Անահիտ Տէր Մինասեան կը գրէ, որ ներկայ ժամանակաշրջանին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին, երբ զայն նշող ձեռնարկները եւ համալսարանական կամ գեղարուեստական երկերը կը բազմանան` Արա Գրիգորեանի «Քրիստափոր Միքայէլեան եւ թուրք սուլթանը` մեծ մարտահրաւէրը» գիրքը ինքըստինքեան եղելութիւն մըն է, որովհետեւ կը շեղի հայ ժողովուրդը իբրեւ զոհ ներկայացնելու ընթացքէն: Հեղինակը այդ գիրքին վրայ աւելցնելով «Քրիստափոր Միքայէլեանն ու անոր ժամանակը` նշանները»-ը եւ վերլուծութիւնը ընդլայնելով` հեղինակը կանգնեցուցած է յուշակոթող մը, առ ի յիշատակ այն մարդոց, որոնք 20-րդ դարու սկիզբը յանուն արդարութեան եւ արժանապատուութեան պայքարեցան եւ յաճախ իրենց կեանքը զոհեցին օսմանեան եւ ռուսական կայսրութեանց մէջ հայ ժողովուրդի ընկերային ու քաղաքական ազատութեան համար:
Սկզբնաղբիւր Եղող Երկ Մը
Քրիստափոր Միքայէլեան (1859-1905) հայկական սփիւռքի մէջ դաշնակցական բոլոր ակումբներու պատերուն վրայ գտնուող սրբանկարային պատկեր մըն է: Ան միշտ կը զետեղուի Ռոստոմի (1867-1919) եւ Սիմոն Զաւարեանի (1866-1913) իր կազմած կուսակցութեան հիմնադիր եռեակի լուսանկարներուն կեդրոնը: Եւ թէեւ անոր անունը յաճախ կը մէջբերուի բանախօսութեան, յօդուածներու կամ յեղափոխական երգերու մէջ, Քրիստափոր Միքայէլեան մեզի համար կը մնայ անծանօթ մը:
Ահա այս բացը լրացնելու համար է, որ Արա Գրիգորեան ձեռնարկած է անոր կեանքն ու գործը ներկայացնելու: Ան կը բացայայտէ մարդ մը, որուն գաղափարներն ու գործունէութիւնը ծանօթ էին միայն հայ գրականութեան ծանօթ կուսակցականներու: Այս մէկը պատմական սովորական գիրք մը չէ, այլ` պատմական վէպ մը, որ ուղղուած է լայն հասարակութեան, եւ այդ է անոր մեծ արժէքը:
Մանրակազմ եւ կաղ Քրիստափոր կը յաջողի իւրաքանչիւր հանգրուանի ներշնչել: 1894-1896 համիտեան ահաւոր ջարդերը, որոնք 300,000 զոհ պատճառեցին, զինք չեն շեղեր իր նպատակէն: «Պանք Օթոման» գործողութեան եւ անոր յաջորդող Խանասորի գործողութեան յաջողութենէն ետք, Քրիստափոր ՀՅԴ-ի ջանքերը կ՛ուղղէ Եւրոպայի մէջ Հայ դատի ի նպաստ քարոզչութեան:
Ջարդերու զոհերուն վրէժը լուծելու գաղափարէն տարուած` Քրիստափոր կ՛ուզէ մահապատիժի ենթարկել «Կարմիր սուլթան»-ը: Ան կը կազմակերպէ «Նժոյգ» գործողութիւնը: Ան զինակիցի մը հետ կը մահանայ սուլթանի մահափորձին համար օգտագործուելիք ռումբի մը փորձարկման ընթացքին: