Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Ենք Ապագան»

July 3, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Միացեալ վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները ուխտեցին անեղծ սիրով գուրգուրալ իրենց տունը դարձած Ազգային Միացեալ վարժարանին  եւ կերտել հայու նկարագիր` շաղախուած լաւ մարդու օրինակով։

Տարիներ առաջ տեսիլը դարձաւ իրականութիւն, երբ հիմը դրուեցաւ Ազգային Միացեալ վարժարանին` մէկ յարկի տակ համապարփակելու վեց ազգային վարժարաններ, միացնելու  վեցին ուժն ու կորովը, եռանդն ու աշխատանքը, որովհետեւ «Միութիւնը զօրութիւն է»:

Յաջողութեան դոփիւնները արդէն սկսան լսուիլ 2017 սեպտեմբերին, երբ մեծ թիւով հայ աշակերտներու տաք շունչով սկսաւ բաբախել Ազգային Միացեալ վարժարանի սիրտը: Փորձառական այս առաջին տարեշրջանին բոլորը անխտի՛ր` Ազգային վարչութիւն, տնօրէններ, ուսուցչական կազմ, ծնողք եւ աշակերտներ, դէմ դրին մեծ մարտահրաւէրներու, շրջանցեցին հսկայական դժուարութիւններ, դիմագրաւեցին խոչընդոտներ, բայց տարին բոլորեցին յաջողութեամբ եւ ապացուցեցին, թէ հայուն աննկուն կամքը կրնայ գործել հրաշքներ: Եւ այդ հրաշքներուն բարիքները վայելեցինք շաբաթ, 23 յունիսին, երբ նախակրթարանի աշակերտները, ամավերջի հանդէսին, իրենց հրապուրիչ թատրոնով, թովիչ ձայնով եւ սքանչելի պարով ո՛չ միայն գրաւեցին ներկաներուն ուշադրութիւնը, այլ պարզեցին հայու նկարագիրը` շաղախուած լաւ մարդու օրինակով:

Հանդիսութիւնը սկսաւ նախակրթարանի աշակերտական երգչախումբով, որ կատարեց քայլերգները, Կոմիտասի «Հայր մեր»-ը եւ ուրախ երգ մը:

Զ. կարգէն Ատիս Այվազեան կարդաց բացման խօսքը: Ան ողջունեց ներկաները եւ վստահեցուց բոլորը, որ Ազգային Միացեալ վարժարանը դարձաւ իրենց տունը, որուն շեմէն ներս մուտք գործեցին իբրեւ օտարականներ, բայց ահա արդէն դարձած են քոյր-եղբայր  եւ մտերիմ ընկերներ: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց կառոյցով նոր, բայց հայու հին կտակը ժառանգող դպրոցին` Ազգային Միացեալ վարժարանին: Երախտագիտական խօսք ուղղեց բոլոր այն մարդոց, որոնք հաւատացին, որ հայը կ՛ամրապնդուի հայով: Ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, Տնօրէն խորհուրդին, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն:

Վարագոյրը բացուեցաւ եւ հանդիսատեսները մեղմ երաժշտութեան հմայքով եւ «հրեշտակներ»-ուն եթերային պարով փոխադրուեցան դրախտ: «Հրեշտակներ»-ը պատմեցին ստեղծագործութեան պատմութիւնը: Ապա, տարբեր արարներով, աշակերտները բացատրեցին, թէ մարդը ինչպէ՛ս կրնայ լաւ մարդ ըլլալ եւ արժանանալ յաւիտենական կեանքին: Հոս շեշտուեցաւ ընտանիքի անհրաժեշտութիւնը, հօր եւ մօր յարատեւ ներկայութիւնը` իրենց զաւակներուն նկարագիրներու կերտման մէջ եւ, փոխադարձաբար, զաւակներուն յարգանքը` իրենց ծնողներուն հանդէպ: Մարդու խիղճը արթուն պահելու հրամայականը իբրեւ ահազանգ հնչեց բեմէն` լուսարձակի տակ առնելով այն անհերքելի իրողութիւնը, որ մահէն աւելի սարսափելին մեռած խիղճով մարդու ապրիլն է: Վահան Թէքէեանի` «Հաշուեյարդար»-ը շեշտեց այն միտքը, որ սէրն է միակ ուղին դէպի Աստուած, դէպի յաւերժական կեանք: Եւ ահա «հրեշտակ» մը հարցուց` «Մարդ ի՞նչ է առանց իր ինքնութեան, առանց իր անցեալի ճանաչման», եւ ինք իսկ հաստատեց, որ մարդ կ՛ըլլայ լաւ մարդ, երբ լաւ գիտէ, թէ ինքը ո՛վ է, թէ ո՛ր ազգին կը պատկանի, թէ ի՛նչ է իր անցեալը: Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» եւ Գէորգ Էմինի «Ես հայ եմ» բանաստեղծութիւնները պատասխանեցին «հրեշտակին» պատկանելիութեան հարցումին, որ առաւել եւս արմատաւորուեցաւ Հայաստանի տեսարժան վայրերու նկարներու ցուցադրուած տեսերիզով: «Հրեշտակներ»-ը գիտութեան ու աշխատանքի կարեւորութիւնն ալ շեշտեցին` ըսելով. «Աշխատանքով կը ստեղծուին բոլոր տեսակի բարիքները` հացը, լոյսը եւ մարդու երջանկութիւնը»: Այս արարի տպաւորիչ վերջաւորութեան ասմունքեցին Միսաք Մեծարենցի «Տո՛ւր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւնն անանձնական» բանաստեղծութիւնը: Բայց մարդ ինչպէ՞ս կրնայ երջանիկ ըլլալ, եթէ արուեստի կախարդական գաւազանը չգինովցնէ զինք: Դարձեալ Միսաք Մեծարենց եւ իր «Կարմիր ծաղիկ մը գարունի» երգը հրապուրեց ներկաները, երբ բեմը դարձաւ երկու «սիրահարներու» ժամադրավայրը: Լեւոն Շանթի «Ես պատրանքը սիրեցի» ասմունքը դրաւ այս արարին վերջակէտը: Հանդէսը աւարտեցաւ միասնական փակման պարով, որուն մասնակցեցան ամբողջ նախակրթարանի աշակերտները: «Միասին» պարի աւարտին անոնք գոչեցին` «Մենք ենք ապագան» խօսքը, որ այդ օրուան հանդիսութեան նշանաբանը դարձած էր, եւ որով զարդարուած էր նաեւ բեմը:

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան պարգեւատրեց տարրականի եւ նախակրթարանի պատուոյ ցանկի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւողները:

Եւ վերջապէս, սրբազան հայրը շնորհաւորեց աշակերտներն ու ուսուցիչները հանդէսին յաջողութեան համար: Ան նաեւ յայտնեց իր գոհունակութիւնը այս տարեշրջանի աւարտին ձեռք բերուած արդիւնքներուն համար: Ապա խրատեց ծնողները, որ իրենց զաւակներուն յաջողութեան բանալին համագործակցութիւնն է հայկական վարժարաններէն ներս գործող անձնանուէր կրթական մշակներուն հետ:

 

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 2018-ի Շրջանաւարտներու Հունձքը

Յաջորդը

«ԱՅԳ» Երգչախումբն Ու Նուագախումբը` ԼԵՄ-ականներուն Հետ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.