Շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2022-ին, Մուսա Լեռ-Այնճարի Ազգային գերեզմանատան մէջ Հայաստանէն Այնճար հասաւ հսկայ խաչքար մը` կայք հաստատելով Այնճարի հիմնադրութեան տարիներուն (1939-1941) մահացած մուսալեռցի գաղթականներու (1000-1200 հոգի) հաւաքական դամբարանին վրայ:
Այսպիսով դաժան պայմաններուն (մալարիա, թիֆոյիտ, փորհարութիւն, անօթութիւն, սարսափելի պաղ…) զոհ գացած Այնճարի հիմնադիր սերունդը ունեցաւ իր յուշարձանը` շնորհիւ հայրենիքի մէջ ապրող մուսալեռցի Արամ Ֆրէնկեանին, որուն նուէրն էր այս խաչքարը (ներողամիտ թող ըլլայ Արամը, որ անունը յիշեցինք, որովհետեւ ինք չէր փափաքեր, որ անունը յիշատակուի եւ չընդունեց, որ խաչքարի յատակին իր անունը փորագրուի):
Խաչքարը գործն է հայրենի քանդակագործ Արամ Պապայեանին: Ան կրկնօրինակն է Գոշավանքի բակին մէջ գտնուող վարպետ Պօղոսի խաչքարին (1291 թ.): Խաչքարը պատրաստուած է Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ տարածքին մէջ` Վազգէն քհնյ. Յովհաննէսեանի հսկողութեամբ, հայկական տուֆ քարով:
Խաչքարը Այնճար հասաւ օժանդակութեամբ երեւանաբնակ այնճարցիներ տէր եւ տիկին Հրակ եւ Լալէ Թասլաքեաններուն եւ տեղադրուեցաւ գեղեցիկ պատուանդանի մը վրայ` շնորհիւ հետեւողական աշխատանքին Յակոբ Գառնէշեանին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ քանի մը կամաւոր այնճարցիներու:
Յատուկ ձեռնարկով մը խաչքարը օրհնուեցաւ հոգեւորականներու աղօթքով` առաջնորդութեամբ Պեքաայի հայոց հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանին, ներկայութեան Այնճարի քաղաքապետին, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչին, համայնքային եւ միութենական մարմիններուն ու մուսալեռցիներու:
Հրաշալի խաչքար մը, որ իր արժանի տեղը զետեղուեցաւ, առանց մոռնալու մեր հայրենիքի սահմաններուն վրայ հերոսաբար ինկած մեր վերջին նահատակները:
Վարձքը կատար այս ծրագիրը յաջողցնող բոլոր հայրենակիցներուն:
– Շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի եւ «Այնճար արթ կալըրի»-ի գործակցութեամբ ու կազմակերպութեամբ, Այնճարի «Դալար անկիւն» հանրային տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ մտայղացքային արուեստի (conceptual art) ներկայացում, որուն կը մասնակցէին արուեստագէտներ Նանոր Հաճեան, Կարինէ Շաննագեան, Կարպիս Քենտիրճեան եւ Գօգօ Կարապետ Սագայեան:
Վրձինով, ներկով ու պաստառով եւ զանազան տարբեր միջոցներով ու «լեզուներով» արուեստագէտները ներկաներուն փոխանցեցին իրենց արուեստի պատգամը, որուն մէջ կար կեանքի փիլիսոփայութիւն, լաւն ու վատը, արուեստն ու մեր ազգին ցաւը:
– Հինգշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի կազմակերպած երիտասարդ նկարիչներու գործերու ցուցահանդէսը, որուն մասնակցեցան Ալիք Աշգարեան, Փաթիլ Թասլաքեան, Լոռի Գառնէշեան, Լիսա Յովսէփեան , Լոռի Պագգալեան, Քրիստել Սապունճեան, Սարիա Սգայեան, Մարիա Քէօֆթէեան, Մարկօ Զէյթունեան, Շաղիկ Պէրպէրեան, Բալիկ Գարայեան, Յասմիկ Այնթապլեան, Ռուպի Պետրոսեան, Սեւատա Անտոնեան, Վարանդ Մեթլեան եւ Պարոյր Ղուկասեան:
Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց օրուան բանախօս, ծագումով այնճարցի` քանատահայ արուեստագէտ Յակոբ Ճամպազեան:
Բացման խօսքը արտասանեց արուեստագէտ Գօգօ Կարապետ, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց Յակոբ Ճամպազեանի կեանքն ու գործը: Ապա Յ. Ճամպազեան բարձր գնահատեց «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին գործը, շնորհաւորեց երիտասարդ նկարիչներն ու նկարչուհիները` մաղթելով անոնց փայլուն ապագայ, թելադրելով, որ չընկրկին դժուարութիւններու դիմաց, որովհետեւ հարթ չէ արուեստի ճանապարհը:
Բանախօսը եւ Համազգայինի վարչութիւնը փոխանակեցին յուշանուէրներ, ապա ներկաները դիտեցին, ըմբոշխնեցին ու գնահատեցին ցուցադրուած գեղանկարները:
17 սեպտեմբերին Այնճարի մէջ կ.ե. ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 12:00 տեղի ունեցաւ «Մեր շուկան 4» միօրեայ նախաձեռնութիւնը:
«Մեր շուկան 4»-ին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին անհատներ: Ս. Պօղոս եկեղեցի տանող մայր պողոտային վրայ զետեղուած սեղաններուն վրայ ցուցադրուած էին` զարդեղէններ, արուեստի գործեր, ձեռային աշխատանքներ, հայկական գորգեր, պայուսակներ, ճաշատեսակներ, կարկանդակներ, անուշեղէններ, խաղալիքներ, յուշանուէրներ եւ այլն:
Խուռներամ ժողովուրդին կողքին, «Մեր շուկան» այցելեցին` ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Փուչիկեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան:





