Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիներ 007-ի Շարժանկարներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 30, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՔՄԵՐԵԱՆ

bondgirls_0_103015Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ 6 նոյեմբերին կը սկսի ցուցադրուիլ Ճէյմս Պոնտի նոր շարժանկարը` «Սփեքթըր» (առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ  Բրիտանիոյ մէջ, 26 սեպտեմբերին):

Համացանցի տարբեր կայքեր ամիսներէ ի վեր հարուստ են «Սփեքթըր»-ի մասին  նիւթերով:

MONICA_103015

Յատկանշական նորութիւնը այն է, որ իտալացի դերասանուհի Մոնիքա Պելուչի 51 տարեկանին դարձած է Պոնտի շարժանկարներու ամէնէն տարեց հերոսուհին:

Արդարեւ, սքանչելի է, երբ նկատի առնենք ամբողջ պատմութիւնը շարժանկարներու, որոնց մեծամասնութիւնը կարծես թէ կը փորձեն ձեւացնել, որ կիները կը դադրին գոյութիւն ունենալէ, անգամ մը որ անցնին 34 տարեկանը:

Ursula_103015

Պոնտի շարժանկարներու շարքին մէջ, անշուշտ, առաջին կինը Ուրսուլա Անտրեսն էր, որ 1962-ին պատրաստուած Տաքթըր Նօ-ին մէջ ծովէն ելաւ սպիտակ պիքինի հագած:

Այդ օրերուն 20-ամեայ Ուրսուլան Պոնտի կիներու չափանիշ ճշդեց կարծես… Տաքթըր Նօ-ին մէջ իբրեւ Հոնի Ռայտըր` ան հաւասարապէս ցանկայարոյց, համարձակ եւ անկախ էր, եւ ասոնք զինք աւելի քաշողական դարձուցին:

Արդարեւ, ինքնաբաւ, միաժամանակ դիւրաբեկ ըլլալու այս հետաքրքրական խառնուրդն է, որ ըստ քննադատներու, շարժանկարի պատմութեան ամբողջ ընթացքին կը տարբերակէ Պոնտի աղջիկները` լրտեսական շարժանկարներու մէջ երեւցող աղջիկներու մեծամասնութենէն:

Կասկած չկայ, որ կին կերպարները, թիւով 77, Պոնտի շարժանկարներուն մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունեցած են, սակայն երկար ատեն անոնք պարզապէս անուանուած են «Պոնտի աղջիկներ», կարծես` 007-ի համար ժամանցի, զբաղումի առարկաներ ըլլային, այժմ շնորհիւ բեմադրիչ Սեմ Մենտեզի, անոնք կ՛անուանուին` «Պոնտի կիներ»:

«Մինչ Ուրսուլա  Անտերս կրնայ Պոնտի շարժանկարներու իգական նախատիպը ըլլալ, բազմաթիւ կիներ իրենց  անհատականութիւնը դրոշմեցին 007-ի շարքին վրայ, որ  ոչ միայն ընդարձակուեցաւ ժամանակաշրջանի եւ տարածքի, այլեւ ընկերային քաղաքականութեան առումներով:

Առաջին Պոնտը` Շոն Քոնըրի, հարցազրոյցի մը մէջ նշած էր, թէ ինք ոչ մէկ սխալ կը տեսնէ կին մը հարուածելու մէջ:

Ճիշդ է` կիներու հանդէպ ամբողջ մտայնութիւն մը, մօտեցում մը տարիներու ընթացքին փոխուած է, սակայն երեք տարի առաջ հրապարակուած «Սքայֆոլ»-ին մէջ, անարգ ոճիրով մը Պոնտի ընկերուհիին սպանութիւնը մասնաւոր արձագանգի չ՛արժանանար 007-ի կողմէ: «Սքայֆոլ»-ի վերջաւորութեան նաեւ կը սպաննուի`  Պոնտի վերջին 7 ժապաւէններուն մէջ Էմ.Այ.6 սպասարկութեան  պետին դերը  մարմնաւորող շարժապատկերի ապրող հսկան` Տիկին Ճուտի Տենչ, որ կարելի է միայն պատկերացնել  իբրեւ անմահ մը ե՛ւ կեանքի, ե՛ւ շարժապատկերի մէջ:

Judi-Dench-as-M-the-head--001_103015

Ութսունամեայ տիկին Ճուտի Տենչ անցեալ տարի հարցազրոյցի մը ընթացքին բացայայտեց, որ լացած է, երբ Պոնտի շարժապատկերներու արտադրիչները ըսած են իրեն, որ Էմ.Այ.6 սպասարկութեան պետը «Սքայֆոլ»-ին մէջ կը սպաննուի եւ ինք այլեւս դեր չունի:

«Ինծի նրբօրէն ըսին, եւ ես խնդացի արցունքներուս ընդմէջէն: Հանգուցեալ ամուսինս (դերասան Մայքըլ Ուիլիամս) քաջալերած էր զիս, որպէսզի ընդունիմ Պոնտի ժապաւէններուն մասնակցիլը: Ան կ՛ուզէր ապրիլ Պոնտի կնոջ մը հետ: Օ՛հ, Աստուած իմ…»:

Վստահաբար շարժապատկերներու այս շարքը տակաւին երկար տարիներ պիտի շարունակուի: Եւ մինչ մենք տարուէ տարի կը մեծնանք, աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր լրտեսը` Պոնտ, Ճէյմս Պոնտ պիտի մնայ նոյն տարիքին:

 

Պոնտ «Ներշնչող»

Ճէյմս Պոնտ շարժապատկերներու շարքը աւելի քան 50 տարուան ընթացքին բազմաթիւ նիւթեր հայթայթած է հարիւրաւոր գիրքերու, պատկերասփիւռային հաղորդաշարներու, կատակերգական շարժապատկերներու, յօդուածներու, համացանցային խաղերու եւ անշուշտ` երգիծանկարներու:

007 շարժապատկերներու նիւթերը, դերասան-դերասանուհիները, բեմադրիչները յաճախ երգիծանքի առարկայ դարձած են, սակայն 50 տարի ետք տակաւին Ճէյմս Պոնտի շարժապատկերներու հմայքէն ոչինչ փոխուած է:

Ա1_103015

Բ1_103015

Գ2_103015

 

 

 

 

 

 

 

 

Դ2_103015

Գ1_103015

Ա2_103015

Նախորդը

ՀՅԴ – ԼԵՄ-ի Մտային Խաղերու Մրցում

Յաջորդը

Քրիստափոր Միքայէլեան (1859-1905), Հայու Յեղափոխական Կամքին Եւ Մարտունակ Ուժին Դարբինը

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?