«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Սխալ Է Պնդել, Որ Թալէաթ Փաշա
Դատապարտուած Չէ
Թրքական Դատարանի Կողմէ.
– Ան Մահապատիժի Դատապարտուած Էր

Պատմաբան Թաներ Աքչամ, որ այս օրերուն Տողու Փերինչեքի դատավարութեան առիթով շարունակ կը գրէ Հայկական հարցին մասին, լոյս ընծայեց պատմական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող յօդուած մը, ուր կը ջրէ Տողու Փերինչեքի կողմէ Սթրազպուրկի դատարանին մէջ յառաջ քշուած պնդումները:
«Պալատական խեղկատակը» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ ան կ՛ըսէ, որ բառարանը «Պալատական խեղկատակ» բառին շուրջ կը զգուշացնէ սա նախադասութեամբ. «Պալատական խեղկատակը տգեղ խաղ կը սարքէ, խեղկատակներու յաղթանակէն վտանգաւոր հետեւութիւններ կը հանէք»: Աքչամ կ՛ըսէ, որ ո՛չ մէկ նախադասութիւն ասկէ աւելի լաւ կը յարմարէր Տողու Փերինչեքի յայտարարութիւններուն:

Յօդուածին մայր նիւթը այն է, որ Տողու Փերինչեք Սթրազպուրկի մէջ մեծ հպարտութեամբ դատարանին ըրած է յայտարարութիւններ, իբր թէ պատմական յայտնաբերութիւններ ըրած ըլլար: Ան դատաւորներուն ըսաւ, որ իրենց սխալ տեղեկութիւն տրուած է, իրականութեան մէջ ո՛չ մէկ թրքական դատարան Թուրքիոյ մէջ դատապարտած է Թալէաթ փաշան հայկական կոտորածներու պատճառով, այսպիսի դատավարութիւն մը չկայ: Յաղթական անգլիացիներն ալ Թալէաթ փաշան դատեցին, բայց որեւէ փաստ չգտան անոր յանցագործութեան մասին եւ թղթածրարը փակեցին: Թալէաթ փաշան իրականութեան մէջ ազատութեան հերոս մըն է եւ 1908-ի յեղաշրջումին առաջնորդն է:
Թաներ Աքչամ յօդուածի վերջաւորութեան ցնցիչ յիշեցումով մը կ՛ըսէ, որ Փերինչեքի այս խօսքերը «փալավրա» (փչոց, Ա.) են, եւ ի՜նչ մեղք, որ թուրք պետութիւնն ալ կը ջանայ օգտուիլ ասկէ: Բոլորովին սխալ է այն պնդումը, թէ Թալէաթ Թուրքիոյ մէջ չէ դատուած: Ասիկա ամբոխավարական տգիտութիւն մըն է: Թալէաթ փաշա Պոլսոյ մէջ 6 մարտ 1915-ին մասնաւոր զինուորական դատարանի մը կողմէ դատուած է եւ ի բացակայութեան մահապատիժի դատապարտուած է:
27 ապրիլ 1919-ին առաջին նիստի ընթացքին կարդացուեցաւ ամբաստանագիրը, ասիկա այդ շրջանի պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուած է: Ամբաստանագրին մէջ կ՛ըսուի, որ Թալէաթ եւ միւս փախստական իթթիհատականները ի բացակայութեան պիտի դատուին հայերու դէմ ստորին ոճիրներ գործած ըլլալու յանցանքով: 4 մայիս 1919-ին Թալէաթ եւ միւս փախստական անձերուն դատավարութիւնը իրարմէ անջատուեցան, եւ Թալէաթի դէմ նոր դատ բացուեցաւ: Թալէաթի մասին 5 յուլիս 1919-ին որոշում ընդունուեցաւ եւ որոշումը հրատարակուեցաւ պաշտօնաթերթին մէջ: Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ, նաեւ իթթիհատական միւս ղեկավարները հայկական կոտորածներէն պատասխանատու նկատուեցան եւ մահապատիժի դատապարտուեցան: Ուրեմն Տողու Փերինչեքի վերի խօսքերը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` «փալավրա» մը: Կարճ խօսքով, Փերինչեք ոչ միայն թրքական դատարաններու կողմէ մահապատիժի դատապարտուած ոճրագործ մը կը գովէ, այլ նաեւ այդ ոճրագործին անունով հիմնուած յանձնախումբով մը հայերու նկատմամբ ատելութիւն կը սերմանէ եւ այս կերպով ալ գետին կը պատրաստէ Հրանդ Տինքի դէմ եղածի նման սպանութիւններու: Այս է Զուիցերիոյ մէջ կատարուած դատավարութեան էութիւնը: