Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ Երկիրներուն Կոչ Ուղղեց Դատապարտելու Ազրպէյճանի Յարձակումը

September 15, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի կացութեան քննարկումէն առաջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Պրազիլի, Մեքսիքայի, Նորվեկիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իրլանտայի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Կապոնի ընդհանուր հիւպատոսին, Կանայի եւ Քենիոյ պատուոյ հիւպատոսներուն յղեց նամակներ, որոնց մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց`

«Պարզ ու յստակ կերպով դատապարտելու Հայաստանի գերիշխան տարածքին վրայ թուրք-ազրպէյճանական անարդարանալի յարձակումը, որ յստակօրէն ցոյց կու տայ խաղաղութեան ու կայունութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի յանձնառութեան պնդումներուն կեղծութիւնը: Նշանակալից է, որ այս յարձակումները այսպէս կոչուած «վիճելի տարածքներ»-ու վրայ չէին, այլ գերիշխան, ՄԱԿ-ի անդամ երկրի մը վրայ: Իրողութիւն մը, որ շատ բան կ՛ըսէ Ազրպէյճանի բնոյթին ու մտադրութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերուն դիմագրաւած գոյութենական վտանգը:

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղենք` զսպելու Ազրպէյճանի բռնատիրութիւնը, պահանջելու պատերազմական գերիներու ապահով ու արագ տունդարձը, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը` այդպիսով տէր կանգնելով միջազգային օրէնքին»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նաեւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուին յղեց նամակ մը` գնահատելով ու ողջունելով Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Ազրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումին դատապարտումը եւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ իրերը իրենց անունով կոչելու քայլը:

 

Նախորդը

«Հրամայական Է Ձեռնարկել Համազգային-Համաժողովրդական Դիմադրութեան» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.