Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

July 17, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 3 յուլիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսը սկսաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն մանկապարտէզի հանդէսին, ապա 2017-2018 տարեշրջանի նկարներուն ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեց շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքը սրահ:

Յայտագիրը ընթացաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, Համազգայինի եւ Ճեմարանի հիմնադիրներու եւ ազգային դէմքերու խօսքերով, որոնցմէ իւրաքանչիւրին յաջորդեց  շրջանաւարտներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական բաժինը: Աւարտական դասարանի խումբ մը աշակերտներու երգեցողութեամբ «Դրոյի յիշատակին» երգէն ետք, խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարը», որուն յաջորդեց Ժ. դասարանի աշակերտներուն «Եարխուշտա» պարը: Այնուհետեւ Ժ. դասարանէն Կայէլ Գրիգորեան քանոնով, իսկ ԺԱ. դասարանէն Կարօ Գրիգորեանը դաշնամուրով նուագեցին «Տրապիզոնցիներու պարը», որմէ ետք Հերա Տէտէեանը կարդաց աւարտական դասարանին կողմէ հրաժեշտի խօսքը: Ան ըսաւ. «Կը մեկնինք հպարտութեամբ այն տարին, երբ նշեցինք ազատ, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը, ազատ, անկախ Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակը, 100-ամեայ մեր սիրելի միութեան` ՀՄԸՄ-ի տարեդարձը եւ Ճեմարանի մայր միութեան` Համազգայինի 90-ամեակը: Այս բոլորը մեզ հպարտութեամբ կը լեցնեն, այն հպարտութեամբ, որ հայը կը քալէ յաղթականի երթով, իսկ մենք` յաղթական սերունդի վկաներս, կ՛երթանք Մեծ Աշխարհ` այս բեմը ձգելով յաջորդ սերունդներուն, որոնք պիտի գան ու անցնին նոյն այս միջավայրէն, նոյն այս բեմէն, միշտ նոյն տեսլականով, նոյն հպարտութեամբ` յաղթական վաղուան գացող ոտնահետքերով…»:

ԺԱ. դասարանին կողմէ  ողջերթի ուղերձ կարդաց Նարօտ Մերտխանեանը, որ բարի երթ եւ յաջողութիւն մաղթեց շրջանաւարտներուն: Ապա Նանի Գալուստեան սրինգով, Նարեկ Մեսրոպեանը կիթառով եւ Կարօ Գրիգորեանը դաշնամուրով նուագեցին «Libertango», որմէ ետք աւարտական սերունդին կողմէ ուղերձ կարդաց Նանի Գալուստեանը: Ան ըսաւ. «Ճեմարանը մեզ ծանօթացուց «Պետիկն ու գայլ»-էն մինչեւ Մալխասի «Զարթօնք»-ը: Գիտութեան կողքին, մենք սորվեցանք արդարամիտ ու օրինակելի հայ երիտասարդներ ըլլալ: Ճեմարանի հարազատ յարկին ներքեւ, ինչպէս քայլերգը կ՛ըսէ. «Մեր կեանքն ուրախ եւ միշտ ազատ ծաղկեցաւ»… Կեանքի իւրաքանչիւր փուլ ունի իր աւարտը, որ սկիզբն է այլ փուլի մը: Հեռանալով մեր դպրոցէն` պիտի ուղղուինք դէպի բոլորովին նոր կեանք մը, եւ իւրաքանչիւրս պիտի բռնէ իր կեանքի ուղին: Արդեօք պիտի վերապրի՞նք այս յիշատակելի օրերը: Արդեօք համալսարաններու մէջ պիտի գտնե՞նք մեր դպրոցի ջերմ մթնոլորտը, ընկերային մտերմիկ  կեանքը եւ ուսուցիչ-աշակերտ սիրալիր յարաբերութիւնը… Ճեմարանը 12 տարիներու ընթացքին դարձաւ երկրորդ տունս, ուսուցիչներս դարձան երկրորդ ծնողքս, իսկ դասընկերներս ` իմ սիրելի քոյրերս եւ եղբայրներս: Ինչպէ՞ս բաժնուիմ իմ երկրորդ ընտանիքէս ու սիրելի դպրոցէս: Ճիշդ է, որ անհամբեր եմ  կեանքի նոր փուլին ծանօթանալու: Սակայն ամբողջ սրտովս կը փափաքիմ, որ ժամանակը ետ երթայ, եւ ես վերադառնամ կանաչ դասարան, գոնէ մէկ անգամ եւս ապրիմ այս երազային հեքիաթը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք կեանքիս այս 12 տարիներուն հեքիաթի հերոսները դարձան…»:

Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեանը բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար: Մհեր Փելթեքեանը արժանացաւ աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան», աւարտական դասարաններու գիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Գափլանեան», աւարտական դասարաններու արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Լուի Օհանեան» եւ աւարտական դասարանի ուսողութեան լաւագոյն միջին ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակներուն: Աւարտական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»-ի մրցանակներուն արժանացան գրական բաժինէն` Սելին Տաքեսեանը, իսկ գիտական բաժինէն` Նանի Գալուստեանը: Լոռի Գորեսեանը եւ Նանի Գալուստեանը ստացան գերազանց արդիւնքներ ապահովող ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակները: «Ջահակիր»-ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակը ստացաւ Հերա Տէտէեանը: Երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ տրամադրուած Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացաւ Նանի Գալուստեանը: Ժ. դասարանի  հայերէնի եւ հայոց պատմութեան լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Հուրի Պերթիզլեան» մրցանակին արժանացաւ Ռուբէն Խաչատուրեանը: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» մրցանակը ստացաւ Կասիա Թիւթէլեանը: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակին արժանացաւ Սեւակ Զարմէնեանը: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Սերժ Օհաննէսեանը եւ Սարինէ-Ռիթա Ներսէսը: Ծառայասէր ու հոգատար աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Սեւակ Եահնիեան:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք  Փաուլա Եղիայեանը արտասանեց տնօրէնութեան խօսքը: Ան ըսաւ. «Այս տարեշրջանի աւարտին կու գանք 22 շրջանաւարտներէ բաղկացած հունձք մը եւս աւելցնելու հայ հոգիով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ սնած ճեմարանաւարտներու փաղանգին: 2018-ը տարեդարձներով հարուստ տարի մըն է: Պանծալի տարեդարձներ, որոնց նշումը նորահաս սերունդներուն խթանն ու մղիչ ուժը կը հանդիսանայ: Այս տարի կը նշենք 100-ամեակը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, որ կենսական եւ լուսաւոր էջ մը բացաւ հայ իրականութեան մէջ. կը նշենք նաեւ 90-ամեակը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, որ կրթութեան ճառագայթող լոյսը կը սփռէ եւ հայ մշակոյթի զանազան ոլորտներն ու գանձերը սերունդէ սերունդ փոխանցող ամուր բազուկը կը հանդիսանայ: Յատկանշական այս յոբելեանները կրկնակի հպարտութիւն են Ճեմարանի եւ աշխարհին չորս դին գտնուող իւրաքանչիւր ճեմարանականի համար: Կրկնակի հպարտութիւն են, որովհետեւ Շանթի, Աղբալեանի, Օհանջանեանի եւ իրենց ընկերներուն ճիգերուն, աշխատանքին եւ կամքին շնորհիւ է, որ մենք ունինք այսօր մեր բոլորին ուխտավայր 88 տարեկան Ճեմարանը: Կրկնակի հպարտութիւն են, որովհետեւ ճեմարանականը կը շարունակէ հաստատ քայլերով յառաջանալ մեր պատմութեան ծանր օրերուն հայրենիք կերտած հայ գրիչի եւ հայ մշակոյթի մեծանուն առաքեալներուն գծած ուղիով: Կը պարծենանք մեր անցեալով` վստահեցնելով, որ Ճեմարանը խարսխուած կը մնայ հայ լեզուին ու մշակոյթին, հայ ինքնութեան ու արժէքներու վրայ եւ կը շարունակէ պատրաստել իր հիմնադիրներուն արժանավայել ժառանգորդները»: Անդրադառնալով 2017-2018 տարեշրջանի Ճեմարանի գործունէութեան` ան շարունակեց. «Ճեմարանի 2017-2018 տարեշրջանը ունեցաւ աշխուժ գործունէութիւն: Դպրոցական կրթական ծրագիրներն ու արտադասարանային յայտագիրները լաւապէս իրագործուեցան. ծնողական եւ ուսուցչական հանդիպումները հետեւողական ձեւով կազմակերպուեցան` ձգտելով միշտ աշակերտներու ամբողջական կազմաւորման: Աշակերտները այս տարի եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին հայկական եւ օտար միութիւններու, կազմակերպութիւններու, դպրոցներու եւ համալսարաններու կազմակերպած գիտական, մշակութային եւ մարզական ձեռնարկներուն եւ մրցանքներուն` գրաւելով յաճախ առաջնակարգ դիրքեր: Ճիշդ է, որ մեր աշակերտները յաճախ ծանրաբեռնուած են կրթական բարդ ու խճողուած ծրագրով, սակայն լիբանանեան եւ ֆրանսական զոյգ ծրագիրները, չորս լեզուներու ուսուցումը, գիտական եւ պատմական յարակից նիւթերու փոխանցումը եւ արուեստի դասապահերու գոյութիւնը իրենց կու տան ընդհանուր եւ բազմակողմանի զարգացման մակարդակ մը: Հետեւողական աշխատանքի այս ընթացքէն դուրս կու գան գովելի յաջողութիւններ` ըլլան անոնք դպրոցական արդիւնքներու, պետական քննութիւններուն եւ աւելի ուշ համալսարաններէն ներս գրաւած իրենց դիրքերուն մէջ: 2017-2018 տարեշրջանի գլխաւոր աշխատանքներէն մէկն էր նաեւ «Համազգայինի Րաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» նորակառոյց մանկամսուրին բացումը. արդիական այս կառոյցը պիտի սկսի գործել Ճեմարանի կողքին սեպտեմբեր 2018-ին. վստահ ենք, որ այս նոր ծիլը իր շուրջ պիտի հաւաքէ երիտասարդ ծնողներ ու անոնց երեխաները եւ իր կարգին պիտի դառնայ նոր մեկնակէտը գալիք սերունդներու դաստիարակութեան»:

Ապա տնօրէնուհին ներկայացուց անցնող տարեշրջանի աւարտական դասարանը եւ ըսաւ. «Այս փոքրաթիւ, սակայն աշխուժ, խանդավառ, կրակոտ եւ հայրենասէր հունձքը պատրաստ է այսօր անցնելու կեանքի նոր փուլ մը: Բազմատաղանդ, պատասխանատու, համարձակ, ստեղծագործ եւ կազմակերպչական կարողութիւններով օժտուած այս հունձքը ամբողջ տարեշրջան մը ապրեցաւ ընտանեկան հարազատ մթնոլորտի մը մէջ եւ տարուան ընթացքին կազմակերպեց զանազան առիթներու նուիրուած ձեռնարկներ, եւ անշուշտ, կարելի չէ մոռնալ, նաեւ` շարք մը չարաճճիութիւններ: Ահաւասիկ, իրենց դպրոցական կեանքի աւարտին կոչուած են այսօր դիմագրաւելու նորանոր մարտահրաւէրներ եւ ստանձնելու հետզհետէ աւելի ծանր պատասխանատուութիւններ»: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմարանի ծնողներուն եւ բարեկամներուն` իրենց վստահութեան, հասկացողութեան եւ գործակցութեան համար, շեշտելով, որ ընտանիք-դպրոց հետեւողական կապը Ճեմարանի յաջողութեան կարեւորագոյն երաշխիքներէն մէկը կը հանդիսանայ: Ապա ան երախտագիտական խօսք ըսաւ իր պաշտօնակիցներուն` Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմին, որ անգամ մը եւս հարազատ սիրով եւ ամբողջական նուիրուածութեամբ ճիգ չխնայեց պատրաստելու նոր սերունդ մը: Ան ըսաւ. «Թէեւ դժուար ու սպառիչ է մարդակերտման այս ասպարէզը, սակայն քաղցր է այս պահը, երբ բեմին վրայ կը տեսնէք ձեր խնամքին ու վստահութեան յանձնուած աշակերտները: Ձեր վարձքը կատար»:

Վկայականներու բաշխումէն առաջ Փաուլա Եղիայեանը խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն եւ ըսաւ. «Դուք այսօր ֆիզիքապէս կը բաժնուիք երկար տարիներու ձեր այս կրթօճախէն, ուր յաճախ անցուցիք տաքուկ, սակայն նաեւ երբեմն դժգոհ պահեր, ուր արձանագրեցիք յաջողութիւններ ու նուաճումներ, բայց նաեւ ապրեցաք յուսախաբութիւններ. դուք այսօր կը հեռանաք Ճեմարանէն, սակայն զինուած էք մտային պաշարով, ազնիւ գաղափարներով, ամուր նկարագրով եւ աշխատանքի սիրով: Մնացէք ազնիւ, համեստ, յարգալիր եւ մանաւանդ` պարկեշտ,մնացէք աշխատասէր, լայնախոհ, արդարամիտ եւ յատկապէս` պարտականութեան գիտակից. թող գիտելիքն ու զարգացումը ըլլան ձեր հարստութիւնն ու գանձերը, թող ձեր յաջողութիւնները նպաստեն շրջապատին, ազգին ու համայն մարդկութեան: Վառ պահեցէք ձեր մէջ հայ լեզուի ու մշակոյթի սէրը: Տէրը մնացէք հայոց պատմութեան ու արժէքներուն: Եւ վերջապէս, միշտ առաջնահերթ դիրքի վրայ պահեցէք հայ ընտանիքը, հայ դպրոցը, հայ ինքնութիւնը եւ մի՛ մոռնաք մեր բոլորին Ճեմարանը: Կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ բարի երթ` ձեր բոլորին»:

Իր խօսքէն ետք տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը` մասնակցելու վկայականներու յանձնումին:

Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.-

Գրական ճիւղէն` Տաքեսեան Սելին, Տէտէեան Հերա, Յովսէփեան Ալինա, Գորեսեան Լոռի, Գրիգորեան Մէյրի, Ներսէս Սարինէ-Ռիթա, Պալապանեան Հրակ, Մեսրոպեան Հրակ, Նալպանտեան Նարեկ, Փիլիպոսեան Սարօ, Դարբինեան Գարլօ:

Գիտական ճիւղէն` Կուրղիկեան Արաքսիա, Գալուստեան Նանի, Չափարեան Լալէ, Արծրունի Վարագ, Աւետիս Հայկ-Աւօ, Տէրունեան Ռազմիկ, Մուրատեան Միհրան, Օհաննէսեան Սերժ, Փելթեքեան Մհեր, Եահնիեան Սեւակ, Երանճեան Ճորճ:

Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (17 Յուլիս 1968)

Յաջորդը

Գիրքի Մը Հրատարակութեան Առիթով

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.