Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան Մասնակցած Է «Երգում Ենք Կոմիտաս» Համահայկական Մշակութային Փառատօնին

Հոկտեմբեր 29, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

12168408_10153329985479247_1949166832_o

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած համահայկական մշակութային փառատօներու ծիրին մէջ կայացաւ «Երգում ենք Կոմիտաս» փառատօնը  24-27 սեպտեմբեր: Լիբանանէն փառատօնին մասնակցեցաւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան: Այս առթիւ «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Շողիկ Թորոսեանին հետ` տեղեկանալու փառատօնին եւ անոր մասնակցութեան մանրամասնութիւններուն մասին:

«ԱԶԴԱԿ».-Խօսինք «Երգում ենք Կոմիտաս» փառատօնի  համերգներուն մասին:

ՇՈՂԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- «Երգում ենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 145 ամեակին: Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին մօտ 12 երկիրներէ ժամանած հայ եւ օտարազգի երգիչներ, երաժիշտներ, երգչախումբեր:  Ես ներկայացուցի Լիբանանը եւ Լիբանանի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը: Փառատօնը իրագործուեցաւ երեք օրերու ընթացքին: Բացման հանդիսաւոր համերգէն առաջ, բոլոր մասնակիցներու մասնակցութեամբ Կոմիտասի անուան պանթէոնին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ուր ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Այդ օր ես ներկայացուցի Կոմիտասի  անզուգական «Անտունին», որ մեծ ընդունելութիւն գտաւ ներկաներուն կողմէ: Իսկ Երուսաղէմէն ժամանած մասնակիցը ներկայացուց Կոմիտասի «Հով առէք» երգը: Այս ձեռնարկի աւարտին բոլոր մասնակիցները հիւրընկալուեցան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ: Իսկ երեկոյեան փառատօնի բացման հանդէսը կայացաւ Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ: Հիասքանչ հնչեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները` հայ եւ օտարազգի երաժիշտներու կատարմամբ:

26 սեպտեմբերին մասնակիցները երաժշտական ծրագիր մը ներկայացուցին Վանաձորի մէջ, իսկ 27 սեպտեմբերին կայացաւ փառատօնին պաշտօնական փակումը Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ: Փառատօնի փակման հանդիսութեան կոմիտասեան երգերու շարանով ելոյթ ունեցան Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբը` Յովհաննէս Չէքիջեանի խմբավարութեամբ, Աննա Մայիլեան եւ իր սաները, Գերմանիայէն դաշնակահարուհի մը, Յունաստանէն կիթառահար Յակոբ Քոլանեան եւ այլ երգիչներ ու երաժիշտներ, որոնք թէ՛ անհատ եւ թէ՛ խմբային  կատարումներով ներկայացուցին Կոմիտաս: Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի ալ բոլոր մասնակիցներուն բաժնուեցան հաւաստագրեր :

«Ա.».- Ինչպէ՞ս մեկնաբանուեցաւ Կոմիտաս օտարներուն կողմէ:

Շ. Թ.- Փառատօնի ընթացքին Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները կատարեցին ոչ միայն աշխարհի չորս կողմերէն ժամանած հայ երաժիշտներ ու երգիչներ, այլ նաեւ` օտարազգիներ: Իրապէս հաճելի էր կոմիտասեան բարձրորակ երաժշտութիւն ունկնդրել տարբեր երկիրներէ ժամանած անհատ կատարողներու եւ երգչախումբերու կողմէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իւրայատուկ էր իր ոճով ու ներկայացմամբ:

Ուշագրաւ էին մեկնաբանութիւնները շուէտացի Ուիլունտ Անն-Քրիստինէի, որ մէկ տուն հայերէն երգեց, ապա շարունակեց շուէտերէն, ճափոնցի Ուլալա Ինոուէի, որուն կ՛ընկերակցէր հայ ջութակահար մը, Գերմանիայէն թրքուհի մը` Լեման Շթէյնի: Այս բոլոր կատարումները ապացուցեցին հերթական անգամ, որ Կոմիտաս համամարդկային արժէք  կը ներկայացնէ:

«Ա.».- Բացի համերգներէն ի՞նչ ծրագիրներ նախատեսուած էին մասնակիցներուն սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:

Շ. Թ.- Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ փառատօնին բոլոր մասնակիցներս միասնաբար այցելեցինք Ծիծեռնակաբերդ, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան, Վանաձոր, Էջմիածին, Կոմիտասի անուան պանթէոն: Ըսեմ, որ պանթէոնին մէջ բացուած է Կոմիտասի նուիրուած նոր թանգարան մը, ուր տեղադրուած են Կոմիտասի նկարներ, իրեր, գործեր, անոր դաշնակը: Կրնամ ըսել, որ մեր ժամանակը գրեթէ անցուցինք փորձերով ու համերգներու պատրաստութեամբ:

«Ա.».- Ի՞նչ ծրագիրով ելոյթ ունեցաք:

Շ. Թ.- Նախ ըսեմ, որ ինծի ընկերակցեցաւ դաշնակահար Տաթեւիկ Եսայեանցը, որ շատ տաղանդաւոր դաշնակահար է: Նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները, փորձերը հեզասահ ընթացան եւ յաջողութեամբ ներկայացուցինք մեր բոլոր ելոյթները: Փառատօնի բացման հանդիսութեան ներկայացուցի Կոմիտասի անզուգական «Անտունին» եւ «Հայաստան» երգերը, որոնք մեծ արձագանգ ձգեցին: Երկրորդ օրը կրկին մեկնաբանեցի «Անտունին»: Փակման ծրագիրը կրճատուեցաւ, որովհետեւ զուգադիպեցաւ միւռոնօրհնէքին, հետեւաբար իւրաքանչիւր մասնակիցի սահամանափակուեցաւ մէկ կատարումով. ես ներկայացուցի «Կռունկ»-ը:

«Ա.» .- Տարբերութիւն մը զգացի՞ք Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ ձեր կատարումներուն միջեւ:

Շ. Թ.- Յաջորդաբար երկրորդ տարին է, որ ես ելոյթ կ՛ունենամ Երեւանի մէջ: Այս տարի ներկայացուցի միայն Կոմիտաս: Ինծի համար Երեւանի մէջ ելոյթ ունենալը, որ տարիներէ ի վեր փափաքած եմ, տարբեր զգացում է: Փա՛ռք Աստուծոյ, որ առիթը ներկայացաւ եւ կրցայ ինքզինքս փաստել ու արդարացնել Երեւանի մէջ:  Գեղեցիկ զգացում է ներկայացնել ծննդավայրդ` հայրենիքիդ մէջ: Երկուքն ալ ինծի կը պատկանին: Բայց կրնամ ըսել, որ Երեւանի մէջ ելոյթ ունենալը մեծ պատասխանատուութեան տակ կը դնէ զիս, որովհետեւ ժողովուրդին զգալի մասը ունի երաժշտական կրթութիւն. կրնայ ազատօրէն տալ իր գնահատականը ու արժեւորել տարուած աշխատանքը: Հայրենիքդ է հողը, որուն վրայ կանգներ ես ու կը մեկնաբանես դասական երաժշտութիւն. հիանալի՛ է: Հակառակ որ արտասահման կ՛ապրինք, բայց կը կրենք Երեւանը մերը ըլլալու ու մայրենի ըլլալու զգացումն ու գիտակցութիւնը: Հետեւաբար մարդ իր հողին վրայ աւելի հպարտ կը ստեղծագործէ:

Իրականութեան  մէջ տարբերութիւն չկայ Երեւանի,  Լիբանանի կամ աշխարհի տարբեր մասերուն վրայ իմ կատարումներուս միջեւ: Ես ո՛ւր որ եմ, իմ լաւագոյնս կ՛աշխատիմ ներկայացնել հանդիսատեսին ինչ ազգի ալ պատկանի ան, ու հայ երգը, հայ մշակութային արժէքները հասցնել անոր:  Տարբերութիւնը կը կարծեմ կը կայանայ ունկնդիրներուն միջեւ, որովհետեւ ամէն միջավայր ունի որոշ երաժշտական կրթութիւն:

«Ա.».- Ի՞նչ էին  ձեր տպաւորութիւնները:

12167826_10153322948054247_370008649_n

Շ. Թ.- Ինծի համար մեծ պատիւ էր ներկայացնել Լիբանանը եւ Համազգայինը Հայաստանի մէջ: Երեւանի մէջ շատ հարազատ կը զգայի, որովհետեւ հայրենիքիս մէջն էի: Համերգներու աւարտին շատեր կը մօտենային ինծի ու զարմանքով հարց կու տային, թէ ինչպէ՛ս Լիբանանի մէջ ստանալով երաժշտական կրթութիւն` բարձրարուեստ կատարումով հանդէս եկայ: Կը քաջալերէին ջերմօրէն, կը գանահատէին: Ինծի համար անսահման ուրախութիւն էր, երբ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի հայկական եւ հոգեւոր երգերու բաժանմունքի պատասխանատուներ եւ մասնագէտներ մօտեցան ու արուեստս քաջալերեցին: Թէեւ շատեր ծանօթ էին լիբանանահայ գաղութին, բայց չէին կրնար պատկերացնել, որ Հայաստանէն դուրս կարելի ըլլայ Կոմիտաս մեկնաբանել այսքան անաղարտ ու յստակ երգեցողութեամբ: Ամբողջ ժամանակը ես զգացուած էի: Շատ գոհ էի ու երախտապարտ` մասնակցելուս համար:  Փառատօնը նպաստեց, որ ծանօթանամ այլ արուեստագէտներու, նոր կապեր հաստատեմ երաժիշտներու, մասնագէտներու հետ:  Յայտնեմ, որ արդէն Երգիչներու միջազգային ընկերութեան վարիչ տնօրէն Նուարդ Յովակիմեան զիս նշանակեց այդ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը Լիբանանի մէջ: Այս ընկերութիւնը կ՛աշխատի համերգներ կազմակերպել երկիրներու մէջ, կը հրաւիրէ երգիչներ, մրցումներ կ՛իրագործէ ուսանողներուն միջեւ եւ այլն:

Հոգեպէս հանգիստ եմ, որ ամէն բան բարեյաջող ընթացք ունեցաւ եւ լաւ արդիւնքով, գնահատականներով վերադարձայ ծննդավայրս` Լիբանան: Յաջողեցայ նաեւ յառաջիկային նոր ծրագիրներ մշակել:

Այս փառատօնը, իմ կարծիքովս, մէկտեղեց հայրենիքի եւ սփիւռքի մշակութային ներուժը, նպաստեց Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապերու սերտացման ու զարգացման: Նման ձեռնարկները լաւագոյն միջոցներն են, որ սփիւռքահայ արուեստագէտն ու երաժիշտը Հայաստանի մէջ ապրող ու ստեղծագործող արուեստագէտներուն հետ շփում ունենայ, գաղափարներ ու տեսակէտներ մշակէ, աշխատանքի դաշտը կայունացնէ:

Հայաստանի մէջ խորապէս կ՛ուսումնասիրուի դասական երաժշտութիւնը: Հոն երաժշտական կրթութեան կարելիութիւններն ու հնարաւորութիւնները անսահման են: Օփերայի առկայութիւնը ինքնին բաւարար ապացոյց է ըսածիս: Մենք պէտք է գնահատենք եւ մանաւանդ հնարաւոր չափով օգտուինք Հայաստանի երաժիշտներէն, անոնց գիտութենէն ու փորձառութենէն: Չբաւարարուինք մեր գիտցածով. մարդ սորվելու եւ մասնագէտէն ընդունելու փափաք պէտք է ունենայ, որպէսզի ինքզինք զարգացնէ:

Շնորհակալութիւն պէտք է յայտնել սփիւռքի նախարարութեան` փառատօնի իրականացման առնչութեամբ, որովհետեւ այս համերգներով նախ պատգամ տրուեցաւ տէր կանգնելու Կոմիտասի մեծ արուեստին, ապա խորապէս շեշտուեցաւ  համախմբուածութեան անհրաժեշտութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ:

«Ա.».- Լիբանանի արուեստասէր հասարակութեան եւ մանաւանդ նոր սերունդին ի՞նչ ունիք ըսելիք:

Շ. Թ.-Նոր սերունդը երբեք պէտք չէ մեղադրել դասական երաժշտութենէն անգիտակ ըլլալուն համար, որովհետեւ մանուկը չի գիտեր` ի՛նչ պիտի լսէ, չի գիտեր` ի՛նչ երաժշտութիւն պիտի ընտրէ, այդ մէկը կ՛ընեն իր ծնողներն ու շրջապատը: Ճիշդ է, որ ամէն երաժշտութիւն իր տեղը ունի, ինչպէս` ժողովրդայինը, էսդրատան, բայց մանուկը երբ նոր պիտի թրծուի երաժշտութեան մէջ, ծնողները պարտաւոր են ստեղծել անոր համար այն միջավայրը, որ նպաստէ դասական երաժշտութիւն ունկնդրելու: Իսկ դպրոցի մէջ երաժշտութեան ուսուցիչները պարտաւոր են աշակերտներուն մաքուր ու ճիշդ երաժշտական կրթութիւն տալ` ունկնդրել տալով նաեւ դասականը, որովհետեւ փոքրերը չեն գիտեր զանազանել լաւ երաժշտութիւնը անորակէն:

Համաշխարհայնացման հոսանքը զօրաւոր է, բայց վերջին տարիներուն կը զգամ, թէ հետաքրքութիւնն ու կապը դասականին հանդէպ քիչ մը աւելի խորացած է: Երբ նոր սկսայ երաժշտութիւն դասաւադել, ուղղակի կը զարմանայի, որ փոքրիկները տեղեակ չեն դասականէն, չեն ուզեր լսել, հաճելի չէ իրենց, բայց հիմա կը հաստատեմ, որ բաւական վարժ են դասական ունկնդրելու:

Իսկ ինչ կը վերաբերի լիբանանահայ գաղութին, կրնամ ըսել, որ, իւրաքանչիւր համերգէ ետք կը զգամ, որ ունկնդրողներուն թիւը աւելի կը մեծնայ. սա կը նշանակէ, որ հետաքրքութիւնը կ՛աւելնայ: Իմ պարտաւորութիւնս է ժողովուրդը հետզհետէ մղել ունկնդրելու նաեւ դասական երաժշտութիւն եւ ունենալու երաժշտական բազմատեսակ ճաշակ: Երկար տարիներու պատերազմական մթնոլորտն ու անոր դաժանութիւնը պատճառ դարձան, որ ժողովուրդը հեռու մնայ դասական համերգներէ ու երգահանդէսներէ: Ճնշող վիճակէն դուրս գալու համար ժողովուրդը հակում ունէր դէպի այլ ժանրեր, կը նախընտրէր ոչ դասականը: Բայց յետպատերազմեան տարիներուն կարելի եղաւ յաղթահարել այս կացութիւնը: Հետզհետէ գաղութը սկսաւ ինքզինք գտնել եւ կրկին վերադարձաւ դասականին: Մեր ազգային երաժշտութիւնը ինքնին դասական է, չունինք թոյլ ու տկար մեղեդիներ: Վերջապէս, կը հաւատամ, որ պայման չէ, որ ամէն մարդ սիրէ դասականը, բայց որպէս ազգային արժէք ու ժառանգութիւն` ամէն հայ պարտաւոր է զայն յարգել ու արժեւորել:

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. Մայր, Անունը Հայաստան (2)

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?