Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարեւ Ընկեր… (Գրիգոր Գժտրեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Հոկտեմբեր 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

KrikorKjdrian_103115f

«Ամէն շնչաւոր էակ վախճան ունի. եւ ամէն շնչաւոր կը դիմադրէ մահուան, կը դիմադրէ անվերադարձ  հեռանալուն…»:

Այս խօսքերը կը հնչէին քու խաղացած կերպարներէդ մէկուն շրթներէն, սակայն չեմ յիշեր, ո՞ր մէկն էր ան: Իմաստուն օդաչո՞ւն, ըմբոստ Նիքոլո՞ն, կաղ օրէ՞նքը, բարեգործ մուրացկա՞նը, խորհրդարանական շո՞ւնը, արդեօք միլիոնատէր  Սեւա՞կը, թէ՞ բարի Մարգարը, թերեւս «կնոջ դիմանկար»-ի տղամա՞րդը, որ եղաւ քու «կարապի երգդ»…

Շատեր կը սիրեն թատրոնը, բայց քիչ կը պատահի, երբ թատրոնն ալ զիրենք սիրէ:

Համազգայինի Այնճարի «Լուսարձակ 40»-ի բեմը սիրեց քեզ, գնահատեց քու համեստ ներդրումդ ու տարածեց զայն: Որքան հեռացանք Այնճարէն, այնքան աւելի ուժգին հնչեցին ծափերը: Երբեք գլխապտոյտ չունեցար, որովհետեւ «կը սիրէիր թատրոնը քու մէջդ, ոչ թէ դուն քեզ` թատրոնին մէջ»: 90-ականներու սկիզբը նուիրեալ տղոց հետ միասին «մոմ մը» վառեցինք Զահլէի մարած բեմին վրայ, ապա տարիներու ընթացքին, յաճախ հոսանքին հակառակ թիավարելով, մեր երթը շարունակուեցաւ դէպի Դամասկոս, Պէյրութ, Հալէպ, Քեսապ, Նիկոսիա, Երեւան ու Վանաձոր:

12193962_630936823711360_1011401118_o

Անկարելի է մոռնալ 1996-ին եւ 2001-ին Կիպրոսի մէջ ունեցած մեր ելոյթներէն ետք թատերասէրներու զարմացած հայեացքները, երբ կը տեղեկանային, թէ` ինքնատիպ ու անմիջական կերպարներու կերտողը արհեստավաժ դերասան չէ, այլ հացագործ, թէեւ յաճախ «Մեր հացին մէջ աղ չէր ըլլար»:

2005-ին հայաստանեան մեր հիւրախաղերը Երեւանի եւ Վանաձորի մէջ կ՛ընթանային լեփ-լեցուն սրահներով, շռնդալից ծափահարութիւններով, անթիւ ծաղկեփունջերով, մամլոյ ասուլիսներով, հարցազրոյցներով ու յօդուածներով: Հայրենի հանդիսատեսը սիրեց ու գնահատեց քեզ: Կը շիկնէիր, երբ ներկայացման աւարտին շնորհաւորողներու բազմութիւնը խաղընկերներուդ շարքին նաեւ քեզմէ ինքնագիր կը խնդրէր կամ կը լուսանկարուէր հետդ:

Բոլոր դերակատարումներդ սիրելի էին, սպասուած, բացի վերջինը, որ տրուեցաւ քեզ ի վերուստ, յանպատրաստից, մէկ ակնթարթի մէջ եւ ամբողջովին դարձար պերճախօս լռութիւն:

Այո՛, ամէն էակ կը դիմադրէ անվերադարձ հեռացման, յատկապէս մարդը. կը դիմադրէ` տառապանքներով, բերկրանքներով, միտքերով ու յոյսերով լեցուն իր ոգեղէն աշխարհի անհետանալուն, սակայն մոռացութեան կողքին կ՛ապրի յիշողութիւնը, մահուան կողքին` սէրը: Հակասական այդ լայնահուն հոսքէն իւրաքանչիւրը կ՛որսայ այն, ինչ իրենն է եւ կը շարունակուի ընթացքը, ամէն ինչ տանելով իրեն հետ:

Հարիւրաւոր անգամներ միասին պետական սահմաններ հատեցինք, սակայն հնարաւոր չեղաւ հատել մեր միջեւ գոյացած սահմանը, որուն երկու կողմերուն ալ անսահման կարօտ կար ու լուսաւոր կենսագրութիւն:

Եթէ ունայն այս իրականութեան յաջորդող այլ կայան մը գոյութիւն ունի, ապա օր մը դարձեալ կ՛ըսենք` բարեւ ընկեր ու դարձեալ մոմ մը կը վառենք մելպոմենայի ջահէն` շարունակելով մեր աւանդական երթը անհեթեթի յաւերժական խաչուղիներով…

ՌՈՊԷՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ինչո՞ւ Ռիւկպիի Գնդիկը Հաւկթաձեւ Է

Յաջորդը

Թուրք Կարմիր Մահիկի Բո՛ւն Հիմնադիրը` Տոքթ. Տիգրան Փաշա Փեշտիմալճեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?