Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 107-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

Սեպտեմբեր 20, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մուսա Լերան հերոսամարտի 107-ամեակին առիթով կիրակի, 18 սեպտեմբերին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» երգչախումբին: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ այն պատմական նուիրական առիթներուն, որոնց պատճառով ժողովուրդը համախմբուած է Այնճարի մէջ: Առաջինը Քրիստոսի խաչափայտին ազատագրութեան պատմութիւնն է, որ տեղի ունեցած է 7-րդ դարուն, եւ այս մասին պատմութիւնը կ՛արձանագրէ, որ 614 թուականին, Պարսկաստանը պարտութեան մատնելով բիւզանդացիները, կը յաջողի գրաւել Երուսաղէմը ու զայն աւերելէ ետք Տիզպոն կը տանի  Քրիստոսի խաչը: Այդ ժամանակ վստահաբար անարգուած է քրիստոնեայ աշխարհը, եւ առաւելաբար նուաստացած` Բիւզանդիոնը, որ ոչ միայն չէր կրցած պաշտպանել իր սահմանները, այլ նաեւ չէր կրցած տէր կանգնիլ իր հոգատարութեան ենթակայ Երուսաղէմին ու պաշտպանել այնտեղ գտնուող նուիրական սրբութիւնները, սակայն 628-ին բիւզանդացիք, պարտութեան մատնելէ ետք Պարսկաստանը, կը յաջողին ազատագրել Քրիստոսի խաչափայտը ու զայն վերադարձնել Երուսաղէմ, եւ այդ ժամանակուան հզօրագոյն դէմքը` Հերակլ կայսր, անձամբ կ՛առաջնորդէ դէպի Երուսաղէմ խաչի վերադարձին թափօրը եւ ի մխիթարութիւն քրիստոնեայ աշխարհին` ան նաեւ իր ձեռքերով խաչը կը բարձրացնէ եւ կը զետեղէ  Ս. Յարութեան տաճարին մէջ:

Երկրորդ պատմական առիթը, զոր կը նշենք, Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Օսմանեան բանակին դէմ Մուսա Լերան բարձունքներուն մղուած քառասնօրեայ հերոսամարտին յիշատակն է, զոր  միշտ ալ նշած ենք ազգային զգայնութեամբ ու կրօնական ապրումներով եւ այդ առիթը առնչած` Խաչվերացի տօնին, որպէսզի խաչի մտածումներով դիտենք մեր նախնիներուն քաջագործութեան արարքը եւ անդրադառնանք, որ իմացեալ մահը, կամ նահատակութեան հզօր արարքը նոյնինքն Քրիստոսի խաչելութեան պատկերին գեղեցիկ ու հարազատ օրինակն է:

«Նուիրական այս զոյգ առիթները այսօր մեզ կը հրաւիրեն անդրադառնալու, թէ ուժ եւ քաջութիւն պէտք են, որպէսզի աշխարհէն ներս մենք կարենանք մեր կեանքը վարել քրիստոնէական առաքինութիւններով, այլապէս, առանց ճիգի եւ պայքարի, մենք սահմանուած ենք աշնան տերեւներու նման թափուելու գետին եւ հովերէն ցան ու ցրիւ ըլլալու, շեշտեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ կեանքէն ներս խաչ բարձրացնել` կը նշանակէ հոգեկան ճիգով դիմագրաւել աշխարհի հարցերն ու տագնապները, Աստուծոյ հետ միասին պատերազմիլ չարին դէմ եւ այդպիսով յաղթական մնալ, նաեւ կը նշանակէ Յիսուսի չափանիշներով նայիլ կեանքին եւ այնտեղ Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած պարտականութիւնները նշմարել ու քաջութեամբ զոհաբերել մեր նմանին ալ համար, որպէսզի աշխարհէն ներս սիրոյ, համերաշխութեան ու խաղաղութեան պայքարը շահուի, ու աստուածային շնորհքներով ողողուի մեր ընկերութեան կեանքը:

«Խաչով մեր Տէրը կը հռչակէ, թէ ո՛վ որ ուրիշներու փրկութեան համար ինքզինք  կը կորսնցնէ, մոմի պէս հալելով հանդերձ, իբրեւ անմար լոյս, իր շրջապատէն ներս յաւիտենապէս Աստուծոյ զօրութիւնն ու գեղեցկութիւնները կը ճառագայթէ: Մուսա Լերան հերոսամարտը հրաշագործումն է այդ հաւատքին: Արդարեւ, նահատակութիւնը հոգիին մահը խափանելու համար ցուցաբերուած արի կեցուածք է:  Այդ պատճառով է, որ խաչը դրօշն է եղած նաեւ հայրենի հողին եւ հայրենական արժէքներու պաշտպանութեան համար զէնք բարձրացնող հայ կտրիճին, հաստատեց սրբազան հայրը` դիտել տալով, որ Մուսա Լերան հերոսամարտի յիշատակը մեզի կը յիշեցնէ, թէ հասնելու համար մեր ազգի դարաւոր տենչերուն ու երազներուն պարտաւոր ենք Աստուծոյ օժանդակութեամբ եւ մեր նահատակներով շարունակելու մեր պատմութեան երթն ու պարտաւոր ենք ապաւինելու մեր ներքին արժէքներուն, մեր հաւատքին, կամքին, մեր գիտակցութեան, մեր ցեղային պարկեշտ ոգիին ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն անձնազոհ նուիրումի կեցուածքներուն:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդը ըսաւ, որ այս օրը փառքի տօն է անկասկած, սակայն միաժամանակ առիթ է մեր ներկայով մտահոգուելու ու ապագայով տագնապելու, որովհետեւ պէտք է խոստովանինք, որ  սկսած է փոքրանալ մեր ազգային իտէալը, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներէն ոմանք սկսած են խուսափիլ յաւելեալ ճիգէ ու դարձած թերահաւատ` նոյնինքն իրենց սեփական ուժին ու կարողութիւններուն նկատմամբ: Ան նկատել տուաւ, որ Արցախի ու Հայաստանի վերջին անցուդարձերուն պատճառով մեր ազգային տենչերուն ու երազներուն վրայ նոր գիշեր մըն ալ իջաւ եւ մշուշի մէջ թաղեց մեր վաղուան յոյսերը, որոնք մեր երազներէն ու տենչերէն ծնելով, այսօր պէտք էր պայծառօրէն շողային ու ճառագայթէին մեր ազգի կեանքէն ներս:

Հետեւաբար, մասնաւորաբար մեր օրերուն, մեր ապրած ընկերային եւ տնտեսական պայմաններուն եւ քաղաքական անցուդարձերուն մէջ, մեր հաւաքականութեան բարոյական ու հոգեւոր վիճակը պաշտպանելու բաղձանքով, սրբազան հայրը կոչ ուղղեց զգուշ ըլլալու, որպէսզի մեր ժողովուրդը Աստուծմէ չհեռանայ, չկտրուի նախորդ սերունդներուն ծով զոհողութիւններով կերտուած աւանդէն եւ չկորսնցնէ անցեալի յիշողութիւնը, որ մեր ամբողջ պատմութիւնն է, որուն դիմաց պարբերաբար պէտք է ինքնաքննութեան նստինք եւ անով նորոգուինք: Սրբազանը ըսաւ, թէ ի՛նչ ալ ըլլան մեր կեանքի պայմանները, պարտինք մեր ժողովուրդին ջանքերը համախմբել, մեր համայնական կեանքը պահպանել, մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներով պաշտպանել մեր ընտանեկան յարկերը ու նոր սերունդը ուղղել դէպի ազգին արմատներ, եւ եզրափակելով իր խօսքը` յայտնեց, որ պէտք է հաւատանք եւ զգանք,  թէ Աստուած մեզի հետ է, եւ անոր աներեւոյթ ձեռքը թոյլ չի տար, որ մեր դիմագրաւած տեսակաւոր տագնապներուն ու անկումներուն մէջ մենք խորտակուինք ու ոչնչանանք, աղօթելով, որ ան խաղաղութիւն պարգեւէ մեր հայրենիքին, յաւիտենական հանգիստ շնորհէ մեր նահատակներուն, արդարութեան եւ իրաւունքի ծարաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ յայտնաբերէ խաչը շալկող նոր հերոսներ եւ մեզ տանի իր անմահական պարգեւներուն:

Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ` վերջերս Ազրպէյճանի բարբարոսութիւններուն պատճառով Հայաստանի մէջ  նահատակուած հայորդիներուն հոգիներուն համար, որմէ ետք կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 107-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 83-Ամեակի Նախաձեռնութիւններ

Յաջորդը

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?