Յաղթականի եւ պարտեալի բնոյթ մը ստեղծած թուրք ազգայնական Տողու Փերինչեքի դատական հարցը` «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա» դատավարութիւնը, որ կարճ նիստով մը կատարուեցաւ հոկտեմբեր 15-ին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին կողմէ, Սթրազպուրկի մէջ, իւրայատուկ է իր տարօրինակութեամբ եւ արտառոցութեամբ:
Այնպիսի դարձդարձիկ եւ հարցադրումի առարկայ հաստատումներ եւ եզրակացութիւններ կատարուեցան, որ ամէնէն փորձառու փաստաբանն ու դատաւորն անգամ գլխապտոյտ ունեցան:
Թէ՛ հայկական եւ թէ՛ թրքական կողմեր պաշտօնապէս հաստատեցին, որ ի նպաստ իրենց եղած են որոշումները:
Նոյնիսկ հայոց իրաւունքի պաշտպան փորձառու փաստաբաններ` Ամալ Քլունի եւ Ճեֆրի Ռապըրթսըն հաստատեցին, թէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ տրուած որոշումներն ու հաստատումները ի նպաստ հայութեան են: Միեւնոյն մօտեցումն ու կարծիքը հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը:
Դատարանի որոշումին համաձայն, հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը եւ ցաւը ոչ ոք հարցադրման ենթարկելու իրաւունք ունի, այսինքն` Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, եւ ապագային ուրացման փորձերը, որեւէ պարագային, ճիշդ օրէնսդրութեամբ քրէական հարց կը նկատուին:
Հակառակ այս հաստատումներուն, դատարանը յստակօրէն չհաստատեց եւ չմատնանշեց, թէ կատարուած յայտարարութիւնները ատելութեան եւ այլամերժութեան կոչեր էին:
Եւ դեռ աւելի՛ն. Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը հրապարակած իր վճիռին մէջ բաժնելով հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան իրաւունքը եւ թիկունք կանգնելով ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքներու օրինականութեան հաստատեց, թէ կը պաշտպանէ Զուիցերիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը հրապարակաւ ժխտած թուրք քաղաքագէտ Տողու Փերինչեքի խօսքի իրաւունքը:
Հոս տեղին է կրկին անգամ նշել, թէ Փերինչեք մարտ 2007-ին Լոզանի ոստիկանութեան դատարանին կողմէ 90 օր բանտարկութեան եւ երեք հազար ֆրանք տուգանքի ենթարկուած էր ցեղային խտրականութիւն կատարած ըլլալուն համար: Ան տարիներ շարունակ հաւաքներ կազմակերպած էր եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը որակած` միջազգային սուտ:
Անգամ մը եւս Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը կտրուկ միջոցառումներու չէր դիմած` պարզաբանելով, որ Փերինչեքի կատարածը իրաւունքի չարաշահում չէր, այլ պարզապէս` դժգոհութիւն պատճառելու հակամէտ հարցերը հրապարակաւ քննարկելու իրաւունքի գործադրում:
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը նաեւ շեշտեց թէ քրէական միջազգային դատարանը իրաւասութիւն չունի եւ, հետեւաբար, լիազօրուած չէ իրաւական յայտարարութիւններ կատարելու Ցեղասպանութեան մասին:
Սակայն մէկ բան յստակ է թէ, որ տարօրինակ օրինականութեան եւ դատապարտուած դատավարութեան ետին կար պարտեալ մը` աշխարհի ամէնէն աւելի յառաջադէմ երկիրներէն Զուիցերիա:
Նոյնինքն դատը` «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա», կը նսեմացնէր յարգանք վայելող երկիր մը… պարզ անձի մը դիմաց:
19 հոկտեմբեր, 2015