Գիտութիւն

«Տրապիզոնի Անմահը» Կը Վերահրատարակուի Ֆրանսայի Մէջ

«Տրապիզոնի Անմահը» Կը Վերահրատարակուի Ֆրանսայի Մէջ

Սաթենիկ Պատուական-Թուֆանեան կը ներկայացնէ Փոլ Հանրի Պորտոյի 262 էջերէ բաղկացած «Տրապիզոնի անմահը» գիրքը, որուն նախաբանը գրած է Թալին Տէր Մինասեանը: «Հերոսական ալիքը, որ ոտքի կանգնեցուց մեր Կովկասը», «Անդրանիկ, Դրօ, Համազասպ, Քեռի», «Վան, հերոսական քաղաքը»... երիտասարդ 20-ամեայ Փոլ Հանրի Պորտօ ինչպէ՞ս այսքան ճշգրիտ տեղեկութիւններ ունեցաւ 1915-ի տարիներու Օսմանեան կայսրութեան եւ Կովկասի մասին: Ան հազիւ 18 տարեկան էր, երբ իր գրող եւ...

Մուրատ Եթքին. «Հիւրրիյէթ».  Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Պիտի Կարենա՞ն Յաղթահարել Հայկական Հարցի Փորձութիւնը

Մուրատ Եթքին. «Հիւրրիյէթ». Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Պիտի Կարենա՞ն Յաղթահարել Հայկական Հարցի Փորձութիւնը

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» «Հիւրրիյէթ» ուշագրաւ անդրադարձ մը կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի խորապատկերի վրայ թուրք-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւնները զարգացնելու հեռանկարին: Յօդուածագիր Մուրատ Եթքին կը նշէ, որ` «թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները Հայկական հարցին հետ, կապուած բազմաթիւ խոչընդոտներ յաղթահարած են»: Հեղինակը կը վերյիշէ երկու պետութիւններուն միջեւ թերեւս ամէնէն լարուած պահը` 2007 թուականը, երբ Անգարա Ուաշինկթընէն ետ կանչեց իր դեսպանը` Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու տան մէջ ցեղասպանութեան բանաձեւը քննարկութեան...

«Շնորհաւոր Ըլլայ Մեր Հայրենիքը Հայերէ Մաքրագործելու Հարիւրամեակը»

«Շնորհաւոր Ըլլայ Մեր Հայրենիքը Հայերէ Մաքրագործելու Հարիւրամեակը»

«Տեմոքրաթ Հապեր» լրատու կայքէջը արձագանգ կը հանդիսանայ վերջին օրերուն ընթացքին Գատըգիւղի մէջ եւ մեր Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մօտ ծայրայեղական գրգռիչներու կողմէ Խոճալուի դէպքերու պատրուակով կատարուած ցոյցերու, որոնց ընթացքին դարձեալ պարզուեցան հայերու դէմ ատելութիւն սերմանող վերտառութիւններ եւս: Նմանօրինակ ատելավառ վերտառութիւններ պարզուեցան նաեւ Մուղլայի, Մանիսայի եւ Օրտուի նման քաղաքներու մէջ: Դիտել կը տրուի, որ «Կենչ աթսըզլար» անուն կազմակերպութիւն մը պարզեց այնպիսի ատելավառ...

Քոնկրեսի Մէջ Ձեռնարկ` 1988-1990 Ազրպէյճանի Մէջ Տեղի Ունեցած Հայոց Ջարդերուն Նուիրուած

Քոնկրեսի Մէջ Ձեռնարկ` 1988-1990 Ազրպէյճանի Մէջ Տեղի Ունեցած Հայոց Ջարդերուն Նուիրուած

Փետրուար 11-ին ամերիկահայ գործիչներ, ներառեալ` Պաքուի ջարդերէն վերապրողներ, մասնակցեցան Քոնկրեսի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ եւ նուիրուած էր 1988-1990-ին Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած հայոց ջարդերուն, ինչպէս նաեւ` Արցախի առջեւ ծառացած ընկերային, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար ամերիկեան օժանդակութեանց ապահովման: Նոյն նպատակով Հայ դատի գործիչներ երկու օրերու ընթացքին շարք մը հանդիպումներ...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Փրկուած Գիւտարար Հայորդիներ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Փրկուած Գիւտարար Հայորդիներ

Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը, ուշադրութիւն հրաւիրելով Հայոց ցեղասպանութեան վրայ, ներկայացուցած է 1915-էն առաջ կամ յետոյ Ամերիկա գաղթած հայերու պատմութիւնն ու ողջ մնացածներու` մարդկութեան կեանքը փոխած գիւտերը. Ռայմոնտ Տամատեան ծնած է Նիւ Եորք: 1915-ին փրկուած եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած Վահան Տամատեանի որդին է: 1969-ին ստեղծած է բժշկութեան մէջ անփոխարինելի` Magnetic resonance imaging (MRI) պատկերի ախտորոշման սարքը: Լիւթեր Ճորճ Սիմճեան ծնած է 1905-ին...

Հրապարակուած Է Էրզրումի Հայերու Բռնագաղթի Տեսարան Մը Պատկերող Լուսանկար

Հրապարակուած Է Էրզրումի Հայերու Բռնագաղթի Տեսարան Մը Պատկերող Լուսանկար

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հրապարակած է Էրզրումի հայերու բռնագաղթի տեսարան մը պատկերող լուսանկար` «100 լուսանկարչական պատմութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան մասին» յատուկ նախագիծով: Լուսանկարին մէջ դէպի Միջագետք Էրզրումի հայերու բռնագաղթի մէկ դրուագն է` արձանագրուած Սուշեհիր գիւղաքաղաքին մօտ: Լուսանկարիչը աւստրիացի կենսաբան Վիքթոր Փիչմանն է (1881-1956 թթ.): Գերմանական կառավարութեան յանձնարարականով ան 1914 թուականէն սկսեալ մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտը Էրզրումի մէջ կը կազմակերպէ թրքական լեռնահրաձգային զօրամասեր,...

Ի՞նչ Կը Նշանակէ Կալիփոլիի Յաղթանակին Հարիւրամեակը Տօնել 24 Ապրիլին

Ի՞նչ Կը Նշանակէ Կալիփոլիի Յաղթանակին Հարիւրամեակը Տօնել 24 Ապրիլին

ՄՈՒՍԹԱՖԱ ԵԸԼՏԸՐԸՄ «Միլլիյէթ»-ի մէջ Մուսթաֆա Եըլտըրըմն ալ մէկն է այն սիւնակագիրներէն, որոնք իրապաշտ մերձեցումով ու խիստ նախադասութիւններով դատապարտեցին Կալիփոլիի պատերազմի հարիւրամեակը այս տարի 24 ապրիլին նշելու ու այս նշումին Հայաստանի նախագահն ալ հրաւիրելու որոշումը: Եըլտըրըմ խիստ լեզուով մը գրեց, որ ասիկա աներեսութիւն է եւ հայհոյել կը նշանակէ Հայաստանի պետութեան հասցէին: Կը կարդանք հետեւեալը.-  *** Կալիփոլիի պատերազմի տարեդարձը, որ ամէն տարի...

«Ականատեսը». Երանի, Որ Չէք Տեսել. Եպրաքսի Գէորգեանը` Գաղթի Ու Ամերիկեան Որբանոցում Անցկացրած Տարիների Մասին

«Ականատեսը». Երանի, Որ Չէք Տեսել. Եպրաքսի Գէորգեանը` Գաղթի Ու Ամերիկեան Որբանոցում Անցկացրած Տարիների Մասին

«Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ իրականացուող «ականատեսը» յատուկ նախագիծը շարունակւում է ընթերցողին ներկայացնել 1915 թ. ոճրագործութեան ականատես-վերապրողների յուշերը: Արմաւիրի մարզի Արմաւիր քաղաքի բնակիչ, 1914 թ. Կարսում ծնուած Եպրաքսի Գէորգեանը մէկն է այն  հազարաւորներից, ում համար Ցեղասպանութիւնն անմիջականօրէն միաձուլւում է մանկատանն անցկացրած երկար ու ձիգ, բայց իր գնահատմամբ` նաեւ մարդկային ջերմութեամբ լեցուն տարիների հետ: «Ես ծնուել եմ Կարսի...

Հայկական Նոր Միութիւն Տէրսիմի Մէջ

Հայկական Նոր Միութիւն Տէրսիմի Մէջ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Պոլսաբնակ տէրսիմցի հայերու հիմնած հայրենակցական միութենէն ետք, ներկայիս Տէրսիմ բնակող հայերն ալ կազմեցին իրենց անջատ միութիւնը` «Տէրսիմի հայոց եւ ալեւիներու բարեկամութեան միութիւն» անունով: Օրինական հիմնադրութիւնը կատարած նախաձեռնարկ մարմինի անունով «Ակօս»-ի խմբագրութիւն այցելող Սերքան Սարիաթաշ յայտնեց, որ այժմ կը շարունակեն անդամագրութիւնը, որուն որոշ թիւի մը հասնելէն ետք պիտի կատարեն համագումար եւ պիտի ընտրեն վարչութիւնը: Պոլսահայ իրականութեան վերջին տարիներու ամենահետաքրքրական...

Որպէսզի Իրերը Շարունակեն Ապրիլ Եւ Յուշել – Առցանց Թանգարանի Ծրագիր

Որպէսզի Իրերը Շարունակեն Ապրիլ Եւ Յուշել – Առցանց Թանգարանի Ծրագիր

2015-ին հայութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ պիտի նշէ իր դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան հարիւրամեակը` «Կը յիշեմ, կը պահանջեմ» համահայկական նշանաբանով: Հայկական ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Քանատայի մարմինի կրթական եւ դաստիարակչական ծրագիրներէն մին է ստեղծել Մեծ եղեռնէն վերապրած իրերու առցանց թանգարան մը (online museum)` «Հարիւր վերապրած իր` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին համար» կարգախօսով: Ծրագիրը Քանատայի հայ դպրոցներէն սկսած է արդէն օգոստոս 2014-էն ի վեր: Աշակերտները իրենց...

Վտանգաւոր Կէսքայլ

Վտանգաւոր Կէսքայլ

ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ Արդէն տեղեկացրել ենք` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը որոշում է ընդունել Ազգային ժողովից ետ կանչել Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ 2009-ին Ցիւրիխում ստորագրուած` երկու երկրների միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման եւ սահմանների բացման վերաբերեալ արձանագրութիւնները: Այդ մասին յայտնի է դառնում Ազգային ժողովի նախագահին ուղղուած` Սերժ Սարգսեանի նամակից, որն իրականում ուղերձ է միջազգային հանրութեանը` բացատրելու իր այդ որոշման դրդապատճառները: Իբրեւ այդպիսիք` նախագահն առանձնացրել...

«Սերժ Սարգսեան Փրոթոգոլները Չջնջեց, Պարզապէս Ետ Քաշեց»

«Սերժ Սարգսեան Փրոթոգոլները Չջնջեց, Պարզապէս Ետ Քաշեց»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» «Սփութնիք Նիուզ» կայքէջի վրայ կը կարդանք լրատուութիւն մը, որ կը մեկնաբանէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Թուրքիոյ հետ ստորագրուած փրոթոգոլները ետ քաշած ըլլալու վերջին զարգացումը: Կովկասեան ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի մասնագէտներէն Իւմիտ Նազմի Հազըր, «Սփութնիք» ձայնասփիւռի կայանին ըրած է հետեւեալ յայտարարութիւնները: Թուրքիա 2008 թուականին նոր քայլ մը առաւ դրացիներու հետ զերօ խնդիր ունենալու ուղղութեամբ: Այս կարգէն ձեռնարկեց նաեւ Հայաստանի...

«Ականատեսը». Ապրում Էին Կարսում, Ինչպէս Դրախտում

«Ականատեսը». Ապրում Էին Կարսում, Ինչպէս Դրախտում

«Արմենփրէս» լրատուական գործակալութեան «Ականատեսը» յատուկ նախագիծը ընթերցողին ներկայացնում է Հայոց ցեղասպանութեան` Հայաստանի տարածքում բնակուող վերջին ականատես-վերապրողների պատմութիւնները: Նախագիծի սոյն յօդուածի հերոսուհին 1915 թուականին Կարսում ծնուած Մարգարիտ Մխիթարեանն է: Նա, ինչպէս ինքն է բնորոշում, Կարսի կողքի գիւղից է, որի անունը չի յիշում: Ջարդերը սկսուելուն պէս ծնողները վերցնում են նրան եւ եղբօրը` գաղթելով Արեւելեան Հայաստան: Մարգարիտն այդ ժամանակ ընդամէնը մի քանի ամսական...

Փանթուրքիզմի Գրաւը Եւ Արցախի Հարցը

Փանթուրքիզմի Գրաւը Եւ Արցախի Հարցը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին արմատը փանթուրքիզմի յայտնի մոլորութիւնն է իր համիտեան, երիտթրքական եւ քեմալական դրսեւորումներով, եւ որ կը մնայ էական գիծը Թուրքիոյ քաղաքականութեան մինչեւ այսօր: Այս նոյն արմատներէն ծնունդ առած է նաեւ Ազրպէյճանը 1918 թուին եւ փաստօրէն թուրքեւազրպէյճանական փանթուրքիզմի աքցանին մէջ բռնուած է Հարաւային Կովկասը վերջին հարիւր տարուան ընթացքին: Այս խնդիրն է, որ այժմ կը դրուի հայ անկախ պետականութեան...

Թաներ Աքչամ Կը Ջրէ Փերինչեքի Պնդումները.

Թաներ Աքչամ Կը Ջրէ Փերինչեքի Պնդումները.

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» Սխալ Է Պնդել, Որ Թալէաթ Փաշա Դատապարտուած Չէ Թրքական Դատարանի Կողմէ.  - Ան Մահապատիժի Դատապարտուած Էր Աքչամ Պատմաբան Թաներ Աքչամ, որ այս օրերուն Տողու Փերինչեքի դատավարութեան առիթով շարունակ կը գրէ Հայկական հարցին մասին, լոյս ընծայեց պատմական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող յօդուած մը, ուր կը ջրէ Տողու Փերինչեքի կողմէ Սթրազպուրկի դատարանին մէջ յառաջ քշուած պնդումները: «Պալատական խեղկատակը» խորագրեալ իր յօդուածին...

Թոմաս Տը Վաալի Նորատիպ Հատորը Կը Շարունակէ Քաղաքական Օրակարգ Ձեւաւորել.  «Օպամա Ցեղասպանութիւն Բառը Պիտի Արտասանէ՞, Թէ՞ Ոչ»

Թոմաս Տը Վաալի Նորատիպ Հատորը Կը Շարունակէ Քաղաքական Օրակարգ Ձեւաւորել. «Օպամա Ցեղասպանութիւն Բառը Պիտի Արտասանէ՞, Թէ՞ Ոչ»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» «Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ «Քառնեկի» հիմնադրամի վերլուծաբան Թոմաս Տը Վաալի նորատիպ «Մեծ եղեռն. Ցեղասպանութեան ստուերի ներքեւ հայերն ու թուրքերը» գիրքը կը շարունակէ քաղաքական օրակարգ ձեւաւորել: Տը Վաալ իր գիրքին մէջ անդրադարձած է այն հարցին, թէ 2015-ի իր 24 ապրիլի ուղերձին մէջ Օպամա «ցեղասպանութիւն» բառը պիտի արտասանէ՞, թէ՞ ոչ: Թոմաս Տը Վաալ նշած է, որ ատիկա անլուծելի երկսայրի սուր...

Հայաստանի Մէջ Բնակչութեան Թիւը Նուազած Է 6500-ով

Հայաստանի մէջ 2015 թուականի սկիզբը մնայուն բնակչութեան թիւը հանդիսացած է 3 միլիոն 10 հազար 600 մարդ` նախորդ տարուան 3 միլիոն 17 հազար հարիւրի փոխարէն: Այս կը նշանակէ, որ մէկ տարուան մէջ բնակչութեան թիւը նուազած է 6500-ով: Լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի պետ Կարինէ Կույումջեանը: Ան նշած է,...

Ականատես. «Յղի Կանանց Փորը Կը Ճեղքէին Նախքան Սպաննելը Եւ Դուրս Կը Հանէին Մանկիկները»

Ականատես. «Յղի Կանանց Փորը Կը Ճեղքէին Նախքան Սպաննելը Եւ Դուրս Կը Հանէին Մանկիկները»

Վերապրող Թովմաս Պօղոսեանի վկայութիւնը 1917, Կարին, Տիգրանակերտի նահանգ Թովմաս Պօղոսեանի պատմութիւնը կը սկսի 4000 տուն ունեցող Հայնի գիւղաքաղաքէն, ուր 1000 հայու տուն կար: «Վայրենի զուարճութեան համար շատ անգամներ ականատես եղանք, որ յղի կանանց փորը կը ճեղքէին նախքան սպաննելը եւ դուրս կը հանէին մանկիկները եւ սուրի ծայրը անցուցած` հռհռալով ցոյց կու տային միւս ընկերներուն մանկիկին հոգեվարքի թպրտոցները»   «Տիգրանակերտի նահանգի Հայնի գիւղաքաղաքէն...

Ֆրանսերէն Հրատարակութիւն Քրիստափոր Միքայէլեանի Մասին

Ֆրանսերէն Հրատարակութիւն Քրիստափոր Միքայէլեանի Մասին

Անահիտ Տէր Մինասեան կը գրէ, որ ներկայ ժամանակաշրջանին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին, երբ զայն նշող ձեռնարկները եւ համալսարանական կամ գեղարուեստական երկերը կը բազմանան` Արա Գրիգորեանի «Քրիստափոր Միքայէլեան եւ թուրք սուլթանը` մեծ մարտահրաւէրը» գիրքը ինքըստինքեան եղելութիւն մըն է, որովհետեւ կը շեղի հայ ժողովուրդը իբրեւ զոհ ներկայացնելու ընթացքէն: Հեղինակը այդ գիրքին վրայ աւելցնելով «Քրիստափոր Միքայէլեանն ու անոր ժամանակը` նշանները»-ը եւ վերլուծութիւնը ընդլայնելով`...

Թաներ Աքչամ.  «Թուրքիա Ինչպէ՞ս Պէտք Է Առերեսուի Իր Պատմութեան Հետ»

Թաներ Աքչամ. «Թուրքիա Ինչպէ՞ս Պէտք Է Առերեսուի Իր Պատմութեան Հետ»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» Յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամ Հայկական հարցին մասին իր հերթական յօդուածը հրատարակեց «Թարաֆ» թերթի մէջ, անդրադառնալով Ցեղասպանութեան հետ առերեսուելու հաւանական տարբերակներուն եւ փորձելով գտնել «առերեսման ամերիկեա՞ն, թէ՞ գերմանական նախատիպ» հարցումին պատասխանը: Ստորեւ մասնակի կրճատումներով կը ներկայացնենք այդ յօդուածը.- Գերմանիա Իսրայէլի պետութեան եւ հրէական սփիւռքին հետ համաձայնութիւն գոյացուց եւ փոխհատուցում տալու ճամբով լուծեց Հրէական ողջակիզման հարցը: Բացի ատկէ, անշուշտ, Գերմանիա...

Page 21 of 25 1 … 20 21 22 … 25

Արխիւներ