Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը տարեկան դրութեամբ կը շնորհէ «Փենրոզ» հեղինակաւոր մրցանակը, որ հաստատուած է 1955-ին: Հպարտութիւն եւ ուրախութիւն է տեղեկացնել, որ այս տարուան Բնապահպանական (մասնագիտութիւն) եւ հասարակական առողջութիւն (մայնըր) բաժանմունքի մրցանակը տրուեցաւ հայ ուսանողի մը` Սիմոն Տէրտէրեանին, որ իր աշխատանքին եւ նկարագրային տիպար տուեալներուն պատճառով ընտրուեցաւ իբրեւ այդ մրցանակին արժանի ուսանող:
Նշենք, որ հեղինակաւոր մրցանակ կը տրուի իւրաքանչիւր բաժանմունքէ մէկ ուսանողի` իբրեւ գնահատանք ուսման, նկարագիրի եւ առաջնորդութեան յատկանիշներով օժտուած ըլլալուն, ինչպէս նաեւ համալսարանին կեանքին մէջ աշխուժութեան ու ամբողջական մասնակցութեան համար: Մրցանակակիր Սիմոն Տէրտէրեանին անունը, ինչպէս նախորդ տարիներու մրցանակակիրներուն, իբրեւ օրինակելի, ոսկի ցուցանակի վրայ զետեղուեցաւ Նամի Ժաֆեթ յիշատակի գրադարանին մէջ:



