Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ին, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումներուն հետեւանքով հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած եւ իրենց կեանքը զոհաբերած հայոց բանակի քաջարի զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան` ընկերակցութեամբ դեսպանատան անձնակազմին:
Ինչպէս ծանօթ է, ազրպէյճանական բանակին յարձակումներէն անմիջապէս ետք, վեհափառ հայրապետը իր դիմատետրի էջին մէջ միասնականութեան եւ համաժողովրդային ու համահայկական դիմադրութեան կոչ ուղղեց Ազրպէյճանի դէմ: Յաջորդ օրը, վեհափառ հայրապետին հրաւէրով, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ համասփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցչական հանդիպում: Ապա, վեհափառ հայրապետը թելադրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ կատարել` նահատակ հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան եւ աղօթք` վիրաւոր հայորդիներու շուտափոյթ ապաքինման համար:
Ս. Պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը պատասխանելով Cilicia TV-ի հարցումներուն, ըսաւ. «Հոգեհանգիստ` նահատակուած զինուորներուն, աղօթք` վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինման եւ դատապարտութիւն` Ազրպէյճանի բարբարոսային յարձակումին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ իր խաղաղ բնակիչներուն դէմ, բնականաբար իւրաքանչիւր հայուն ազգային պարտաւորութիւնն է: Մեր ազգին համար առաջնահերթ ու սրբազան պարտաւորութիւն է մեր միասնականութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ հայոց բանակի հզօրացումը` մէկդի դնելով ներքին տարակարծութիւնները: Մենք չենք կրնար այլեւս ուրիշներու շահերուն ենթակայ եւ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն անձնատուր դառնալ: Քաղաքական երկխօսութիւնը, ճկունութիւնը եւ իրապաշտութիւնը պէտք չէ մեզ առաջնորդեն վտանգելու Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, անվտանգութիւնը եւ անկախութիւնը: Սա մեր ազգին ու հայրենիքին համար կարմիր գիծ է»:


