16 սեպտեմբեր 2022-ին մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա Սանայիի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ լիազօրուած արուեստագէտ Գէորգ Քէշիշեանը: Հանդիպումի ընթացքին նախարարը ծանօթացաւ միութեան գործունէութեան` երաժշտութեան, կերպարուեստի, պարարուեստի եւ թատրոնի մարզերուն:
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ քննարկելու մշակոյթի նախարարութեան հետ գործակցութեան կարելիութիւնները:
Նախարարը գնահատեց միութեան գործունէութիւնը եւ առաջարկեց կազմակերպել հայկական մշակոյթին նուիրուած հանդիսութիւն մը: