Յուլիսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Սմիթսոնեան «Ֆոլքլայֆ» փառատօնի այցելուները իւրայատուկ հնարաւորութիւն ունեցան Հայաստանին ծանօթանալ ոչ միայն ազգային կերակրատեսակներու, արհեստներու եւ երաժշտութեան, այլեւ արհեստագիտութեան միջոցով: Փառատօնին ներկայացուած «Վայոց ձոր» մալթիմետիա ելեկտրոնային գիրքը հնարաւորութիւն տուաւ մասնակիցներուն երեւակայական ճամբորդութիւն կատարել դէպի Հայաստանի այդ գեղեցիկ մարզը, այցելել պատմական վայրեր, հիանալ բնութեան տեսարաններով եւ ներշնչուիլ տեղական մշակոյթով:
Ելեկտրոնային գիրքը հրատարակուած է ՀԲԸՄ Հայկական վիրթուալ համալսարանի (ՀՎՀ) եւ ԱՄՆ ՄԶԳ կողմէ ֆինանսաւորուող Սմիթսոնեան հիմնարկի «Իմ Հայաստան» ծրագրին կողմէ: Այն համապարփակ ուղեցոյց է Վայոց ձորի մասին` հագեցած բազմազան մալթիմետիա միջոցներով` տեսանիւթերով, եռաչափ նկարներով ու համայնապատկերներով, ձայնագրութիւններով եւ ներգործուն քարտէսներով:
«ՀՎՀ-ն հպարտութեամբ կը համագործակցի Սմիթսոնեան հիմնարկի հետ` հաւատարիմ մնալով հայկական հարուստ ժառանգութիւնն աշխարհին ներկայացնելու իր առաքելութեան, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ «Վայոց ձոր» ելեկտրոնային գիրքը կը ներկայացուի «Ֆոլքլայֆ» փառատօնի ընթացքին», ըսաւ ՀՎՀ հիմնադիր նախագահ Երուանդ Զօրեանը: «Նոր ել. գիրքին մէջ օգտագործուած են ստեղծարար եւ ժամանակակից լուծումներ` Վայոց ձորի բնական եւ պատմական հարստութիւնը, մարզի բազմազանութիւնը լաւագոյնս ներկայացնելու նպատակով: Գիրքն իր ներգործուն բովանդակութեամբ կը նպաստէ մարզին մէջ զբօսաշրջիկներու թիւի աճին»:
Բացի տարածաշրջանի պատմութեան, բնական վայրերու, մշակոյթի եւ աւանդոյթներու մասին գլուխներէն` գիրքը կը պարունակէ նաեւ հիւրանոցներու եւ ճաշարաններու տեղեկատու, ինչպէս նաեւ բառարանային յաւելուած` ճանապարհորդութիւնը հեշտ եւ հաճելի դարձնելու համար:
«Ելեկտրոնային գիրքի միջոցով մարդիկ կրնան բացայայտել որեւէ վայր, տան կամ հիւրանոցի մէջ ծանաթօնալ ատոր` յստակ պատկերացնելով, թէ ո՛ւր կ՛ուզեն ճամբորդել… Անիկա հիանալի միջոց է ճանապարհորդութիւնը նախապէս ծրագրաւորելու, ինչպէս նաեւ ճամբորդութեան ժամանակ օգտագործելու համար», ըսաւ Սմիթսոնեան հիմնարկի «Իմ Հայաստան» ծրագրի ներկայացուցիչ Սայմըն Ճոնսը:
«Ինչպէս ստեղծել ուղեցոյց» խորագիրով հանդիպման ընթացքին դոկտոր Երուանդ Զօրեանը, Սայմըն Ճոնսը եւ գիտնական-փորձագէտներ Սապրինա Փափազեանը եւ Յարութիւն Մարութեանը ներկայացուցին «Վայոց ձոր» ներգործուն ուղեցոյցի մշակման աշխատանքի մանրամասները:
Այս ամսուան սկիզբը «Վայոց ձոր» եւ Հայաստանի մասին ՀՎՀ-ի երկու այլ ելեկտրոնային գիրքերը` «Հայկական լեռնաշխարհ» եւ «Բացայայտենք Երևանը», ցուցադրուեցան Պոսթընի, Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներու ընթացքին, որոնց նպատակն էր նպաստել Հայաստանի մէջ մշակութային զբօսաշրջութեան զարգացման:
Ել. գրքերը կարելի է անվճար ներբեռնել կամ դիտել ` այցելելով www.avc-agbu.org կայքէջ:




