Լուսաւորիչ Հայրապետին Աջը` Կանթեղ Մեր Հաւատքին
ԹԱԹՈՒԼ ԱԲՂՅ. ԳԱՐՏԱՆԱՔԵԱՆ Սահակ Խապայեան տառապալից ու վշտակիր կաթողիկոսին կողմէ հաստատուած Անթիլիասի Ուխտի օրը, որ կը նոյնանայ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի չարչարանքներուն եւ Վիրապ մուտքին յիշատակման տօնին հետ, տօնն է ջարդէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի անմեռ զաւակներու դարաւոր հաւատքի վերանորոգութեան ու վերականգնումին: Դարեր շարունակ Քրիստոսի եկեղեցին հաւատացած է սուրբերուն բարեխօսութեան եւ մանաւանդ յարգանքի իր գերագոյն պարտքը մատուցած է ու կը մատուցէ...
















