Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հրամայական Է Ձեռնարկել Համազգային-Համաժողովրդական Դիմադրութեան» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 15, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համասփիւռքեան Կառոյցներու Ներկայացուցչական Հանդիպում
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, չորեքշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2022-ի գիշերը տեղի ունեցաւ խորհրդակցական նիստ, որուն մասնակցեցան համասփիւռքեան-համահայկական գործունէութիւն ունեցող եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Նիստին միակ օրակարգն էր Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին պատճառով ստեղծուած կացութեան քննարկումը եւ սփիւռքի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն ուղենիշներ ճշդելը:

Խորհրդակցական հանդիպման բացման նիստին կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան ընթերցեց վեհափառ հայրապետին հրապարակած կոչը` Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակման առիթով:

Վեհափառ հայրապետի նախաձեռնութիւնը ողջունեցին հայ կաթողիկէ համայնքապետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը եւ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վերապատուելին, երեք կուսակցութիւններու եւ միութիւններու համասփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչները` շեշտելով նման ձեւաչափով խորհրդակցութիւններու անհրաժեշտութիւնը: Անոնք ընդգծեցին նման պայմաններու մէջ հարցերը միասնականօրէն քննարկելու եւ համակարգուած աշխատելու կարեւորութիւնը:

Նիստի ընթացքին ներկայացուեցան զեկուցումներ ռմբակոծուող տարածքներուն, թշնամիին կողմէ թիրախ դարձած աշխարհագրական գօտիին, հայոց բանակի դիմադրութեան, միջազգային արձագանգումին եւ ռազմական գործողութիւններով Ազրպէյճանի հետապնդած նպատակներուն մասին:

Քննարկելէ ետք ստեղծուած իրավիճակին պատերազմական, քաղաքական եւ դիւանագիտական ուղղութիւնները, նիստը հաստատեց.

Ա) Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներուն դէմ Ազրպէյճանի նախաձեռնած լայնածաւալ յարձակումը  մէկ օղակն է Պաքուի յարձակողապաշտութեան: Ազրպէյճանը այս ձեւով պատերազմը արցախեան տարածքներէն կը տեղափոխէ դէպի հայաստանեան տարածքներ` խախտելով միջազգային օրէնքներն ու  Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը:

Բ) Ձեռնարկելով զինուորական գործողութիւններու, Պաքուն կը մերժէ խաղաղ բանակցութիւններով հարցերը լուծելու ընտրանքը եւ կը տապալէ բանակցային գործընթացը:

Գ) Այս պայմաններուն մէջ մեզի կը մնայ ձեռնարկել համաժողովրդային պայքարի` ընդդէմ ազրպէյճանական յարձակումներուն: Համաժողովրդային պայքարը պիտի ներառէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններն ու սփիւռքը:

Դ) Մեր հայրենիքի դիմագրաւած այս վտանգաւոր իրադարձութիւններուն դիմաց խիստ հրամայական կը դառնայ համազգային միասնականութիւնը: Մեր բոլո՛ր` եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կառոյցները իրենց առաջնահերթ օրակարգին պէտք է վերածեն մեր հայրենիքի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումն ու մեր սահմաններուն անսասանելիութիւնը:

Ե) Ամբողջական զօրակցութիւն յայտնել թշնամիին ներթափանցումներուն դէմ մաքառող հայ բանակին եւ քննել գործնապէս հայկական զինեալ ուժերուն սատար կանգնելու կարելիութիւնները:

Զ) Մեր միասնական ու համակարգուած աշխատանքը, անկոտրում կամքը եւ հայկական աշխարհի մէջ ծաւալելիք համազգային դիմադրութիւնը կրնայ դէմ դնել թշնամիին եւ ձախողցնել մեր հայրենիքին սպառնացող անոր ծրագիրները:

Է) Մեր աշխարհատարած կառոյցները ցուցական, քաղաքական, քարոզչական եւ դիւանագիտական ուղղութիւններով պարտին լծուիլ համազգային եւ համաժողովրդային դիմադրութեան` փրկելու համար մեր հայրենիքը:

Ը) Վեհափառ հայրապետին թելադրանքներէն մղուած կազմել համասփիւռքեան-համահայկական կառոյցներու ներկայացուցիչները համախմբող միացեալ խորհուրդ` հակաճգնաժամային ծրագիրներ մշակելու եւ միասնական համազգային աշխատանքներ իրականացնելու համար:

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Համահայկական Նոր Վերազարթօնք Ու Արցախեան Նոր Շարժումը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ Երկիրներուն Կոչ Ուղղեց Դատապարտելու Ազրպէյճանի Յարձակումը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը

September 22, 2026
«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը  Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան  Աւագ Պարտաւորութիւնն Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

September 21, 2026
Խմբագրական.  Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.