Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» Մանկապատանեկան Երգչախումբը Նշեց Իր 5-րդ Տարեդարձը
Շաբաթ, 3 սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ներկայութեան, կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը նշեց իր հիմնադրութեան 5-րդ տարեդարձը: Հանդիսութեան ներկայ էին` երգչախումբի խմբավար Զաւէն վրդ. Նաճարեան, վարչութեան անդամները, խնամակալութիւնն ու երգչախումբի անդամներուն ծնողները: Հանդիսութեան սկիզբը երգչախումբի անդամներէն երկու պատանիներ արտասանեցին բացման խօսք, խօսեցան երգչախումբի առաքելութեան նպատակին եւ վեհափառին օրհնութեամբ հինգ տարիներու ընթացքին ձեռք բերուած յաջողութիւններուն...



















