Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սերժ Սարգսեան Փրոթոգոլները Չջնջեց, Պարզապէս Ետ Քաշեց»

February 27, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

nalbadavut«Սփութնիք Նիուզ» կայքէջի վրայ կը կարդանք լրատուութիւն մը, որ կը մեկնաբանէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Թուրքիոյ հետ ստորագրուած փրոթոգոլները ետ քաշած ըլլալու վերջին զարգացումը: Կովկասեան ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի մասնագէտներէն Իւմիտ Նազմի Հազըր, «Սփութնիք» ձայնասփիւռի կայանին ըրած է հետեւեալ յայտարարութիւնները:

Թուրքիա 2008 թուականին նոր քայլ մը առաւ դրացիներու հետ զերօ խնդիր ունենալու ուղղութեամբ: Այս կարգէն ձեռնարկեց նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու աշխատանքի մը: Ասիկա ցոյց կու տար նաեւ, որ կառավարութիւնը Հայկական հարցին մէջ պաշտօնական կեցուածքի փոփոխութիւն մը կը կատարէր: Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ Հայկական հարցը Թուրքիոյ տեսանկիւնէն բազմաթիւ երեսակներ ու ոտքեր ունի: Ասոնցմէ մէկն է ղարաբաղեան հարցը: Կարելի չէ սպասել, որ Թուրքիա Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանելէ տարբեր կեցուածք որդեգրէ: Եթէ Հայաստան Ղարաբաղի մէջ մէկ բաժին մը վերադարձնէր, յարաբերութիւնները պիտի սկսէին բնականոն դառնալ, բայց Հայաստան չըրաւ ատիկա ու այս առիթը փախցուց:

Հաղորդուեցաւ, որ այժմ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի խորհրդարանէն ետ քաշեց Թուրքիոյ հետ ստորագրուած փրոթոգոլները: Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանի նախագահը չէ մերժած փրոթոգոլները, առ այժմ պարզապէս զանոնք ետ առած է: Թէ ինչո՞ւ աւելի առաջ զանոնք ետ չքաշեց ու հիմա ետ կը քաշէ, ասիկա կարեւոր հարցում մըն է: Կը մտածեմ, որ փրոթոգոլները այս օրերուն ետ քաշելու հարցը առաւելաբար կապ ունի Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան հետ: Մասնաւորաբար առկայ է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Ծառուկեանի հետ ծագած հակամարտութիւնը: Հայաստանի նախագահը, հանրային կարծիքը, նաեւ Դաշնակցութիւնը իր կողքին շահելու համար այսպիսի քայլ մը առած կրնայ ըլլալ: Դրդապատճառներէն մէկն ալ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի այս օրերուն Թուրքիոյ վրայ ճնշում մը գործադրելը կրնայ ըլլալ:

Իւմիտ Նազմի Հազըր կը շարունակէ. Թուրքիոյ տեսանկիւնէն եթէ նայինք, Թուրքիա 2007 թուականէն սկսեալ նախաձեռնութիւններ ձեռք առաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար: Փրոթոգոլներու ստորագրութիւնը ասոնցմէ մէկն էր: Վարչապետութեան օրով Էրտողանի կողմէ անցեալ տարի 24 ապրիլի ցաւակցութիւն յայտնելն ալ ցուցանիշ մըն էր յարաբերութիւնները բնականոն դարձնել ուզելու կամքին:

Բայց Թուրքիա այս պահուն ասկէ աւելի տարբեր քայլեր առնելու կարելիութիւն չունի: Այնքան ատեն որ Հայաստան պատասխան մը չի տար Թուրքիոյ այս բարեացակամ ջանքերուն, ո՛չ մէկ կարելիութիւն կը ստեղծուի մերձեցման ու փրոթոգոլներու գործադրութեան: Թուրքիա լաւ յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Վրաստանի հետ: Թուրքիոյ` Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններն ալ աշխուժանալ կը սկսին: Այս պայմաններուն մէջ Հայաստան Թուրքիայէ աւելի շատ պէտք ունի յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու:

Լրատուութեան մէջ կ՛ըսուի նաեւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ ըսաւ, որ Երեւանի իշխանութիւնները սխալ գործ մը տեսած են փրոթոգոլները խորհրդարանէն ետ քաշելով: Այնուհանդերձ, փրոթոգոլները տակաւին բոլորովին ջնջուած չեն, եւ Թուրքիա տակաւին կը հաւատայ, որ կարելի է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել: Եթէ Հայաստան դրական քայլեր առնէ, Թուրքիան ալ անհրաժեշտը պիտի ընէ:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակաշրջանին Նահատակուած Եւ Մահացած Հայ Մարզիկները

Յաջորդը

Վտանգաւոր Կէսքայլ

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.