Կիրակի, 8 յուլիսին, Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց վերջերս ձեռնադրուած Անդրանիկ աբղյ. Քիւրիւմլեանը:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզի սկզբնաւորութեան Անդրանիկ աբղյ. Քիւրիւմլեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որուն արտօնութեամբ իրենք դարձած էին կուսակրօն քահանաներ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, որուն նախաձեռնութեամբ կը գտնուէր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, նաեւ` Գեղամ արք. Խաչերեանին, որ զիրենք ձեռնադրելով` անդամ դարձուց Աստուծոյ սուրբ բանակին: Ան խնդրեց ներկաներէն, որ աղօթեն իրենց համար, որպէսզի հաստատ մնան իրենց կոչումին մէջ եւ չսայթաքին որեւէ գայթակղութեան դիմաց:
Անդրադառնալով Յիսուսի Այլակերպութեան տօնին` Անդրանիկ աբղյ. Քիւրիւմլեանը ակնարկ մը նետեց կատարուած դէպքին, երբ Յիսուս այլակերպեցաւ իր աշակերտներուն դիմաց, եւ ըսաւ, որ այս տօնը հիմնական երկու պատգամ ունի տալիք։ ա) Մաքրենք Աստուծոյ տաճարը, այլ խօսքով` մաքրենք մեր անձերը: Ան բացատրեց, որ այս տօնը այն իւրայատուկ առիթներէն մէկն է, որուն միջոցով կրնանք մենք զմեզ սրբագրել, աւելցնելով, որ պէտք չէ նեղացնենք զԱստուած, որպէսզի մեր կեանքերը մեր ձեռքով դժոխքի չվերածենք, այլ բարի գործերով պէտք է ուրախացնենք զԱստուած, որպէսզի ան մեր կեանքին մէջ ներկայութիւն դառնայ իր ամբողջ էութեամբ, գոյութեամբ եւ բարութեամբ: «Այս բոլորը կարելի է իրագործել, երբ մեր կեանքերէն դուրս կը վանենք բոլոր չարութիւններ, մոլութիւնները, ցանկութիւնները եւ զայն կը լեցնենք Յիսուսի լոյսով` չմոռնալով անոր մեզի փոխանցած իշխանութեան արժէքը», շեշտեց Անդրանիկ աբղյ. Քիւրիւմլեանը, բ) Գերադասենք աստուածային արժէքները: Այս տօնը այն առիթներէն մին է` մեր հայեացքները ուղղելու դէպի երկինք, այսինքն` դէպի Աստուած եւ աստուածայինը: Ան ըսաւ, որ այս բոլորը կարելի է իրագործել, երբ խոնարհ, հեզ ու սիրով լեցուն կեանք մը կ՛ապրինք, որուն դիմաց Աստուած անտարբեր պիտի չմնայ: «Դժբախտաբար մեր կեանքին մէջ կը հանդիպինք այնպիսի անձերու, որոնք մարդոց կողմէ գովասանքներ ստանալը աւելի գերադաս կը համարեն եւ չեն անդրադառնար, որ այդ բոլորը ժամանակաւոր են: Մինչ երբ նուազագոյն ճիգը թափեն Աստուծոյ կողմէ գովասանքներ ստանալու, Աստուած զիրենք յաւիտենական գովասանքի արժանի կը դարձնէ», հաստատեց Անդրանիկ աբղյ. Քիւրիւմլեանը եւ, եզրափակելով իր խօսքը, կոչ ուղղեց բոլորին` մէկդի դնելու ժամանակաւոր եւ աշխարհիկ բաներով զբաղիլը եւ մտածելու ժամանակ չճանչցող բաներու մասին, այլ խօսքով` աստուածային արժէքներու եւ գանձերու մասին: