ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Վերջերս, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Վերին ատեանը վերջնական վճիռ կայացուց «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» դատական գործի առնչութեամբ: Ատեանին որոշումն էր անպարտ արձակել Զուիցերիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակային ուրացման յանցանքով դատապարտուած Տողու Փերինչեքը. անձնաւորութի՛ւն, որ յայտնի է համաշխարհային հանրութեան իր փանթուրքիստ, ցեղապաշտ եւ հակահայ գործունէութեամբ, եւ որ եկած էր Զուիցերիա թուրք պետութեան խափանարար քաղաքականութեան որպէս հետեւորդ եւ եկած էր Հայոց ցեղասպանութեան փաստը հրապարակաւ ժխտելու գրգռիչ իր պատգամով, ուղղուած` Զուիցերիոյ թուրք զանգուածին:
Բազմահարիւր էջերու վրայ փռուած դատական գործի զեկոյցը կը փորձէ հաւաստիացնել, որ դատարանի մեկնակէտը անհատի իրաւունքներն են եւ` ոչ ուրիշ բան: Այսինքն ազատ խօսքի նուիրագործուած սկզբու՛նքը Եւրոպայի մէջ` թէկուզ այն հետեւանքով, որ դատարանի այս վճռով էապէս պաշտպանութիւն կը տրուի ֆաշիզմի բացայայտ քաղաքականութեան: Զեկոյցը կը փորձէ այս գաղափարախօսական դիրքերէ՛ն արդարացնել դատարանի որոշումը` միաժամանակ խնդրոյ առարկայ դարձնելով զուիցերիական արդարադատութեան մակարդակը դատական այս գործին մէջ:
Նախ պէտք է մատնանշել, որ դատարանի այս մօտեցումը բացէ ի բաց կը հակասէ եւրոխորհրդարանի 28 նոյեմբեր 2008 թուի Ուղեգծային որոշումին (Décision-Cadre 2008/913/JAI du Conseil du 28 Novembre 2008), որ յստակ սահմաններ կը դնէ ազատ խօսքի չարաշահութեան վրայ, երբ հարցը կը վերաբերի ցեղասպանութիւններու հրապարակային ուրացման երեւոյթին:
Ճիշդ է, որ եւրոխորհրդարանի ուղեգծային որոշումները օրէնքի հանգամանք կը ստանան անդամ երկիրներու ազգային խորհրդարաններու յատուկ օրինագծերով միայն, որպէսզի կիրարկելի ըլլան տուեալ երկրին մէջ. բա՛ն մը, որ արդէն իսկ պարագան է քանի մը անդամ երկիրներու: Իսկ այլ երկիրներ (ինչպէս Ֆրանսան) ներկայիս կը պատրաստուին այդ ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր առնելու: Ճիշդ է նաեւ, որ Զուիցերիան մաս չի կազմեր Եւրոպական Միութեան: Եւ սակայն Զուիցերիան իր օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ եղած է փայլուն օրինակ մը Եւրոպայի մնացեալ մասին եւ օրինակելի նախանձախնդրութեամբ կիրարկա՛ծ` իր հակաժխտողական օրէնքը բոլոր անսաստողներուն դէմ անխտիր, ներառեա՛լ Տողու Փերինչեքի, առանց անսալու Թուրքիոյ ճնշումներուն:
Բայց հարց տանք, թէ ի՞նչ չափով դատարանը եղած է հետեւողական անհատի իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդրին մէջ: Փաստը այն է, որ դատարանը նոյն իր որոշումով բացէ ի բաց ոտնակոխած է իր իսկ «դաւանած» սկզբունքը` կոպիտ բացառութիւն ընելով Հրէական ողջակիզումին` զայն ազատ կացուցանելով® անհատի իրաւունքներու իր գաղափարախօսական նորմերէն: Այս բացառութեամբ, Դատարանը ոչ միայն վարկաբեկած է ինքզինք, այլեւ ոտնակոխ ըրած է Եւրոպայի հայերո՛ւ մարդկային իրաւունքները` իր թերի վճռահատութեամբ օրինականացնելով Հայոց ցեղասպանութեան դէմ կիրարկուող յայտնի խտրականութիւնը:
Միաժամանակ գիտակցելով այս հսկայ մեղանչումի հետեւանքներուն, դատարանը փորձած է դուրս գալ յիշեալ որոգայթէն` յայտարարելով, որ կ՛ընդունի հայոց իրաւունքը հայութեան հաւաքական յիշողութիւնը պաշտպանելու` կապուած հայ ժողովուրդի պատմական փորձառութեան: Կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ այդ իրաւունքը դատարանը չէ, որ պիտի տայ մեզի եւ յամենայն դէպս այս ուշացած «նրբազգացութիւն»-ը ոչ մէկ ձեւով կը պարտկէ դատարանին կողմէ գործուած անարդարութիւնը, որ յղի է ծանրակշիռ հետեւանքներով եւ առաջին հերթին` Հրէակա՛ն ողջակիզումին համար:
Կը խօսուի այն մասին, թէ դատարանը անուղղակիօրէն ճանաչում տուած է Հայոց ցեղասպանութեան` որդեգրած չըլլալով Նախադատ ատեանի որոշումը այս մասին: Ըստ իս, այս տեսակէտը չի համապատասխաներ իրականութեան: Դատարանի մեծամասնութիւնը մերժած է յարիլ փոքրամասնական վեց դատաւորներու յստակ եզրակացութեան` Հայոց ցեղասպանութեան փաստը անվիճելի հռչակելու: Դատարանը, իր մեծամասնութեամբ, տեսակէտ յայտնած է` ըսելով, որ Նախադատ ատեանը պէտք չէր մտներ ճանաչման հարցին մէջ, եւ սակայն ան բառացիօրէն չեղեալ չէ հռչակած Նախադատ ատեանին որոշումը: Կարեւոր նրբութիւն մը, որ պէտք չէ վրիպի հայկական կողմի ուշադրութենէն: Ասիկա խնդիր մըն է, որ մեկնաբանութեան հսկայ շփոթ մը կը ստեղծէ եւ հսկայ բա՛ց մը` Եւրոպայի խորհրդարաններէն ներս օրէնսդրական յառաջիկայ քայլերը լրջօրէն խոչընդոտող:
Իրականութիւնը այն է, որ դատարանը գործած է շատ թափանցիկ քաղաքական հաշիւներով: Ան որոշում տուած է առանց իսկապէս յաղթահարելու այդ հաշիւներէն բխող իր ներքին երկուութիւնները: Իրաւական այս թերի գործընթացէն նպաստաւորուած է յանցագործը` ինք եւ իր ետին կեցող թուրք պետութիւնը: Դատարանի որոշումով կը ստացուի այն պատկերը, որ Փերինչեք Զուիցերիոյ արդարադատութեան կողմէ անիրաւուած անհատ մըն է: Իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է: Փերինչեք անիրաւուած մը չէ: Ան անիրաւող մըն է, ինչպէս` իր ետին կեցող թուրք պետութիւնը: Այս պարզ եւ անվիճելի իրողութիւնը գիտակցաբար աղաւաղուած է դատարանի ծուռ կողմնորոշումով: Դատարանը նաեւ անփոյթ վարուած է իր իսկ առաքելութեան հանդէպ: Քաջ գիտնալով, որ իր որոշումը վերջնական է, ան այնուամենայնիւ անտեսած է իր կազմէն ներս գտնուող փոքրամասնական մեծ շերտի առկայութիւնը եւ յանցագործին շնորհած` անվերաքննելիութեան իրաւական հզօր զրահը:
Դատարանի այս որոշման քաղաքական հետեւանքները դեռ մեր առջեւն են: Անոնք կու գան աւելնալու յառաջիկայ տարիներուն Եւրոպայի եւ առհասարակ Արեւմուտքի մէջ մեր դիմագրաւելիք միւս մարտահրաւէրներուն: Մենք այս որոշման մէջ յաղթանակներ փնտռելու բարոյական իրաւունքը չունինք, ինչպէս կ՛ընեն Հայաստանի Հանրապետութեան փաստաբանները` Ռապըրթսըն եւ Քլունի: Անոնք կը խօսին իրենց նեղ տեսադաշտի ելակէտերէն: Հայկական կողմը իրաւունք չունի անոնց խօսքը թութակաբար իւրացնելու: Մեր խնդիրն է այսօր ճիշդ արժեւորել հետեւանքները այս որոշման եւ ըստ այնմ նախագծել մեր վաղուան ռազմավարութիւնը: