Չորեքշաբթի, 13 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզի հանդէսը:
Հանդիսասրահը վերածուած էր հեքիաթային անտառի մը. գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը արդէն իսկ ներկաները կը փոխադրէր դէպի բնութեան գեղեցիկ աշխարհը:
Լիբանանի ու Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք մանկապարտէզի աշակերտները իրենց դողդոջուն ձայներով սաղմոսով ու երգերով օրհնեցին ու փառաբանեցին Աստուած: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, որոնք ծաղիկներու, մեղուներու ու թիթեռնիկներու կերպարներով կենդանացուցին բեմը եւ իրենց երգերով, պարերով ու արտասանութիւններով խանդավառեցին ներկաները:
Ապա մանկապարտիզպանուհի Յասմիկ Թորոսեան բեմ հրաւիրեց քոլեճի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանը, որ հաստատեց, թէ մանկապարտէզը դպրոցին սիւնն է, դպրոցական կեանքի երանութեան բաժինը, ուրկէ բոլորս անցած ենք հաճելի յիշատակներ պահելով մեր մէջ: Ան նշեց, որ հայերս մանկապարտէզի դասարանները անուանած ենք Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ արտայայտիչ բառերով: Հայերէնը ծաղիկ արմատով ունի 328 բառ, որոնց կենդանի օրինակներն են ահաւասիկ մեր սիրասուն աշակերտները: Տնօրէնը իր խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտիզպանուհիին, մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին ու ծնողներուն, որոնք, հաւատալով Հայ աւետարանական քոլեճի կրթական դաստիարակութեան ու դաւանած արժէքներուն, իրենց մատղաշ զաւակները վստահած են անոր: Ան գնահատեց աշակերտները, ուսուցչուհիները եւ ծնողները իրենց ցուցաբերած աշխատանքին ու գործակցութեան համար:
Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում: Հուսկ վերապատուելի Հրայր Չոլագեանի աղօթքով վերջ գտաւ հանդէսը:
Հայ աւետարանական քոլեճի 95-ամեակը խորհրդանշող կարկանդակին հատումէն ետք, ներկաները շնորհաւորեցին վկայական ստացող աշակերտները:
Վկայական ստացան. Կարէն Թերզեան, Սեւակ Ինճէեան, Նաթալի Նասիֆ, Վանի Նորշահեան, Ճիովանի Սալպաշեան, Լունա Քէշիշեան, Նարի Քէօշկէրեան եւ Ռաֆայէլ Ֆրանսիս: