Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքագէտ Մելինէ Անումեանի Գիրքի Անգլերէն Հրատարակութեան Շնորհահանդէսը Երեւանի Մէջ

Յուլիս 13, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունիս 28-ին Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ թրքագէտ, Հանրային ռատիոյի թրքերէն հաղորդումներու խմբագիր Մելինէ Անումեանի «Ճանաչում եւ դատապարտում. երիտթուրքերու դատավարութիւնները (1919-1921 թուականներուն եւ 1926 թուականին)» գիրքի անգլերէն հրատարակութեան (Acknowledgment and Condemnation: the Trials of Young Turks in 1919-1921 and 1926) շնորհահանդէսը:

Գիրքին թարգմանիչն է քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր, ողբացեալ Արա Գաբրիէլեանը (Նիւ Եորք): Թարգմանութեան անաւարտ ձեռագիրը իր աւարտին  հասցուցած է եւ խմբագրած թարգմանիչի այրին` Արեւիկ Գաբրիէլեանը: Գիրքի գրախօսներն են Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը եւ թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Արսէն Աւագեանը:

Մենագրութիւնը հրատարակած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանը, «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ» մատենաշարով:

Գիրքին հայերէն բնագիրը տպագրուած էր 2013 թուականին, Երեւան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ:

Մենագրութեան առաջին գլուխով կը ներկայացուի քաղաքական մթնոլորտը Օսմանեան կայսրութեան մէջ` Մուտրոսի զինադադարի կնքումէն ետք, ինչպէս նաեւ` հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու խնդիրի քննարկումները օսմանեան մամուլի մէջ եւ երկպալատ խորհրդարանին մէջ, 1918-ի վերջաւորութեան:

Հեղինակը առաջին գլուխով կ՛անդրադառնայ նաեւ այն հետաքննութիւններուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուներու նկատմամբ իրականացուած են օսմանեան պետութեան մէջ` նշուած ժամանակահատուածին ընթացքին:

Երկրորդ գլուխով կ՛ուսումնասիրուին 1919-1921 թուականներուն հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու մեղադրանքով Պոլսոյ Ռազմական արտակարգ ատեաններուն մէջ քննուած դատական գործերը եւ 1919-1920 թուականներուն երիտթուրքերու դատավարութիւնները:

Երրորդ գլուխով քննութեան առնուած են քաղաքական զարգացումները Թուրքիոյ մէջ, 1923-1926 թուականներուն: Հեղինակը կը ներկայացնէ ազգայնական պայքարին մէջ էական դերակատարութիւն ունեցած երիտթուրքերու` Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն ետք ընդդիմութեան ճակատ յայտնուելու պատճառները եւ հանրապետութեան նախագահ Մուսթաֆա Քեմալի դէմ ծրագրուած Զմիւռնիոյ մահափորձը:

Երրորդ գլուխով կ՛ուսումնասիրուին նաեւ 1926 թուականին Թուրքիոյ Հանրապետութեան անկախութեան դատարաններուն մէջ քննուած Զմիւռնիոյ մահափորձի եւ Անգարայի կամ «Սեւ աւազակախումբ»-ի դատական գործերը:

Վերջաւորութեան հեղինակը համեմատութիւն կը կատարէ երիտթուրքերու 1919-1921 թուականներուն եւ 1926 թուականին դատավարութիւններու միջեւ եւ կ՛ընդգծէ իթթիհատական աւանդոյթի պահպանման փաստը Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ` գաղափարախօսութեան եւ պետական կառավարման մէջ:

Շնորհահանդէսին ելոյթ ունեցան ակադեմիկոս, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը, Հայկական ազգային կինոակադեմիայի նախագահ, Երեւանի Թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկի նախագահ, գրող Դաւիթ Մուրատեանը, գիրքի անգլերէն հրատարակութեան խմբագիր Արեւիկ Գաբրիէլեանը, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանը եւ գիրքի հեղինակ Մելինէ Անումեանը: Խօսք առնողները կարեւոր նկատեցին Մելինէ Անումեանի աշխատութեան մեծ արժէքը: Նաեւ բարձր գնահատանք արտայայտեցին թարգմանիչի` ամերիկահայ մտաւորական, ազգային-հասարակական գործիչ ու նուիրեալ հայրենասէր դոկտ. Արա Գաբրիէլեանի մեծ վաստակի հանդէպ:

Գիրքը կարելի է պատուիրել սոյն միջոցով`

ACKNOWLEDGMENT AND CONDEMNATION: THE TRIALS OF YOUNG TURKS IN 1919-1921 & 1926 (Խ.Պ.Հ.Հ.# 10)

Հայերէն բնագիրը մատչելի է`

http://www.armeniansgenocide.am/am/books_chanachum_ev_datapartum.

Նշենք նաեւ, որ Պոլսոյ մէջ «Փենճերէ» հրատարակչութիւնը թրքերէնով լոյս  ընծայած է Մելինէ Անումեանին գիրքը: «Ակունք»-ին համաձայն, գիրքը հայերէնէն թրքերէն թարգմանած է Տիրան Լոքմագիոզեանը: Անիկա շուտով վաճառքի կը դրուի Թուրքիոյ գրախանութներուն մէջ եւ կը տարածուի թրքական գրադարաններուն մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Ամավերջի Հանդէսը` Նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին

Յաջորդը

Մոնտիալ եւ Քաղաքականութիւն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?