Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Քոլեճի 2017-2018 Տարեշրջանի Աւարտական Հանդէս

July 16, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 30 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ աւետ. Ա. եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետ. քոլեճի շրջանաւարտներու իննսունմէկերորդ հունձքի եւ նախակրթարանի ընթացաւարտներու հանդէսը:

Շրջանաւարտներու եւ ուսուցչակազմի հանդիսաւոր մուտքէն ետք հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները, ապա վեր. Հրայր Չոլագեան Աստուածաշունչ մատեանէն ընթերցումներ կատարեց, ողջունեց ներկաները եւ աղօթքի ընդմէջէն իր բարեմաղթանքները յայտնեց բոլորին:

Օրուան պատգամը տուաւ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. Յարութ Սելիմեանը: Ան նախ ողջունեց վարժարանի իննսունհինգամեակը եւ կոչ ուղղեց ընթանալու դէպի հարիւրամեակ: Վերապատուելիին խօսքին առանցքը կրթութիւնն էր, որ նկատեց գերագոյն ազդակը ժողովուրդի մը յառաջդիմութեան ու զարգացման, ինչպէս նաեւ` յարատեւումին եւ վերածնունդին, պայմանաւ որ ներդաշնակօրէն համադրուին գիտական մտքի զարգացումը, իմաստութիւնը, մարդկային եւ ազգային ինքնաճանաչումն ու գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` հոգեւոր-մշակութային արժէքներու ընկալումն ու ճաշակը: Իր խօսքի աւարտին վերապատուելի Սելիմեանը թելադրեց շրջանաւարտներուն, որ ըլլան քաջ իրենց դիրքորոշումներուն մէջ, չկղզիանան շրջապատէն եւ հայ կեանքէն եւ հպարտ ըլլան մայր Հայաստանով եւ արժանապատուութեամբ կրեն իրենց ազգային ինքնութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագիրով 6-րդ դասարանի աշակերտները արտասանեցին Ժաք Ս. Յակոբեանի հայրենաշունչ «Սարդարապատ» քերթուածը, իսկ դպրոցին երգչախումբը ներկայացուց «Երազ իմ երկիր, հայրենի» եւ «Հայրենիք» հայրենասիրական երգերը:

Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Աւանդութիւն դարձած է ամէն տարեվերջի պարգեւատրել այն աշակերտները, որոնք արձանագրած են նուաճումներ եւ ապահոված` պատուաբեր նիշեր: Յիշատակելի է այն երեւոյթը, որ աւելի քան քսան մրցանակներ հաստատուած են հայ վարժարանի առաքելութեան հաւատացող բարերարներու կողմէ:

Վկայականներու բաշխումէն ետք երկու շրջանաւարտներ կարդացին իրենց ուղերձները. Ռըտա Աթուէ (հայերէն) եւ Փերլա Պասեթ (արաբերէն): Հարկ է նշել, որ սովորական ուղերձներու մասին չէ խօսքը: Փաստօրէն, Ռըտա Աթուէ, ըլլալով ոչ հայ ծնողքի զաւակ, յաճախած է Հայ աւետ. քոլեճ, սորված է հայերէն, դիմագրաւած է բոլոր դժուարութիւնները, տքնած ու յաջողած է իւրացնել հայ գիրն ու գրականութիւնը, տոգորուած է հայկականութեամբ, եւ ահա կը ներկայանայ ճակատը բարձր եւ իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ հայ վարժարանին: Ան իր բացառիկ յուզականութեամբ ու անկեղծ միտքերով կախարդեց բոլոր ներկաները` կարդալով իր պատրաստած հայերէն ուղերձը, որուն համար արժանացաւ բոլորին գնահատանքին ու ծափողջոյններուն: Հայացած աշակերտը յայտնեց, որ ինք երբեք օտար չէ զգացած հայ վարժարանէն ներս, ընդհակառակը, 15 տարի եղած է իր տան մէջ, բաժնեկից եղած է իր դասընկերներուն սիրոյն ու գուրգուրանքին: Աւելի՛ն. հանգիստ եւ ուրախ տարիներ անցուցած է` շնորհիւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմի եզակի հոգատարութեան:

Իր կարգին, շրջանաւարտ Փերլա Պասեթ արաբերէն ուղերձով անդրադարձաւ հայ վարժարանէն ներս իր ապրած տարիներուն, ստացած դաստիարակութեան, ուսման եւ հայաբոյր վերաբերումին: Ան իր ետին նստած ուսուցիչները սեպեց յենարան, իսկ դէմի եկեղեցիէն խոյացող խաչը` ներշնչարան:

Ապա տեղի ունեցաւ շքադրում: Ուսուցչական ասպարէզէն ներս  երկարամեայ ծառայութեան համար Անի Աղպաշեանը, Վազգէն Բիւզանդեանը, Մուսթաֆա Թասին շքադրուեցան, իսկ  Վազգէն Մուղալեանը պարգեւատրուեցաւ երախտագիտութեան վահանով:

Հուսկ բանքի իր պատգամին մէջ վարժարանի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանը շեշտը դրաւ հաւատարմութեան վրայ: Հաւատարմութիւն` հայ ժողովուրդին, նահատակներու արեան ու Լիբանանին հանդէպ: Տնօրէնը յայտնապէս ընդգծեց, որ շրջանաւարտներ հաւատարիմ պէտք է մնան նաեւ այն առաքինութիւններուն, որոնք ցանուեցան իրենց մէջ այս վարժարանէն ներս: Ան ընդգծեց, որ գերագոյն հաւատարմութեան ուխտ ունինք նաեւ Աստուծոյ հանդէպ, որ շրջանաւարտները այս օրին հասցուց: Իր խօսքի աւարտին Արմէն Իւրնէշլեանը ըսաւ. «Գացէ՛ք ձեր համալսարանները, ունեցէ՛ք նոր ընկերներ, ապրեցէ՛ք այլ փորձառութիւններ, վայելեցէ՛ք կեանքը, բայց ատենը մէյ մը ե՛տ դարձէք դէպի Մեքսիք փողոց, դէպի Հայ աւետ. քոլեճ, ուր կը ձգէք ձեր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը: Մենք հաւատարմօրէն պիտի սպասենք ձեզ»:

Վեր. Հրայր Չոլագեանը օրհնութեան աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը:

Երկրորդականի շրջանաւարտներն են` Ռըտա Աթուէ, Սերժ Թերզեան, Կերի Լեփեճեան, Փերլա Պասեթ, Քաթրինա Տումանեան:

Նախակրթարանի ընթացաւարտներն են` Սէրլի Ինճէեան, Ղազար Մեսճեան, Մանէ Չոլագեան, Նժդեհ Պալեան, Արմինէ Քէշիշեան:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Յուլիս 1968)

Յաջորդը

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Հայ Շրջանաւարտները

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.