Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ «Միասնականութիւն` Ընդդէմ Բռնութեան, Ծայրայեղութեան Եւ Թմրեցուցիչի» Խորագրեալ Ոտնագնդակի Խաղին
Չորեքշաբթի, 18 յուլիս 2018-ին Համանա (Լիբանան) գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ոտնագնդակի խաղ` հովանաւորութեամբ The Global Forum for Religions and Humanity կազմակերպութեան, «Միասնականութիւն` ընդդէմ բռնութեան, ծայրայեղութեան եւ թմրեցուցիչի» խորագրին տակ: Ոտնագնդակի այս խաղին մասնակցեցան հոգեւորականներ` Լիբանանի բոլոր համայնքներէն: Արդարեւ, ընդառաջելով վերոյիշեալ կազմակերպութեան հրաւէրին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ներկայացուց Սմբատ վրդ. Սապունճեանը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ սոյն բարենպատակ խաղին: Խաղը նաեւ...




















