Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլեան Եղեռնի 107-ամեակի Հսկում` Այնճարի Մէջ

April 26, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին շաբաթ, 23 ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան եղեռնի 107-ամեակի հսկում:

Հսկումին առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի «Հետուիկ» սրահին մէջ:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումով, ապա ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին խօսքը արտասանեց Քարոլ Քենտիրճեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս դժուարին օրերուն, երբ թշնամին տակաւին կը շարունակէ իր ուրացման քաղաքականութիւնը, եւ աւելի՛ն` ամէն օր կը սպառնայ մեր հայրենիքի խաղաղութեան եւ ազգի գոյութեան, մենք` հայ երիտասարդներս, ամէն տեղ եւ ամէն վայրկեան պատրաստ պէտք է ըլլանք մեր բռունցքները բարձրացնելու եւ ճակատելու հայութեան շահերը խափանող բոլոր տեսակի ոտնձգութիւններուն դէմ: Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց, որ մեր նպատակը մէկ է` աննահանջ պայքար մինչեւ յաղթանակ, մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:

Այնուհետեւ, ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան պատանիները ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը` «Սփիւռքի ստեղծումը» նիւթով:

Օրուան բանախօսն էր Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան: Ան ըսաւ, որ ազգը իր պատմութիւնը կը կերտէ եւ անդուլ պայքարով միայն կը ձեւակերպէ իր ինքնութիւնը` քաղաքակրթական յարափոփոխ քարտէսի վրայ, կը մարմնաւորէ ինքնիր տարերգը` իրագործումներու բուռն բաբախումով եւ յաջորդականութեամբ: «Յարգելի է այն ազգը, որուն մատեանները հարուստ են փառապանծ ստեղծագործութեամբ ու անսպառ արժէքներով: Դալար է այն դաշտը, երբ իր փխրուն հողին ընդերքէն ծլարձակող խայծերը արեգակնային ճաճանչներ կ’արձակեն, ինչպէս ծառին ընդերքը կը յուշէ արմատացող խոյակներուն անդուլ աշխատանքը», նշեց ան: Իր խօսքը շարունակելով` բանախօսը շեշտեց. «Այսպէս է հայ ժողովուրդը` խելայեղօրէն կառչած իր հաւատքին, գրիչին ու բարձունքի լուսաշող ժայռերուն` միտքի ու կամքի երկնակամարով բոցավառելու երկունքի շաւիղները, պղտոր ջուրերուն մէջ օրհասական պայքար մղելու` յաղթանակի առագաստը մի՛շտ պարզած պահելու վճռակամութեամբ»: Անցեալի իրադարձութիւններուն վերաքաղը կատարելէ ետք, Քիւրքճեան-Թաշճեան իր խօսքը աւարտելով ըսաւ. «Պատմաքաղաքական այս հաւաքական յիշողութեամբ զինուած` դիմադրութիւնը անխուսափելի է, եթէ կ’ուզենք տէր մնալ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին, մեր ինքնիշխանութեան, մեր հանրապետութեան եւ մեր գոյերթին: Դիմադրութիւնը միայն պահանջատիրութեամբ կը կենսագործուի. պահանջատիրութի՛ւն` հայ ժողովուրդի բնօրրանի բոլոր տարածքներուն վրայ ինքնորոշուելու, պետութիւն ունենալու, անկախ եւ ինքնիշխան ապրելու.Դիմադրութի՛ւն` պահանջատիրութեա՛մբ հայ ժողովուրդէն բռնախլուածը չզիջելու ամէ՛ն գնով, իրաւունք վերականգնելու անտեղիտալի՛ մարտնչումով եւ արդարութեան հասնելու խոյանքով: Ջահերը վա՛ռ պահանջատիրութեամբ միացէ՛ք դիմադրութեան…»:

Ապա ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ  Մարիա Աբէլեան ներկայացուց «Վեր կաց եղբայր իմ» երգը: ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան կենդանի պատկերը շարունակուեցաւ «Դէպի երկիր» պատգամով: Ապա Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի պարախումբը «Կարօտ» պարը ներկայացուց, որմէ ետք Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանէն Էլիսսա Պագգալեան եւ Սոֆի Գալուստեան ասմունքեցին Գէորգ Էմինի «Մենք» բանաստեղծութիւնը:

Հսկումի պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան կենդանի պատկերով, որուն պատգամն էր` «Միասնակամութիւն»:

Հսկումը շարունակուեցաւ քայլարշաւով:  Հոծ բազմութիւնը, առաջնորդութեամբ շեփորախումբին եւ ԼԵՄ-ական ու պատանի ջահակիրներուն, նախ ուղղուեցաւ դէպի Այնճարի պատմական բերդի պողոտան, ուր ներկաները ականատես եղան կրակով ներկայացուած «Դէպի հայրենիք»-ը պատգամին, որմէ ետք «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տուն. հոն եւս կրակով ներկայացուած էր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի արծիւն ու ՀՅԴ զինանշանը:

Այնուհետեւ ներկաները  ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան յուշահամալիր, ուր ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան ծաղկեպսակ զետեղեց Մուսա լերան նահատակներու յուշարձանին դիմաց : Հսկումը աւարտեցաւ գիւղի հոգեւոր հայրերուն պահպանիչով:

Ապրիլեան Եղեռնի 107-ամեակի Հսկում` Այնճարի Մէջ
Ապրիլեան Եղեռնի 107-ամեակի Հսկում` Այնճարի Մէջ
Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը

Յաջորդը

Քայլարշաւ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրէն Անթիլիասի Մայրավանք

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.