Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը

April 26, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով շաբաթ, 23 ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հայկ Թապագեան ու անդամներ Սիլվա Սաղըրեան եւ Սոնա Պօղոսեան, Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու Խմբապետական կազմը, մասնաճիւղերու վարչութիւններու ու սկաուտական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային սկաուտական շեփորախումբը, մասնաճիւղերուն խմբապետական կազմերը, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամներ համախմբուեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ, ուր կատարուեցաւ մէկուկէս միլիոն սրբադասուած Ս. նահատակներուն յիշատակին նուիրուած նախատօնակը:

Ապա ներկաները լուռ երթով ուղղուեցան դէպի յուշակոթող ու ծաղկեպսակներ զետեղեցին Եղեռնի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ` առ ի յարգանք նահատակներու անթառամ յիշատակին:

Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան ուղղեց իր պատգամը, ապա ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու խօսքը ներկայացուց  Արեւիկ Գազանճեան, իսկ Շրջանային սկաուտական խորհուրդի եւ խմբապետութեան անունով խօսք առաւ Շրջանային խմբապետուհի Լոռի Պիլալեան:

«Յառաջ Նահատակ» քայլերգի եւ «Կիլիկեա» մաղթերգի երգեցողութենէն ետք, ներկաները մոմեր զետեղեցին ու վերանորոգեցին իրենց ուխտը` միշտ վառ պահելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը եւ հաւատարիմ մնալու նահատակներու կտակին:

Կիրակի, 24 ապրիլ 2022-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու շեփորախումբը, ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու սկաուտները, Սկաուտական խորհուրդի եւ վարչութիւններու ներկայացուցիչներ մասնակցեցան քայլարշաւին Պուրճ Համուտէն Անթիլիասի մայրավանք, ներկայ գտնուեցան Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման Ս. պատարագին` Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով ալ ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ Անթիլիաս մայրավանքի Հայոց ցեղասպանութեան մատրան առջեւ:

Նախորդը

Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչում` Պուրճ Համուտի Մէջ Գտնուող Խաչքարին Առջեւ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.