ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
«Փեշտիմալճեան» մականունը անծանօթ չէ ինծի:
Ամէն անգամ որ լսեմ կամ կարդամ այս մականունը, երեք նշանաւոր պատմական դէմքեր կ՛ուրուագծուին իմ մտքին մէջ, երեքն ալ` պոլսահայ ու պոլսաբնակ. նախ` պատուելի Գրիգոր Փեշտիմալճեանը (ԺԹ. դարու առաջին քառասնամեակի արեւմտահայ երեւելի հայկաբաններէն մին, ուսուցիչ, քերթող, քերականագէտ եւ բառարանագիր), յետոյ` տոքթ. Տիգրան փաշա Փեշտիմալճեանը (ազգային ու պետական փայլուն դէմք` ԺԹ. դարու Բ. կիսուն) եւ ապա` տոքթ. Հրանդ Փեշտիմալճեանը (որ Բ. Աշխարհամարտի շրջանին ու անկէ առաջ բժշկապետն էր Սուրբ Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցին եւ ատենապետը` անոր հոգաբարձութեան):
Այս երեք անուններն ալ արժանի են առանձին անդրադարձումներու:
Այնքա՜ն շահեկան դրուագներ կան անոնց կեանքին ու ազգային վաստակին մէջ, որ մարդ չի կրնար անտարբեր անցնիլ նման անուններու առջեւէն: Կարծէք` բարոյական պատասխանատուութիւն մը կապարի՛ պէս կը ծանրանայ մեր ուսերուն վրայ ու կը ստիպէ պահ մը կանգ առնել անոնց հեռաւոր յիշատակին դիմաց ու վերաքաղի ենթարկել մեր պատմութեան ինչ-ինչ երեսները:
Այսօր, պահ մը, իմ ազնիւ ընթերցողներուն ուշադրութիւնը պիտի հրաւիրեմ վերի անուններէն երկրորդին վրայ. ՏԻԳՐԱՆ ՓԱՇԱ ՓԵՇՏԻՄԱԼՃԵԱՆ:
Այս երեւելի բժիշկն ալ մէկն էր այն բազմաթիւ հայորդիներէն, որոնք Օսմանեան կայսրութեան պետական շրջանակներէն ներս նուաճեցին պատուաբեր դիրք մը եւ շատ փայլուն անուն մը թողուցին մեր մօտիկ անցեալի ազգային պատմութեան մէջ եւս:
1838-ին է, որ իր աչքերը լոյսին բացաւ ան` Պոլսոյ հայահոծ Խասգիւղ թաղամասին մէջ:
Իր հայրը` Սահակ աղա Փեշտիմալճեան, ազգային շրջանակներու մէջ երեւելի ու յարգուած դէմք մըն էր արդէն եւ հետագային մաս պիտի կազմէր 1863-ի մեր Ազգ. սահմանադրութիւնը պատրաստող մտաւորականներու փաղանգին` Ռուսինեաններու, Աղաթօններու, Կարապետ Իւթիւճեաններու եւ Գրիգոր Օտեաններու կողքին:
Պատանի Տիգրան նախ յաճախեց իր թաղի Ներսէսեան վարժարանը: Այնուհետեւ, 13 տարեկանին, ծնողները զինք ղրկեցին Փարիզ, ուր աշակերտեց Մխիթարեան հայրերու Մուրատեան վարժարանին եւ շրջանաւարտ եղաւ հոնկէ 1855-ին: Յետոյ 4 տարի յաճախեց Լուի լը Կրան Ֆրանսական լիսէն եւ ամբողջացուց ատոր ընթացքն ալ` «Պսակաւոր գիտութեանց» տիտղոսով: 23 տարեկանին մուտք գործեց Փարիզի բժշկական համալսարանը ու հոնկէ փայլուն նիշերով վկայուեցաւ վեց տարի ետք` 1867-ին:
Բժշկական վկայականը թեւին տակ` Տիգրան Փեշտիմալճեան Կ. Պոլիս վերադարձաւ, հաստատուեցաւ Բերա, ու ճարտարօրէն սկսաւ կիրարկել իր գիտութիւնը: Ան հաւանաբար տարիքով ամէնէն կրտսերն էր Եւրոպա ուսած այն թրքահայ բժիշկներուն (Յակոբ Տաւուտեան, Գասպար Սինապեան, Սերվիչեն, Գաբրիէլ Սեւեան, Ստեփան Ասլանեան, Բարունակ Ֆերուհխան եւ այլք), որոնք չսահմանափակուեցան միայն բժշկական ծառայութեամբ, այլ գործօն դերեր ստանձնեցին Թուրքիոյ պետական վարչամեքենային մէջ եւս: Տոքթ. Տիգրան, օրինակ, շուտով անդամակցեցաւ Կայսերական բժշկական միութեան, որուն նախագահի պաշտօնն ալ վարեց հետագային, կարճ շրջան մը, 1877-1878:
Ան ամուսնացաւ ազգային մեծանուն գործիչ տոքթ. Սերվիչենի (Սերովբէ Վիչենեան) դստեր` գեղանկարչուհի Վերգինէին հետ (մհ. 1930-ին): Բախտաւորուեցան երկու մանչ ու մէկ աղջիկ զաւակներով, որոնցմէ առաջինը կանխահաս ու անսպասելի մահ մը ունեցաւ :
Տոքթ. Փեշտիմալճեանի կենսագրութեան ամէնէն ուշագրաւ դրուագներէն մէկն ալ, անկասկած, իր ունեցած առաջնակարգ դերակատարութիւնն էր Թուրք Կարմիր մահիկի ծննդոցին մէջ:
Եւ արդարեւ, 1877-ին, իր յամառ ջանքերուն շնորհիւ է, որ հիմնուեցաւ Թուրք Կարմիր մահիկը, որ այդ օրերուն կը կոչուէր «Հիլալի ահմեր», իսկ այժմ վերանուանուած է «Թիւրք գզըլայ»:
Ինչպէ՞ս ու ի՞նչ պայմաններու տակ ծնունդ առաւ Կարմիր մահիկը:
Կարմիր մահիկէն բաւական առաջ, Ժընեւի մէջ, 1864-ին, հիմնուած էր արդէն Միջազգային կարմիր խաչը, եւրոպական բազմաթիւ տէրութիւններու համագործակցութեամբ, գլխաւոր նպատակ ունենալով պատերազմի դաշտերուն վրայ վիրաւորուած զինուորներուն բուժօգնութիւնը:
Օսմանեան կայսրութիւնը իր հողերուն վրայ չունէր Կարմիր խաչի բնոյթով կազմակերպութիւն մը, ո՛չ ալ նման կառոյցի մը կարիքը զգացեր էր կարծէք: Սակայն 1877-ի ռուս-թրքական պատերազմը մտայնութիւնները փոխեց, երբ հազարաւոր թուրք վիրաւոր զինուորներ անօգնական ու անխնամ մնացին… Ու ճի՛շդ այդ օրերու Կարմիր խաչի Ժընեւի կեդրոնը նամակով մը դիմեց տոքթ. Փեշտիմալճեանին (որ Կայսերական բժշկական միութեան նախագահն էր)` թելադրելով, որ Պոլսոյ մէջ եւս հիմնուի կազմակերպութեան մէկ տարբերակը, որպէսզի Օսմանեան կայսրութիւնն ալ օգտուի այս մարզին մէջ Եւրոպայի փորձառութենէն եւ օժանդակութիւններէն:
Փեշտիմալճեան անմիջապէս շարժման անցաւ. եւ ան այս գործին մէջ իրեն լծակից ունեցաւ ուրիշ երկու հայ բժիշկներ` տոքթ. Յովսէփ Նուրիճանը (որ Հայ կաթոլիկ համայնքի երեւելի դէմքերէն էր, նախկին նախագահ` Կայսերական բժշկական միութեան) եւ տոքթ. Հայկ-Պարոնիկ Մատթէոսեանը (բնիկ ակնցի, Հայ աւետ. համայնքէն, նախկին բժշկապետ Ս. Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցի): Երեքով պաշտօնապէս դիմեցին թէ՛ Կայսերական բժշկական միութեան վարչութեան, թէ՛ պատերազմական նախարարութեան, թէ՛ սատրազամ (վարչապետ) Մեհմետ Ռիւշտի փաշային, ու խնդրեցին անոնց նեցուկը:
Օրերու երկայնքին` կատարուեցան աշխուժ խորհրդակցութիւններ, քննարկումներ եւ բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին առանցքային դեր խաղաց տոքթ. Փեշտիմալճեան, եւ որոնց միշտ իբրեւ արդիւնք` կառավարութիւնը ընդառաջեց եղած դիմումին: Շուտով կայացաւ հիմնադիր համագումար մը, որուն մասնակցութիւն բերին նաեւ երեւելի քանի մը հայ բժիշկներ: Ու այսպէս, ծնաւ Թուրքիոյ Կարմիր մահիկը, Կարմիր խաչին հետեւողութեամբ եւ նմանութեամբ: Մշակուեցաւ ու վաւերացուեցաւ նորահիմն կազմակերպութեան ծրագիր-կանոնագիրն ալ: 1877 ապրիլին կազմուեցաւ առաջին վարչութիւնը, որուն անդամ ընտրուեցան երեք հայեր` տոքթ. Սերվիչեն, Յովհաննէս Էֆ. Նուրեան եւ տոքթ. Տիգրան Փեշտիմալճեան, որ բո՛ւն նախաձեռնողն ու հիմնադիրը կը նկատուէր ընկերակցութեան:
Իր համբաւը հասած ըլլալով մինչեւ արքունիք` 1884-ին սուլթան Ապտիւլ Համիտ (ապագայ ջարդարար Կարմիր սուլթանը…) զինք պալատական խորհրդատու բժիշկ նշանակեց: Բարձր, պատուաբեր ու խիստ պատասխանատու պաշտօն մըն էր այս:
Իր պետական ու հանրանուէր մեծ ծառայութիւններուն առ ի վարձատրութիւն` 1892-ին տոքթ. Փեշտիմալճեան արժանի նկատուեցաւ «փաշա» տիտղոսին: Ստացաւ նաեւ օսմանեան եւ յունական շքանշաններ:
Փեշտիմալճեան իր հայեացքէն չհեռացուց նաեւ իր ազգը:
1880-1881 ան ստանձնեց Ս. Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցի բժշկապետի պաշտօնը:
Երկար տարիներ, իբրեւ ազգ. երեսփոխան, անսակարկ ծառայեց հայ համայնքին` մաս կազմելով նաեւ Պոլսոյ Ազգ. պատրիարքարանի Քաղաքական ժողովին, 1877-էն սկսեալ, երկիցս:
Բայց տոքթորին ազգային բեղուն գործունէութիւնը բաւարար չափով լուսարձակի տակ առնուած չէ, դժբախտաբար: Մեր պատմագրական գրականութեան մէջ հազիւ երկու-երեք հոգի գրած կամ արտայայտուած է իր մասին:
Անոնցմէ մին է, նախ, պոլսահայ բժիշկ եւ մտաւորական տոքթ. Արթօ Մեզպուրեանը (1879-1957), որ հեղինակն է ծագումով հայ բժիշկներու մասին ծաւալուն ուսումնասիրութեան մը, ապա նաեւ` պոլսահայ ողբացեալ բանասէր Գէորգ Բամուքճեանը (1923-1996), որ 1995-ին, Փեշտիմալճեանի մահուան հարիւրամեակին առիթով յօդուած մը ստորագրած է անոր մասին` «Թարիհ վէ Թոփլում» թրքերէն հանդէսին մէջ (իր տեղեկութիւնները առաւելաբար քաղելով Մեզպուրեանի գործէն), շեշտը դնելով Թուրք Կարմիր մահիկի հիմնումին մէջ անոր խաղացած առաջնակարգ դերին վրայ:
Նշեալ տեղեկութիւններուն կողքին, գիտենք նաեւ, որ Փեշտիմալճեան դեռ Փարիզ ուսած շրջանին (1861) մտերիմ կապեր հաստատեր էր այցելութեամբ հոն գտնուող մոսկուաբնակ ազատատենչ բանաստեղծ Միքայէլ Նալբանդեանին հետ, դարձեր էր անոր համախոհն ու գաղափարակիցը: Փէշտիմալճեան, արդէն, մտաւորական անձնաւորութիւն էր, ազնուագոյն տեսակէն: Տէրն էր մշակուած հայերէնի մը ու կ՛ախորժէր աշխատակցելէ հայ մամուլին ո՛չ միայն գիտական յօդուածներով, այլեւ` ազգային ու ընկերային նիւթերով: Իր կենսագիրները կը վկայեն, որ ան գրութիւններ ստորագրած է Փարիզի «Արեւելք» (Ստեփան Ոսկանի) ու Մոսկուայի «Փարոս Հայաստանի» հանդէսներուն, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ «Մասիս» լրագրին մէջ: Ըստ «Ով ով է» կենսագրական հանրագիտարանին (Երեւան, 2007), ան վերոնշեալ թերթերուն էջերուն«հրապարակել է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տնտեսական զարգացման, երկրագործութեան առաջընթացի ծրագիր»: Դեռ աւելի՛ն. «թողել է Հայկական հարցին, Սովելոց կեդր. յանձնաժողովի գործունէութեանը, 20-րդ դարու 80-ական թուականներում Արեւմտեան Հայաստանում բացուած դպրոցների պատմութեան վերաբերեալ անտիպ աշխատութիւններ»: Մեր պրպտումները ցոյց կու տան նաեւ, որ Տիգրան փաշա թղթակցեր է Գրիգոր Արծրունիի ԹիՖլիսի «Մշակ»-ին ալ` քողարկեալ ստորագրութեամբ:
Ունի հրատարակուած երեք բժշկական հայերէն գիրքեր. «Առողջապահութիւն եւ տածումն առաջին մանկութեան» (1880, 52 էջ), «Առողջապահութիւն եւ մարմնական տածումն երկրորդ մանկութեան» (1880, 38 էջ) եւ «Պատմութիւն մարդկային պատուաստման» (1884, 237 էջ), բոլորն ալ տպուած` Պոլիս:
Դժբախտաբար ան ունեցաւ կանխահաս ու խորհրդաւոր մահ մը, դեռ 56 տարեկանը հազիւ բոլորած (3 դեկտեմբեր 1894):
Առաջին իսկ օրէն ընդհանուր համոզումն այն եղաւ, որ ան զոհ գացած էր սուլթան Համիտի սարքած քողարկեալ մէկ դաւադրութեան… Եւ արդարեւ, չլուսաբանուած մահ մը եղաւ իրը, որ միտքերու մէջ կը թարմացնէր վախճանը ուրի՛շ արժէքաւոր անձաւորութեան մը` տոքթ. Յովհաննէս Քեաթիպեանի, Կայսերական բժշկական միութեան անդամ եւ պալատական բժիշկ, որ 21 հոկտեմբեր 1882-ին մեռած գտնուած էր Գատըգիւղի (Պոլիս) ծովեզերքը…
Տարօրինա՞կ էին այսպիսի «մաքրագործում»-ներ այն երանելի երկրին մէջ, որ Օսմանեան կայսրութիւն կը կոչուէր…
Մեծանուն այս բժիշկէն, շօշափելի ժառանգ որպէս, թուրքերուն կը մնայ Թուրք Կարմիր մահիկը: Իսկ հայերուս` Շիշլիի (Պոլիս) հայոց գերեզմանատունը գտնուող իր դամբարանը:
Այցելուներ ունի՞ այդ շիրիմը այսօր…
Հալէպ