Երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2022-ին, ընդառաջելով Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հրաւէրին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ դեսպանին տան մէջ կազմակերպուած իֆթարին: Հրաւէրին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի համայնքներու հոգեւոր պետերը, Ծոցի երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը ունենալու Լիբանանը յուզող հարցերուն շուրջ: