Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը «Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոսութիւնը Պատմութեան Քառուղիներում. Սիսից Մինչեւ Անթիլիաս, 1914-1939» Գիտաժողովին

September 17, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի պատմագիութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքին, երկօրեայ գիտաժողով տեղի ունեցաւ յիշեալ համալսարանին մէջ, 8-9 սեպտեմբեր 2022-ին:

8 սեպտեմբերին` գիտաժողովի պաշտօնական բացումին, համալսարանի նախագահ Սրբուհի Գէորգեան կարեւոր նկատեց գիտաժողովի իրականացումը ներկայ պայմաններուն մէջ: Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը արտասանեց Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան, իսկ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը կարդաց «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Շահան արք. Սարգիսեան: Արամ Ա. կը հրաւիրէր մասնակիցները առարկայական եւ համապարփակ մօտեցումով ուսումնասիրելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առանցքային դերակատարութիւնը մեր պատմութեան ամենավճռորոշ տարիներուն, յատկապէս` Ա. Համաշխարհային պատերազմին, Հայոց ցեղասպանութեան եւ յաջորդող շրջաններուն:

Առաջին նիստին առաջին զեկոյցը ներկայացուց Շահան արք. եւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան` արխիւներու ընդմէջէն:

Իր տեսակին մէջ առաջինը եղող սոյն գիտաժողովին կարդացուեցան, վերընթերցուեցան եւ քննարկուեցան 30 զեկոյցներ` Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկոսութեան տարբեր ժամանակներուն եւ երեսներուն վերաբերող հետաքրքրական նիւթերով:

Յայտնենք, որ գիտաժողովը, փաստօրէն, առաջին հանգրուանն է յաջորդող նմանօրինակ համախմբումներու:

Նախորդը

Ապառաժ Մուսա Լեռ

Յաջորդը

Կիպրոսի Նախագահին Ներկայացուցիչը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.