ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հոկտեմբեր 18-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայկական յեղափոխութեան անզուգական առաջնորդին` Քրիստափոր Միքայէլեանի, որուն մարտիրոսացման 110-ամեակը լրացաւ այս տարուան մարտ 17-ին:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյնն ու կեդրոնական դէմքն է Քրիստափոր, որ մեր ժողովուրդի նորագոյն շրջանի պատմութեան մէջ անկրկնելի բարձունք մը նուաճեց իբրեւ հայու յեղափոխական կամքին ու յանդգնութեան, այլեւ մարտունակ ուժին եւ կազմակերպական տաղանդին մարդակերտ դարբինը:
Կամքեր կռանելու եւ հզօրացնելու բնատուր տաղանդով էր օժտուած Քրիստափոր, որ կրցաւ հայոց ցիրուցան եւ եսակեդրոն կամքերէն հաւաքական ու կազմակերպ ուժ ստեղծել` բոլորը միաձուլելով անսակարկ զոհաբերութեան եւ երկաթեայ կարգապահութեան անսպառ ոգիով:
Հայ ժողովուրդի կեցութեան ընդհանուր բարեշրջման եւ Հայաստանի ազատագրութեան մեծ դատին աննկուն դրօշակիրն է Քրիստափոր, որ իր անձին օրինակով, անյողդողդ կամքով եւ արութեան գործերով գաղափարական ու քաղաքական անվեհեր եւ երկարաշունչ պայքար շղթայազերծեց` յանուն Սրբազան գործին յարատեւ կռիւի ուղին հարթելով հայութեան նորահաս սերունդներուն առջեւ:
Քրիստափոր մարմնաւորումն է, մանաւա՛նդ, անհաւասար ուժերով կռիւի դաշտերէն յաղթական դուրս գալու հաստատակամութեան ու ինքնավստահութեան` դարերով գերութեան, անձնատուութեան եւ մեղկութեան համակերպած հայ մարդոցմէ կերտելով նոր ժամանակներու հայը, անոր մէջ ամրապնդելով յանուն ազատութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը:
Մէկ խօսքով, Դաշնակցութիւնը առաւելագոյն չափով անձնաւորող առաջնորդն է Քրիստափոր Միքայէլեան, որ իր թողած գաղափարական-քաղաքական ժառանգութեամբ եւ բարոյական-կազմակերպական կերպարով կը շարունակէ ներշնչման աղբիւր եւ լուսատու փարոս մնալ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան պայքարին զինուորագրուած ուխտաւորներուն համար:
Պատմական Հայաստանի Գողթն գաւառի վերին Ագուլիս մեծ գիւղի ծնունդ էր հայկական յեղափոխութեան առաքեալը: Մանուկ տարիքէն կեանքի պայքարը սկսաւ Քրիստափորի համար. 4 տարեկան էր, երբ մայրը կորսնցուց, իսկ 10 տարեկանին` հայրը: Նիւթական անձուկ պայմաններու մէջ նախնական կրթութիւնը ստացաւ ծննդավայրի դպրոցին մէջ եւ փայլուն արդիւնքով աւարտեց զայն: Դպրոցի հոգաբարձութիւնը, տեսնելով եւ գնահատելով որբ աշակերտին ուսումնատենչութիւնը, յանձն առաւ հոգալ Քրիստափորի հետագայ ուսման ծախսերը` պայմանաւ, որ ան յանձն առնէ վերադառնալ գիւղ եւ ստանձնել ծննդավայրի դպրոցին մէջ ուսուցչական պաշտօն: Այդպէ՛ս, 1874-ին, Քրիստափոր անցաւ Թիֆլիս, ուր երկու տարուան նախապատրաստական պարապմունքէ ետք ընդունուեցաւ Ուսուցչական ճեմարանը, որուն քառամեայ ուսման շրջանը աւարտեց 1880-ին` առաջին կարգի մրցանակով:
Ճեմարանի տարիները բախտորոշ նշանակութիւն ունեցան երիտասարդական տարիքը թեւակոխող Քրիստափորի համար: Ռուսական «Նարոտնայա վոլեա» («Ժողովրդային կամք») յեղափոխական կազմակերպութեան վերելքի ժամանակաշրջանն էր, եւ կովկասահայ երիտասարդութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ փարած էր անոր տարածած ընկերվարական գաղափարներուն: Համառուսական այդ շարժման անմիջապէս միացաւ նաեւ Քրիստափոր` ռուս յեղափոխականներու հետ սերտ կապեր հաստատելով եւ հետագայ տարիներուն այդ կապերը ամրապնդելով:
Ճեմարանը աւարտելով` Քրիստափոր վերադարձաւ իր ծննդավայր գիւղը եւ երկու տարի ուսուցչութիւն ըրաւ: Ուսուցչական այդ տարիները Քրիստափորի մէջ արմատաւորեցին յեղափոխական ու ընկերվարական խոր համոզումներու տէր գործիչը: Տեսաւ ցարական բռնատիրութեան գործած աւերը ընդհանրապէս գիւղական աշխարհին եւ յատկապէս հայ գիւղացիութեան մէջ: Ծառացաւ այն բոլոր անարդարութեանց եւ անիրաւութեանց դէմ, որոնց կ՛ենթարկուէր հայ ժողովուրդը ցարական պաշտօնէութեան կողմէ պարզապէս այն պատճառով, որ հայ էր…
Ամառնային իր արձակուրդները Թիֆլիս անցընելով` Քրիստափոր մօտէն շփում հաստատեց հայ իրականութեան մէջ երեւան եկած ազգային-ազատագրական շարժման խմորումներուն հետ` յատկապէս Գրիգոր Արծրունիի հրատարակած «Մշակ»-ին շուրջ խմբուած մտաւորականութեան ծանօթանալով: Այդ շրջանին է, որ Քրիստափորի մէջ սկսաւ ձեւաւորուելու ազգային հողի վրայ յեղափոխական շարժում յառաջացնելու գաղափարը: Եւ երբ 1885-ին ցարական կառավարութիւնը որոշեց փակել 400 հայ դպրոցներ` անոնց 20 հազար աշակերտութիւնը եւ 3 հազար ուսուցիչները փողոց ձգելով, Քրիստափոր իր ընկերներով ձեռնարկեց ժողովուրդին մէջ թռուցիկներ բաժնելու եւ բողոքի ալիք բարձրացնելու շարժումին: Բայց հայութիւնը դեռ հասունցած չէր ազգային-քաղաքական ազատագրումի մտածողութեամբ, եւ Քրիստափոր չգտաւ այն արձագանգը, որ 1903-ին պիտի յառաջանար հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման դէմ Դաշնակցութեան ծաւալած բողոքի շարժումին շուրջ:
1885-ի վերջերուն, մեծանուն վիպասան Րաֆֆիի բարեխօսութեամբ Մոսկուայի մեծահարուստ Մելքոն Գասպարիչ Փանեանցէն նիւթական աջակցութիւն գտնելով` Քրիստափոր մեկնեցաւ Մոսկուա, որպէսզի բարձրագոյն ուսման հետեւի:
Բայց մէկ կողմէ նիւթական դժուարութիւնները, իսկ միւս կողմէ` հայ երիտասարդութեան մօտ յեղափոխական տրամադրութեանց բորբոքումը մղեցին Քրիստափորը, որ երկու տարի ետք, կիսատ ձգելով համալսարանական ուսումը, վերադառնայ Թիֆլիս եւ ամբողջապէս նետուի յեղափոխական պայքարի ասպարէզ:
Արմէնական եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները արդէն կեանքի կոչուած էին, բայց տակաւին մեծ էր թիւը այն խմբակներուն, որոնք Կարինէն մինչեւ Թիֆլիս եւ Մոսկուա յեղափոխական բուռն խմորումներու մէջ էին, բայց միաւորուած չէին եւ ցիրուցան վիճակ մը կը պարզէին: Քրիստափոր ձեռնարկեց ե՛ւ նորաստեղծ զոյգ կուսակցութիւնները, ե՛ւ անջատաբար պայքարի լծուած խմբակները իրարու մօտ բերելու եւ միացնելու աշխատանքին: Թէեւ Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ Ռուբէն Խանազատ համաձայնութիւն յայտնեց Դաշնակցութեան մը մէջ բոլոր յեղափոխականները ի մի բերելու գաղափարին, բայց Հնչակեան կեդրոնը հետագային մերժեց միանալ նորակազմ հոսանքին եւ այդպէ՛ս, 1890-ի ամրան, յատկապէս Քրիստափորի ու Զաւարեանի ջանքերով, ծնունդ առաւ Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւնը:
Նորաստեղծ Դաշնակցութեան կազմութեան եւ գաղափարական տարբեր աշխարհայեացքի տէր հայ յեղափոխականներու միաւորման գործին մէջ առանցքային եղաւ Քրիստափորի անձնական ներդրումը:
Որոշապէս իր նկարագիրին շնորհիւ` Քրիստափոր յաջողեցաւ ստեղծել գաղափարական, կազմակերպական եւ գործնական այն համախմբող աւազանը, ուր իրարու կապուեցան անխտիր բոլորը` երկու տարի ետք, 1892-ին, Դաշնակցութեան առաջին Ընդհանուր ժողովին, պաշտօնապէս վերածուելու համար Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան:
Այնուհետեւ սկսաւ նորաստեղծ կուսակցութիւնը գաղափարական եւ կազմակերպական, քաղաքական եւ մարտական ինքնահաստատման հունի մէջ մտցնելու դժուարին աշխատանքը: Զաւարեանի եւ Ռոստոմի հետ գործակցաբար` Քրիստափոր ամուր հիմերու վրայ դրաւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ը, որուն էջերուն լոյս տեսան Դաշնակցութեան ծրագիրն ու քաղաքական առաջադրանքները հիմնաւորող Քրիստափորի առաջնորդող յօդուածները: Քրիստափոր նաեւ հաստատուեցաւ Ժընեւ` «Դրօշակ»-ի կողքին արտասահմանեան քարոզչութիւնը կազմակերպելու, «Փրօ Արմէնիա»-ն հիմնելու եւ երկրի մէջ ծաւալած կենդանի պայքարին ի սպաս Եւրոպայի տարածքին հայանպաստ շարժում յառաջացնելու համար:
Արդէն իր ուղին գտած եւ գործունէութեան դաշտը մեծապէս ընդլայնած Դաշնակցութեան առջեւ նոր մարտահրաւէրներ դրուեցան 1890-ականներու վերջերուն: Յեղափոխական բուռն կռիւը զէնքի եւ զինամթերքի յարաճուն աղբիւրներու անհրաժեշտութիւնը շեշտած էր, իսկ հայ պահպանողականութիւնը` յեղափոխականներու անյաջողութիւնը պատրուակ գործածելով` ընդհանրապէս վարկաբեկել կը փորձէր հայոց ազգային-ազատագրական պայքարը:
Քրիստափոր վերադարձաւ Կովկաս եւ ձեռնարկեց «Փոթորիկ»-ին, որ հայ ունեւոր խաւը դրաւ յեղափոխական գործին նիւթապէս զօրավիգ կանգնելու պարտաւորութեան տակ` ի հարկին ծանրագոյն պատիժի ենթարկելով Ժամհարեանի օրինակով այն մեծահարուստները, որոնք ոչ միայն իրենց աջակցութիւնը մերժեցին բերել ընդհանուր պայքարին, այլեւ ցարական իշխանութեանց մօտ մատնիչի ամօթալի վարք դրսեւորեցին` ցարական ոստիկանութեան պաշտպանութիւնն ու հովանաւորութիւնը խնդրելով` ընդդէմ հայ յեղափոխականներուն:
Վրայ հասան պատմական տարողութեամբ մեծակշիռ զարգացումներ` ա) 1903-ի հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման ցարական հրամանագիրն ու անոր դէմ ծաւալած համաժողովրդական ըմբոստացումը, բ) Սասնոյ երկրորդ ապստամբութիւնն ու համիտեան նոր ջարդերը անզէն հայութեան դէմ:
Դէմ յանդիման այդ բոլորին` Քրիստափոր իր տարերքին մէջ էր, բոլոր ճակատներուն վրայ յեղափոխական կռիւի վճռականութեան թափ տալով, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործը ամուր հիմերու վրայ դնելով, Եւրոպայի տարածքին ի նպաստ հայութեան ազդու շարժում յառաջացնելով:
Ահա այդ մթնոլորտին մէջ, Քրիստափոր ՀՅԴ Գ. Ընդհանուր ժողովին ներկայացուց Կարմիր սուլթանը ահաբեկելու ծրագիրը, ստացաւ Դաշնակցութեան կամքը ներկայացնող ժողովին համաձայնութիւնը եւ անձամբ լծուեցաւ ծրագրի գործադրութեան:
Բայց ճակատագիրը ուրիշ եւ դառնագոյն վախճան վերապահեց հայու յեղափոխական յանդգնութեան անկրկնելի ռահվիրային: Վիտոշ լերան լանջին, Պուլկարիոյ մէջ, Վռամշապուհ Քենտիրեանի հետ ռումբի փորձարկման պահուն, 1905 թուականի մարտ 17-ին, մեծ յեղափոխականը իր ընկերոջ հետ զոհ գնաց ռումբի ապաժամ պայթումին…
46 տարեկանին կտրուեցաւ կեանքի թելը Քրիստափորի:
Իր նահատակութեամբ եւս` Դաշնակցութեան հիմնադիրը պատմական օրինակ մարմնաւորեց. յեղափոխութեան առաջնորդը սեփական օրինակը տուաւ յանուն գաղափարի իր սեփական գերագոյնը զոհաբերելու յանձնառութեան:
Քրիստափոր իր ժամանակակիցներուն եւ գաղափարի ընկերներուն կողմէ հռչակուեցաւ «մարդակերտ», որովհետեւ հայ ժողովուրդի ընդհանուր կեցութեան բարեփոխման ճամբով Դաշնակցութեան մեծ դարբինը հետամուտ եղաւ հայու հոգեկերտուածքին յեղաշրջման` ստրկացուած հայուն սեփական տկարութիւնները յաղթահարելու եւ արտաքին թէ ներքին կաշկանդումներէ ազատագրեալ լիարժէք հայը կերտելու առաքելութեան:
Այդ մղումով` Քրիստափոր հայ ժողովուրդի ստրկամտութիւնը եւ եսապաշտութիւնը «պատմական չարիք» որակեց ու յորդորեց.
«Մենք կարող ենք, ի հարկէ, նոյն մեր անձնապաշտ արեան հետեւելով, անիծել երկրագնդիս բոլոր քաղաքակիրթ ազգերին էլ, որ այն ժամանակ, երբ մենք անասնական թէ սրիկայական, վաշխառուական թէ ստրկական ժպիտներով վերաբերուեցինք դէպի օրաւուր մեր առաջը գտնուող խնդիրները, նրանք` այդ ժողովուրդները, գլխապատառ, ոտի տակ չտուին իրենց բոլոր շահերը եւ հայկական կռուի դաշտը չգրաւեցին… Այո՛, կարող ենք այդ էլ անել, ուրիշ շատ բաներ էլ անել, բայց երբ պիտի քաղաքացիական համարձակութիւն ունենանք մի փոքր էլ մեզ վրայ անդրադառնալու եւ մեր բարոյական պակասութիւններին, մեր վատառողջ բնազդներին, մեր ազգային ախտերին` «պատմական այդ չարիքին» եւս` որոշ տեղ տալու մեր կրած տառապանքների ու մեր ներկայ ծանր կացութեան մէջ…»:
Նոյն համոզումով էր նաեւ, որ «մարդակերտ»-ի նախանձախնդրութեամբ ան ուղղեց ու հունաւորեց քայլերը իր գործակիցներուն, ինչպէս որ կը պատգամէր իր քրոջ զաւակին` ՀՅԴ հիմնադիր սերունդի գործիչ Յովսէփ Թադէոսեանին, անոր ուղղուած նամակի մը մէջ.
«Զարմանալի բնաւորութիւն ունես դու. ո՛ւր գնում ես, մարդկանց բաժանում ես այծերի եւ ոչխարների… Այդպէս չի՛ կարելի: Մարդիկ ո՛չ հրեշտակներ են եւ ո՛չ էլ սատանաներ: Ամէն մարդու մէջ կան ե՛ւ լաւ, ե՛ւ վատ կողմեր: Պէտք է գիտենալ լաւ կողմերի վրայ յենուել ու գործել: Պէտք է աշխատել մարդկանց առաքինութիւնները դրսեւորել տալ…»:
Հայ մարդուն մէջ առաքինի յեղափոխականը թրծող մարդակերտը եղաւ ու պիտի մնայ անզուգական Քրիստափորը` հայու յեղափոխական կամքին եւ մարտունակ ուժին դարբինը: