Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաչվերացի Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Սեպտեմբեր 13, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խաչվերացի տօնին առիթով, կիրակի, 11 սեպտեմբերին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ Քրիստոս կը խրատէր իր աշակերտները` անոնց յիշեցնելով, որ կեանքի պայմաններուն մէջ վերիվայրումներ կան, եւ անպայմանօրէն այդքան հեշտութեամբ մենք չենք կրնար հետեւիլ մեր իղձերուն, մեր իտէալներուն, մեր հաւատքի ձգտումներուն:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը յատնեց, որ մեր առօրեային ընթացքին շարունակաբար ենթակայ ենք մեղքի, գայթակղութեանց եւ առհասարակ բարիի եւ չարի պայքարին մէջ քիչեր կը յաջողին հաւատքով դուրս գալ կեանքէն եկող դժուարութիւններէն ու խնդիրներէն եւ մնալ հաւատարիմ իրենց հաւատքին մէջ եւ շարունակել իրենց առօրեան ապրիլ` համաձայն Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած ցուցմունքներուն եւ ուղղութեանց:

Անդրադառնալով նուիրական Խաչվերացի տօնին` սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ անիկա 7-րդ դարուն պատահած պատմական դէպքի մը յիշատակումն է, որուն եկեղեցին կ՛ընծայէ մեծ կարեւորութիւն, որովհետեւ խաչը քրիստոնէութեան խորհրդանիշն է եւ այս մէկը եղաւ Քրիստոսի զոհաբերութեան գերագոյն արարքով, այլապէս խաչը աւազակներուն համար վերապահուած կախաղան էր: Հետեւաբար խաչը եղաւ քրիստոնէութեան խորհրդանիշ եւ փրկութեան միջոց բոլոր անոնց համար, որոնք կը հաւատան տիրոջ զոհաբերութեան արարքին: Սրբազան հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց 612 թուականին պատահած դէպքին, որ առնչուած էր Քրիստոսի խաչափայտին:

Իր խօսքին մէջ առաջնորդ սրբազանը պատգամեց. «Խաչվերացը տօնն է անոնց, որոնք այս կեանքէն անդին առանց կասկածի կրնան տեսնել ուրիշ կեանքի մը ներկայութիւնը եւ անոր հասնելու ձգտումով կրնան զոհել այս աշխարհի բարիքները` հասնելու համար գերագոյն բարիքին», աւելցնելով, որ Խաչվերացը, նաեւ տօնն է անոնց, որոնք կեանքին կրնան նայիլ Քրիստոսի աչքերով եւ ընկերութեան մէջ իրենց վերաբերող պարտականութիւնները կը նշմարեն, անոնց համար կը զոհաբերեն, որպէսզի երկինքէն ստանան այն պարգեւները, զորս Աստուած ուխտով կը խոստանայ տալ մեզի: Ան նկատել տուաւ, որ կեանքի մէջ խաչ կրնան բարձրացնել բոլոր անոնք, որոնք կը գիտակցին, թէ Աստուծոյ կոչումով կ՛ապրին իրենց երկրաւոր կեանքի շնորհքը եւ ըսաւ, որ քրիստոնեայ մարդը պէտք է գիտակցի, թէ աշխարհին մէջ ինք միասին պէտք է քալէ Աստուծոյ հետ, ոչ առանձին, որպէսզի երկրաւոր կեանքի պայմաններուն մէջ չգայթակղի, որովհետեւ դժուար է ներկայ կեանքի մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման առանց գիտակից հաւատքի հետեւիլ մեր տիրոջ կեանքի օրինակին: «Խաչվերացի տօնին առիթով մեր եկեղեցին կու գայ մեզ խրատել եւ խրախուսել` թելադրելով, որ հաւատանք, թէ Քրիստոս եղած է այստեղ` աշխարհէն ներս, մեզի հետ եւ հաւատանք, որ ան կը շարունակէ քաջութեամբ նայիլ եւ քալել մեզի հետ` կիսելով մեր տագնապներն ու դժուարութիւնները, որպէսզի փոթորկալի պայմաններուն մէջ մեր նաւը չխրուի, այլ մենք հասնինք ապահով ափունք», եզրափակեց Շահէ արք. Փանոսեան:

Նախորդը

Սփիւռքի Դպրոց, Ծնողք, Պատասխանատուներ, Պետական Ծրագիր Եւ Համաշխարհայնացում

Յաջորդը

Վերացման Ս. Խաչի Տօնի Նշում` Անթիլիասի Մայրավանքին Եւ Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

RelatedPosts

Աւելի Քան 1100 Հանդիսատեսներու Ներկայութեամբ.  «Գայեանէ» Պարի Դպրոցի 200 Աշակերտներու Հաշուետու Ելոյթ
Գաղութային

Աւելի Քան 1100 Հանդիսատեսներու Ներկայութեամբ. «Գայեանէ» Պարի Դպրոցի 200 Աշակերտներու Հաշուետու Ելոյթ

Նոյեմբեր 19, 2025
Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ` Նահատակ  Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առիթով
Գաղութային

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ` Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առիթով

Նոյեմբեր 17, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի  Կեդրոնական Կոմիտէի  Հայրենակցական Միութիւններու Յանձնախումբին  Համահայրենակցական Միութիւններու  Խորհրդակցական Հանդիպում
Գաղութային

Համահայրենակցական Միութիւններու Խորհրդակցական Հանդիպում

Նոյեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?