ, սակայն լիբանանահայութիւնը Ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժառանգորդն է, վերապրումը մեր ծիներուն մէջ է, եւ մենք քաջ գիտենք մեր ուժի աղբիւրները` անոնք մեր սրբադասուած նահատակներն են, գաղութներ կերտած ոտաբոպիկ որբերը, իրենց աղքատի լումայով մեր եկեղեցիներն ու դպրոցները շինած մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, եւ վերջապէս` Եռաբլուրի մէջ հանգչող մեր քաջարի երիտասարդները: Առօրեայ հոգերը զանոնք չշեղեցին հայ ժողովուրդի ընդհանուր շահերուն հետապնդումէն: Անոնք գիտակցեցան, որ վերապրումի բանալին «ես»-ին մէջ չէ,  այլ` «մենք»-ին, հաւաքական արժէքներուն, յանուն արդարութեան,  յանուն վերապրումին ու զարգացման հաւաքական աշխատանքին ու պայքարին մէջ:

«Այսօր մենք պէտք է դուրս գանք ամէնամեայ ուխտը նորոգելու ձեւականութենէն եւ ամէնօրեայ պայքարով ու աշխատանքով այդ ուխտին կեանք ու շունչ պարգեւենք: Որովհետեւ խօսքը առանց գործի մեռեալ է», եզրափակեց ան:

Ոգեկոչման ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

Նախորդը

Ապրիլեան Եղեռնի 107-ամեակի Հսկում` Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէն Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային Գերեզմանատան Մէջ Կանգնեցուած Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին Ծաղկեպսակ Զետեղեց

RelatedPosts

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը
Գաղութային

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?