Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերացման Ս. Խաչի Տօնի Նշում` Անթիլիասի Մայրավանքին Եւ Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

September 13, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, 14 սեպտեմբերի մերձակայ կիրակին կը նշուի Վերացման Ս. Խաչի տօնը: Տաղաւար տօներուն վերջինը հանդիսացող Վերացման Ս. Խաչի տօնը խաչին նուիրուած ամէնէն իմաստալից ու նշանակալից տօներէն մէկն է: Պատմական իրողութիւնները կը յայտնեն, թէ Վերացման Ս. Խաչի տօնին սկզբնաւորութիւնը կը հասնի մինչեւ քրիստոնէութեան առաջին դար, երբ Յակոբոս Տեառնեղբայր Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտին նմանութեան քառաթեւ խաչ մը կը բարձրացնէ Գողգոթա լերան վրայ: Հուսկ, խաչին ու Խաչեալին նկատմամբ հաւատացեալներուն ու եկեղեցւոյ տածած անհուն սէրն ու յարգանքը պատճառ կը դառնան, որ Տեառնեղբօր խաչ բարձրացնելը նուիրագործուի, յիշատակուի եւ մեծ շուքով տօնախմբուի: Առ այդ, Վերացման Ս. Խաչի տօնը կը սահմանուի 335 թուականին: Հետագային այս տօնին կը կապակցուի 7-րդ դարուն տեղի ունեցած խաչի գերեվարման եւ ազատագրման դէպքը:

Հայ եկեղեցին, Խաչի տօնին ոչ միայն կը զարդարուի երկնաբոյր ռեհաններով, այլ նաեւ իր պաշտամունքը կը զարդարէ ու կը ճոխացնէ անդաստան կատարելով` յատուկ շարականներով ու աղօթքներով:

Այս բոլորին հետեւելով, կիրակի, 11 սեպտեմբեր 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ պատարագ եւ յաւուր պատշաճի հոգեւոր խորհրդածութիւններ կատարուեցան: Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին Շնորհք Ծ. վրդ. Աշըգեան խաչին նշանակութիւնը ընդհանուր գիծերով ներկայացնելէ ետք, ընդգծեց. «Խաչը կամուրջն է մարդ ու Աստուած եւ մարդ ու մարդ սիրոյ յարաբերութեան: Խաչը կատարելագործումն է այն բոլոր արժէքներուն, զորս օրէնքն ու օրինապաշտութիւնը, բարոյականութիւնն ու մարդկային ջանքերը չկարողացան իրագործել: Հետեւաբար, իւրաքանչիւր հաւատացեալ այս մօտեցումով պէտք է նայի խաչին, ապրի խաչը եւ ընթանայ խաչի ճանապարհէն»: Իսկ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ Զաւէն վրդ. Նաճարեան նախ ներկայացուց տօնին դրուագը, ապա յայտնեց. «Խաչը զօրութիւնն է մարդ անհատին: Մեր կեանքի ընթացքին մեր դիմաց բացուած ճանապարհներուն ընդմէջէն պէտք է մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի նման, ընտրենք խաչի ճանապարհը եւ քալենք Գողգոթային խորհուրդով: Կեանքը իր դժուարութիւններով եւ մոլորեցուցիչ երեւոյթներով կը փորձէ գրաւել մեր ուշադրութիւնը, սակայն հաւատարիմ հաւատացեալը իր հայեացքը միշտ կը սեւեռէ Խաչի խորհուրդին ու Խաչեալի օրինակին»:

Ս. պատարագի աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` ընդառաջելով Cilicia TV-ի փափաքին, Ս. Խաչի տօնին խորհուրդն ու պատգամը բովանդակող հայրական իր խօսքը փոխանցեց` ըսելով. «Խաչը սոսկ քրիստոնէական կրօնքը բնորոշող նշան չէ, այլ քրիստոնէական կեանքը յատկանշող խորհուրդ է, որ իր մէջ կը պարփակէ Աստուծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած եւ իր կեանքով թարգմանած արժէքները: Խաչը սիրոյ, հաւատարմութեան ու նուիրումի ճանապարհ է. հարկ է քալել այս ճամբէն: Խաչը կեանքի որակ է, ուր կը ճառագայթեն Աստուածաշունչի ուսուցումները ու ճշմարտութիւնները. հարկ է ապրիլ այս կեանքը: Խաչը մեր եկեղեցւոյ շարականին բառերով հզօր զէնք է ու ամուր վահան. հարկ է այս զէնքով պայքարիլ ու վահանով պաշտպանուիլ մեզ շրջապատող տեսանելի ու անտեսանելի թշնամիներէն»:

Նախորդը

Խաչվերացի Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.