Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 107-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 107-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

Մուսա Լերան հերոսամարտի 107-ամեակին առիթով կիրակի, 18 սեպտեմբերին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» երգչախումբին: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ այն պատմական նուիրական առիթներուն, որոնց պատճառով ժողովուրդը համախմբուած է Այնճարի մէջ: Առաջինը Քրիստոսի խաչափայտին ազատագրութեան պատմութիւնն է, որ տեղի ունեցած է 7-րդ...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 107-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 83-Ամեակի Նախաձեռնութիւններ

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 107-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 83-Ամեակի Նախաձեռնութիւններ

Շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2022-ին, Մուսա Լեռ-Այնճարի Ազգային գերեզմանատան մէջ Հայաստանէն Այնճար հասաւ հսկայ խաչքար մը` կայք հաստատելով Այնճարի հիմնադրութեան տարիներուն (1939-1941) մահացած մուսալեռցի գաղթականներու (1000-1200 հոգի) հաւաքական դամբարանին վրայ: Այսպիսով դաժան պայմաններուն (մալարիա, թիֆոյիտ, փորհարութիւն, անօթութիւն, սարսափելի պաղ...) զոհ գացած Այնճարի հիմնադիր սերունդը ունեցաւ իր յուշարձանը` շնորհիւ հայրենիքի մէջ ապրող մուսալեռցի Արամ Ֆրէնկեանին, որուն նուէրն էր այս խաչքարը (ներողամիտ թող...

Նախարար Մուրթատա Ծանօթացաւ Համազգայինի Գործունէութեան

Նախարար Մուրթատա Ծանօթացաւ Համազգայինի Գործունէութեան

16 սեպտեմբեր 2022-ին մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա Սանայիի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ լիազօրուած արուեստագէտ Գէորգ Քէշիշեանը: Հանդիպումի ընթացքին նախարարը ծանօթացաւ միութեան գործունէութեան` երաժշտութեան, կերպարուեստի, պարարուեստի եւ թատրոնի մարզերուն: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ քննարկելու մշակոյթի նախարարութեան հետ գործակցութեան կարելիութիւնները: Նախարարը գնահատեց միութեան գործունէութիւնը եւ առաջարկեց կազմակերպել հայկական մշակոյթին նուիրուած հանդիսութիւն մը:

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Հոգեհանգստեան Կարգ` Ազրպէյճանական Բանակին Կատարած Յարձակումներուն Հետեւանքով Նահատակուած Հայոց Բանակի Զինուորներու Հոգիներուն Համար

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Հոգեհանգստեան Կարգ` Ազրպէյճանական Բանակին Կատարած Յարձակումներուն Հետեւանքով Նահատակուած Հայոց Բանակի Զինուորներու Հոգիներուն Համար

Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ին, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումներուն հետեւանքով հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած եւ իրենց կեանքը զոհաբերած հայոց բանակի քաջարի զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան` ընկերակցութեամբ դեսպանատան անձնակազմին: Ինչպէս...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 107-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 83-Ամեակի Տօնակատարութեան Այնճարի Հայութիւնը Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Հայոց Բանակին

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 107-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 83-Ամեակի Տօնակատարութեան Այնճարի Հայութիւնը Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Հայոց Բանակին

Մուսա լերան հերոսամարտի 107-ամեակին եւ Մուսա լեռ - Այնճարի հիմնադրութեան 83-ամեակին առիթով կազմակերպուած եւ քանի մը օրուան վրայ երկարած ոգեկոչման ձեռնարկներուն հիմնականը հանդիսացաւ  ժողովրդային տօնախմբութիւնը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2022-ի  երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի մէջ: ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիրի կից, ուր կայացաւ ձեռնարկը: Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ժամը 8:30-ին, ՀՄԸՄ Այնճարի...

Հազարաւոր Լիբանանահայեր Ազրպէյճանի Դէմ Իրենց Ցասումը Յայտնեցին Բողոքի Ցոյցով Մը. Բագրատունի. «Ասիկա Սփիւռքի Մէջ Առաջին Քայլն Է Այն Համաժողովրդային Դիմադրութեան, Որ Կը Սկսի Վերատիրանալու Համար Մեր Բռնագրաւեալ Հողերուն»

Հազարաւոր Լիբանանահայեր Ազրպէյճանի Դէմ Իրենց Ցասումը Յայտնեցին Բողոքի Ցոյցով Մը. Բագրատունի. «Ասիկա Սփիւռքի Մէջ Առաջին Քայլն Է Այն Համաժողովրդային Դիմադրութեան, Որ Կը Սկսի Վերատիրանալու Համար Մեր Բռնագրաւեալ Հողերուն»

Բագրատունի. «Ասիկա Սփիւռքի Մէջ Առաջին Քայլն Է Այն Համաժողովրդային Դիմադրութեան, Որ Կը Սկսի Վերատիրանալու Համար Մեր Բռնագրաւեալ Հողերուն» Այվազեան. «Կը Շրջափակենք Ահաբեկչական Պետութեան Այս Որջը` Աշխարհին Ցոյց Տալու Համար Անոր Գործած Ոճիրները» Երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին հազարաւոր լիբանանահայեր բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց` դատապարտելով Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի գործած յարձակումը, թշնամական արարքներն ու խաղաղ բնակչութիւնը ռմբակոծելու անոր արարքները: Պուրճ...

Կիպրոսի Նախագահին Ներկայացուցիչը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիպրոսի Նախագահին Ներկայացուցիչը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը երէկ այս առաւօտ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Կիպրոսի նախագահի ներկայացուցիչ Ֆոդիս Ֆոդիուն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքոսին: Ներկայացուցիչը վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Կիպրոսի նախագահին եւ կառավարութեան բարեմաղթութիւնները: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Կիպրոսի հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներկայ ընկերային-տնտեսական ու քաղաքական կացութեան: Վեհափառ հայրապետը, ողջունելով պետութեան ներկայացուցիչին այցելութիւնը, յիշեցուց, որ Կիպրոսի հայ համայնքը միշտ եղած...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը «Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոսութիւնը Պատմութեան Քառուղիներում. Սիսից Մինչեւ Անթիլիաս,  1914-1939» Գիտաժողովին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը «Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոսութիւնը Պատմութեան Քառուղիներում. Սիսից Մինչեւ Անթիլիաս, 1914-1939» Գիտաժողովին

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի պատմագիութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքին, երկօրեայ գիտաժողով տեղի ունեցաւ յիշեալ համալսարանին մէջ, 8-9 սեպտեմբեր 2022-ին: 8 սեպտեմբերին` գիտաժողովի պաշտօնական բացումին, համալսարանի նախագահ Սրբուհի Գէորգեան կարեւոր նկատեց գիտաժողովի իրականացումը ներկայ պայմաններուն մէջ: Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը արտասանեց Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան, իսկ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը կարդաց «Կիլիկիա»...

«Մայյաս» Պարախումբը`  «Ամերիքազ Կաթ Թելընթ»-ի Մրցանակակիր

«Մայյաս» Պարախումբը` «Ամերիքազ Կաթ Թելընթ»-ի Մրցանակակիր

Միացեալ Նահանգներու «Ամերիքազ կաթ թելընթ» տաղանդներու մրցաշարքին մասնակցած լիբանանեան «Մայյաս» պարախումբը արձանագրեց մեծ յաջողութիւն մը, երբ դարձաւ այդ մրցաշարքին մրցանակակիրը: «Ամերիքազ կաթ թելընթ»-ի տարբեր փուլերուն մասնակցած եւ պարային տարբեր բեմադրութիւններով հանդէս եկած ու աշխարհին հմայք պատճառած «Մայյաս»-ը ուրախութեան եւ հպարտութեան աղբիւր մը եղաւ նաեւ իր առօրեայ հոգերուն եւ ցաւերուն մէջ խեղդուած ու արիւն լացող լիբանանցիին համար: «Մայյաս» լիբանանեան պարախումբը շաբաթներէ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ Երկիրներուն Կոչ Ուղղեց Դատապարտելու Ազրպէյճանի Յարձակումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի կացութեան քննարկումէն առաջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Պրազիլի, Մեքսիքայի, Նորվեկիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իրլանտայի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Կապոնի ընդհանուր հիւպատոսին, Կանայի եւ Քենիոյ պատուոյ հիւպատոսներուն յղեց նամակներ, որոնց մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` «Պարզ ու յստակ կերպով դատապարտելու...

«Հրամայական Է Ձեռնարկել Համազգային-Համաժողովրդական Դիմադրութեան»  Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Հրամայական Է Ձեռնարկել Համազգային-Համաժողովրդական Դիմադրութեան» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Համասփիւռքեան Կառոյցներու Ներկայացուցչական Հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, չորեքշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2022-ի գիշերը տեղի ունեցաւ խորհրդակցական նիստ, որուն մասնակցեցան համասփիւռքեան-համահայկական գործունէութիւն ունեցող եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Նիստին միակ օրակարգն էր Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին պատճառով ստեղծուած կացութեան քննարկումը եւ սփիւռքի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն ուղենիշներ ճշդելը: Խորհրդակցական...

ԶՈՄ-ի ԵՒ ԼԵՄ-ի Պատուիրակութիւն Մը Բողոքագիր Մը Յանձնեց Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ներկայացուցչութեան

ԶՈՄ-ի ԵՒ ԼԵՄ-ի Պատուիրակութիւն Մը Բողոքագիր Մը Յանձնեց Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ներկայացուցչութեան

Չորեքշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2022-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ Լիբանանի երիտասարդական միութեան անդամներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան գրասենեակ եւ գրաւոր նամակ մը յանձնեց` Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններուն դէմ: Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի ուղղուած նամակը ունէր հետեւեալ բովանդակութիւնը: «13 սեպտեմբերի կէս գիշերէն ետք Ազրպէյճանի բանակին կողմէ Հայաստանի գերիշխանական...

Արխիւային Բացառիկ Աշխատասիրական  Հրատարակութիւն

Արխիւային Բացառիկ Աշխատասիրական Հրատարակութիւն

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան այցելուներէն էր Մխիթարեան միաբանութենէն հայր Վահան Օհանեան, որ տնօրէնութեան հետ տեսակցութեան ընթացքին «Ազդակ»-ին յանձնեց Երեւանի մէջ Մխիթարեան հրատարակչատունէն լոյս տեսած հայր Ղեւոնդ Ալիշանի եռահատոր նամականին: Հատորներու այս շարքը ներառած է նամակագրութեան հսկայական արխիւ. այնտեղ առանձին ծաւալուն ցանկով ներկայացուած է նամակներու եւ այդ նամակներուն հետ կապուած ծանօթագրութիւններու մէջ յիշուող ընդարձակ մատենագիտութիւն: Արխիւային բացառիկ այս հրատարակչական շարքը, որ աշխատասիրած է...

Համահայկական Ու Համաժողովրդային Դիմադրութիւն Ազրպէյճանի Բարբարոսութիւններուն Դէմ

Համահայկական Ու Համաժողովրդային Դիմադրութիւն Ազրպէյճանի Բարբարոսութիւններուն Դէմ

Այո՛, հայոց բանակին կողքին համահայկական ու համաժողովրդային դիմադրութիւն ցեղապաշտ, արիւնարբու ու յարձակողապաշտ Ազրպէյճանի դէմ: Փաստօրէն այլ ճանապարհ չկայ՝ Երբ 4-օրեայ ու 44-օրեայ պատերազմներով ու ապա շարունակուող յարձակումներով Ազրպէյճան կը փորձէ ինքնիշխան ու խաղաղ ապրելու մեր ժողովուրդին իրաւունքը խլել: Երբ անտեսելով միջազգային օրէնքը, թէ՛ պատերազմի եւ թէ՛ զինադադարի շրջանին, կը փորձէ դիմել անմարդկային ու անարգ միջոցներու: Երբ արհամարհելով քաղաքական բանակցութիւնները, կը...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղեց Զսպելու Ազրպէյճանական Բռնատիրութիւնը Եւ Տէր Կանգնելու Միջազգային Օրէնքին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի բանակին կողմէ Հայաստանի գերիշխանական տարածքին դէմ 13 սեպտեմբերին շղթայազերծուած յարձակումին: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դատապարտեց §Հայաստանի գերիշխանական հողերուն դէմ թուրք-ազրպէյճանական անարդարանալի յարձակումը, որ ցոյց կու տայ խաղաղութեան ու կայունութեան նկատմամբ նախանձախնդրութեան մասին անոնց պնդումներուն կեղծ ըլլալը, եւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ’ուղղէ զսպելու ազրպէյճանական բռնատիրութիւնը...

Վերացման Ս. Խաչի Տօնի Նշում` Անթիլիասի Մայրավանքին Եւ Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

Վերացման Ս. Խաչի Տօնի Նշում` Անթիլիասի Մայրավանքին Եւ Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, 14 սեպտեմբերի մերձակայ կիրակին կը նշուի Վերացման Ս. Խաչի տօնը: Տաղաւար տօներուն վերջինը հանդիսացող Վերացման Ս. Խաչի տօնը խաչին նուիրուած ամէնէն իմաստալից ու նշանակալից տօներէն մէկն է: Պատմական իրողութիւնները կը յայտնեն, թէ Վերացման Ս. Խաչի տօնին սկզբնաւորութիւնը կը հասնի մինչեւ քրիստոնէութեան առաջին դար, երբ Յակոբոս Տեառնեղբայր Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտին նմանութեան քառաթեւ խաչ մը կը բարձրացնէ Գողգոթա...

Խաչվերացի Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Խաչվերացի Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Խաչվերացի տօնին առիթով, կիրակի, 11 սեպտեմբերին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ Քրիստոս կը խրատէր իր աշակերտները` անոնց յիշեցնելով, որ կեանքի պայմաններուն մէջ վերիվայրումներ կան, եւ անպայմանօրէն այդքան հեշտութեամբ մենք չենք կրնար հետեւիլ մեր իղձերուն, մեր իտէալներուն, մեր հաւատքի ձգտումներուն: Շարունակելով իր...

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Այս առաւօտ՝ Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) Կեդրոնական Վարչութեան: Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց անցնող շրջանին իր կատարած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները: Կեդրոնական Վարչութեան անդամները Նորին Ս. Օծութեան յանձնեցին համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու առիթով պատրաստուած յուշանուէրը: Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց, Կեդրոնական Վարչութեան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Կը Շնորհաւորէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահ Ընտրութիւնը

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընտրուեցաւ Ե.Հ.Խ.ի նախագահ՝ ներկայացնելով Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները եւ Միջին Արեւելքը։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորութիւններ ստացաւ ազգային եւ օտար շրջանակներէ՝ գրաւոր թէ հեռաձայնով։ Ստորեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի շնորհաւորական գիրը՝ ուղղուած Նորին Ս. Օծութեան.- Վեհափառ Տեր, Արցախի ժողովրդի, իշխանությունների և անձամբ իմ անունից ի խորոց սրտի շնորհավորում...

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ Համաժողովը Յատուկ Յայտարարութեամբ Կ՚անդրադառնայ Արցախի Տագնապին

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ Համաժողովը Յատուկ Յայտարարութեամբ Կ՚անդրադառնայ Արցախի Տագնապին

Այս օրերուն Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը միջազգային տագնապներու մասին իր կատարած հրապարակային յայտարարութիւններու շրջագծէն ներս, յատուկ կերպով նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հարցին։ Յայտնենք, որ միջազգային տագնապներու անդրադառնալու կոչուած յանձնախումբի զեկուցաբերը՝ դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, որ անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ քաղաքական գիտութեանց ու միջազգային օրէնքի դասախօս՝ Լիբանանեան Համալսարանէն ներս, յիշեալ...

Page 105 of 365 1 … 104 105 106 … 365

Արխիւներ