Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարան. «Լիբանանահայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Մասնագիտական Մշակումի Ծրագիր»-ի Փակման Հանդիսութիւն

Յուլիս 2, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 27 յունիս 2018-ին, Հայկազեան համալսարանի «Հերիթէյճ» պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի համատեղ գործակցութեամբ կազմակերպուած «Լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու մասնագիտական մշակումի ծրագիր»-ի պաշտօնական փակման հանդիսութիւնը:

Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ի հովանիին տակ կազմակերպուած այս մասնագիտական մշակման ծրագիրին հիմնական նպատակն էր ամրապնդել հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն կարողականութիւնը` զանոնք նկատելով նոր սերունդին հետ ամենասերտ եւ անմիջական կապը: Լիբանանահայ 18 վարժարաններէ 120 ուսուցիչներ մաս կազմեցին մասնագիտական մշակումի այս ծրագիրին, որ 9 ամիսներու ընթացքին 12 ծաւալուն նիւթերու եւ կրթութեան ոլորտի տարբեր մասնագէտներու դասախօսութիւններու եւ աշխատանոցներու ընդմէջէն մասնակիցներուն փոխանցեց մանկավարժութեան մէջ տեղ գտած նորամուծութիւններ` շեշտը դնելով դպրոցներէն ներս քննադատական մտածելակերպի ընդհանուր մշակոյթի մը ստեղծման եւ աշակերտներուն մէջ անոր զարգացման:

Փակման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու քայլերգներով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքով ներկաներուն դիմեց մասնագիտական ծրագիրի պատասխանատու` Գայեանէ Մածունեան: Ապա` ծրագիրի վարչական կազմի անդամներէն, Հայկազեան համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքի վարիչ դոկտ. Յակոբ Եագուպեան շնորհաւորեց ծրագիրը աւարտող ուսուցիչները եւ շեշտը դրաւ քննադատական մտածողութեան անհրաժեշտութեան վրայ` ապագայ սերունդներու պատրաստութեան աշխատանքին մէջ, այս ծրագիրը համարելով միայն սկիզբը հսկայ աշխատանքի մը, որուն յաջողութեան արդիւնքին կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել միջավայր մը, ուր պիտի դաստիարակուի ընկերութեան մէջ յանձնառու դերակատարութիւն ունեցող նոր սերունդ մը:

Դոկտ. Եագուպեան նշեց, որ այս իսկ պատճառով` ծրագիրին ընթացքին շեշտը դրուեցաւ կրթական գործի ղեկավարութեան, ինքնութեան կազմաւորման, կրթական ծրագիրներու մշակման, արեւմտահայերէնի եւ այլ նիւթերու ուսուցման եւ սորվելու գործընթացներուն վրայ, եւ այս բոլորը ապահովուեցան ուսումնասիրութիւններու վրայ հիմնուած,  առաջնորդութեամբ` Լիբանանէն եւ արտասահմանէն հրաւիրուած մասնագէտ եւ փորձառու դասախօսներու կողմէ:

Իր խօսքը ուղղելով դպրոցներու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն` Եագուպեան ընդգծեց, որ զարթօնքի խիստ պահանջք ունեցող լիբանանահայ դպրոցէն եւ անոր կրթական համակարգէն ներս, որեւէ փոփոխութիւն կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ, եթէ իրենք համոզուին անոր կարեւորութեան եւ զինուին ըստ այդ, յուսալով կրթական պատասխանատուներու նեցուկը եւ անսակարկ քաջալերանքը մեր կրթական համակարգը հզօրացնելու եւ վաղուան պահանջքներուն պատշաճեցնելու գործընթացին մէջ:

Դոկտ. Եագուպեանի խօսքէն ետք կատարուեցաւ Մասնագիտական մշակումի ծրագիրը ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութիւն, որուն մէջ տարբեր դպրոցներէ մասնակից ուսուցիչներ տուին ծրագիրին մասին վկայութիւններ, հիմնական շեշտը դնելով անոր ընձեռած երկխօսութեան եւ գաղափարներու փոխանակման առիթին վրայ:

Այնուհետեւ, ներկաներուն դիմեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան` նկատել տալով, որ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը իր ստեղծման օրէն ի վեր միշտ օժանդակած է հայ դպրոցին եւ կրթութեան` 60-ական թուականներուն կեդրոնանալով դպրոցաշինութեան վրայ, որ անհրաժեշտ, բայց ոչ միակ գրաւականն է կրթութեան զարգացման համար: Դոկտ. Փանոսեան շէնքերը համեմատեց առանց «միջուկի» կոթողներու, զորս դպրոցի վերածելու գործին մէջ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան այսօրուան ղեկավարութիւնը շեշտը կը դնէ մարդուժ պատրաստելու եւ վերապատրաստելու վրայ:

Հիմնարկութեան մարդուժի կազմաւորումի գործին նաեւ կ՛աւելնայ մանկավարժական գործիքներու պատրաստութեան ծրագիրը, եւ այս բոլորը կը կատարուին մեկնելով հիմնարկութեան սփիւռքակեդրոն քաղաքականութենէն  եւ արեւմտահայերէնը այս քաղաքականութեան կորիզ նկատող յղացքէն: Դոկտ. Փանոսեան շեշտեց, որ հիմնարկութիւնը յստակ տարբերակում կը դնէ հայերէնին ու «հայեցի դաստիարակութեան» միջեւ եւ կ՛աշխատի որդեգրել այնպիսի ծրագիրներ, որոնք լաւագոյնը կ՛արտացոլացնեն այս փիլիսոփայութիւնը եւ կը քաջալերեն լեզուի վերակենդանացումը տարբեր ոլորտներէ եւ մասնագիտական շրջանակներէ ներս:

Դոկտ. Փանոսեան շարունակեց իր խօսքը հակիրճ ձեւով ներկայացնելով այս նպատակին ծառայող «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի ծրագիրները, որոնք կ՛ընդգրկեն դպրոցներուն տրամադրուող նիւթական նպաստներ, հայերէնը թուային աշխարհ ներածող տարբեր միջոցառումներ, ինչպէս` ելեկտրոնային գիրքեր եւ խելախօսի ու համակարգիչի համար ուղղագրական սրբագրիչը, նաեւ հայերէնով պատանեկան ու երիտասարդական «Զարմանազան» ճամբարը:

Դոկտ. Փանոսեան անգամ մը եւս շեշտեց տեսերիզին մէջ ուսուցիչներուն կողմէ կրկնուած ժամանակակից մօտեցումի եւ մեթոտաբանութեան, դպրոցներու համախմբումի եւ գործակցութեան եւ նման ծրագիրի մը ազդեցութեան եւ շարունակականութեան կարեւորութիւնը: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ` վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին, Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ի տնօրէն Սեպուհ Կիւրիւնլեանին, ծրագիրի վարչական կազմի անդամներ` Հայկազեան համալսարանի Մանկավարժութեան բաժանմունքի վարիչ դոկտ. Յակոբ Եագուպեանին եւ նոյն բաժանմունքի դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեանին եւ ծրագրի պատասխանատու Գայեանէ Մածունեանին:

Հանդիսութեան վերջին խօսքը առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ` դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ այս ծրագրին նկատեց կարեւոր ներդրում` վերջերս փոթորկած լիբանանահայ կրթական կեանքի վերակարգաւորման եւ անոր ապագայ քայլերու կազմակերպութեան մէջ: Ան շնորհակալութեան առաջին խօսքը ուղղեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն` դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին, գնահատելով հիմնարկութեան նիւթական եւ բովանդակալից ներդրումը աշխարհի հայկական համայնքներու` մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի հայկական կրթական կառոյցներու գործունէութեան սատարման մէջ:

Վերապատուելի Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծրագիրի մասնակից 120 ուսուցիչներուն, որոնք, գիտակցելով մասնագիտական մշակումի կարեւորութեան,  կրցան մէկդի դնել լիբանանեան կրթական դաշտի վերիվայրումները եւ հրաժարելով իրենց շաբաթօրեայ հանգիստէն, կանոնաւոր ձեւով մաս կազմեցին ծրագիրին: Ան շարունակեց իր խօսքը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով ծրագիրին մասնակից դպրոցներու տնօրէններուն, որոնք իրենց դպրոցներէն ներս ստեղծեցին այնպիսի մթնոլորտ, որմէ քաջալերուեցան եւ առաւելագոյն ձեւով օգտուեցան իրենց ուսուցիչները, իրենց հերթին նոր ստացած գիտելիքները փոխանցելով իրենց գործընկերներուն: Ան գնահատեց այն դպրոցները, որոնց տնօրէնները անձնապէս հետեւեցան այս ծրագիրին եւ իրենց ուսուցիչներու մասնագիտական զարգացման ընթացքին կրցան ձեռք բերել ընդհանուր ներշնչում եւ աւելի շօշափելի արդիւնքներ:

Դոկտ. Հայտոսթեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանին մէջ գործող տարբեր կողմերուն, մասնաւորապէս համալսարանի Մանկավարժութեան բաժանմունքին եւ «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ին, ինչպէս նաեւ ծրագիրի աշխատանոցները վարող դասախօսներուն, որոնք ուշի ուշով հետեւեցան ծրագիրի բովանդակութեան ընտրութեան, որակին եւ տեւական արժեւորումին:

Դոկտ. Հայտոսթեան իր վերջին շնորհակալական խօսքը ուղղեց ծրագիրի պատասխանատու` Գայեանէ Մածունեանին, որուն բծախնդիր եւ հետեւողական աշխատանքին արգասիքը եղաւ ծրագիրի հեզասահ ընթացքը:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Հայկազեան համալսարանի քայլերգի ունկնդրութեամբ, վկայագիրներու յանձնումով եւ հիւրասիրութեամբ:

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս

Յաջորդը

Երեւանեան Պատկերներ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?