Յօդուածներ

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Թուրքիոյ Կայսերական Ախորժակները Եւ Հաճոյակատարներու Կամաւոր Կուրութիւնը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Եթէ Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ արդարութեան մասին ճառող ղեկավարութիւնները դադրէին բառերու եւ ճկոյթի ետին թաքնուելու խաղէն... Քաղաքագէտներ եւ մեկնաբաններ չեն վարանիր խօսելու Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի, Յորդանանի կայսերապաշտական շահերու հիման վրայ Ա. Աշխարհամարտէն աւարտին գծուած սահմաններու մասին: Ոչ ոք կը համարձակի խօսիլ նոյն Ա. Աշխարհամարտի աւարտին Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք ստեղծուած Թուրքիոյ սահմաններուն մասին, որոնց մէջ ներառուած են ճնշուած եւ...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին 2 Փետրուար 2016-ի Ծրագրային Համապարփակ Ելոյթը` Սահմանադրական Բարեփոխումներու Ուղեցոյց

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու իրավիճակը քննարկող, ախտաճանաչում կատարող եւ բարեփոխումներու բազմաբնոյթ աշխատանքի ուղղութիւնն ու պետութեան բարոյական պարտաւորութիւնները սահմանող գրեթէ ամբողջական հոլովոյթի մը հաստատ եւ սպասուած նախաձեռնութեան մեկնակէտ-հիմնաքարը կարելի է նկատել նախագահին այս ելոյթը (http://www.president.am/hy/statements-and-messages/item/2016/02/12/President-Serzh-Sargsyan-meeting-Constitution-speech/): Նախագահ Սարգսեան ներկայ իրավիճակը կը բնորոշէ` «Անհաւասարութիւն, անարդարութիւն, անպատժելիութիւն, հիասթափուած ժողովուրդ, աղքատութիւն, արտագաղթ` սրանք ցանկացած պետութեան, այդ թւում Հայաստանի Հանրապետութեան համար մարտահրաւէրներ են»: Դժուար է...

Անդրադարձ.  Նոր Օսմանական Հնարք Մը

Արձագանգ. Չխախտել Պատմագրութեան Կանոնները

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Յունուար 12-ին «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ հրատարակուած էր յօդուած մը` «Նոր-օսմանական հնարք մը» խորագիրով, որ կ’անդրադառնայ Թուրքիոյ պետութեան օսմանեան ժամանակաշրջանի կալուածներու տոմարներու եւ կալուածագիրներու վերադասաւորման աշխատանքներուն: Յօդուածին հեղինակը հակիրճ ակնարկ մը կատարելով օսմանեան պատմութեան եւ կայսրութեան կազմաւորման` կը փորձէ ապացուցել, թէ Անգարայի ակադեմական տեսքով երեւցող արխիւային այս աշխատանքը խորքին մէջ կը հետապնդէ քաղաքական նպատակներ, որոնցմէ կը յիշէ նոր-օսմանականութեան իրագործումը:...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Թարգմանական Մատենաշար.  Թարգմանուելիք Գիրքերու Ցանկը Ու Կոչ Թարգմանիչներու

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Թարգմանական Մատենաշար. Թարգմանուելիք Գիրքերու Ցանկը Ու Կոչ Թարգմանիչներու

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը ձեռնարկած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» թարգմանական մատենաշարին, որուն նպատակն է մարդկային եւ հասարակական գիտութիւններու հիմնարար բնագրեր մատչելի դարձնել հայերէնով, ինչպէս եւ կարեւոր հայերէն բնագրեր` այլ լեզուներով: Սոյն յայտարարութեամբ կը հրամցնենք օտար լեզուներէ հայերէնի թարգմանուելիք գիրքերու ցանկը եւ կոչ կ՛ուղղենք հնարաւոր թարգմանիչներու, որպէսզի ներկայացնեն իրենց թեկնածութիւնը: Այս թարգմանութիւններուն միջոցով մեր նպատակն է թափ տալ մտաւորական մտածողութեան...

Ալեն Թասոն` Իր Գրականութեան Ընդմէջէն

Ալեն Թասոն` Իր Գրականութեան Ընդմէջէն

ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Գրականութեան աշխարհին մէջ ամէն միտք, ամէն ապրում, ամէն զգացում արտայայտուած է, ըսուած է արդէն, տրուած ըլլալով, որ խօսքը եւ գրականութիւնը հին են այնքան, որքան` մարդկութիւնը: Հետեւաբար ըսելու ձեւն է, որ կը զանազանէ մէկ գրողը միւսէն, մէկ բանաստեղծութիւնը միւսէն: Իսկ Ալեն Թասոյի գրութիւնները յստակօրէն կը զանազանուին այլ ժամանակակից բանաստեղծութիւններէ, նախ երեւութապէս, ապա` ոճային դիտանկիւնէ: Ալեն Թասոյի գրութիւնները հիմնականին մէջ...

Ժիրայր Փանոսեանի Անհատական Ցուցահանդէսը

Ժիրայր Փանոսեանի Անհատական Ցուցահանդէսը

Կազմակերպութեամբ «Այբ թու զետ» արուեստի վարժարանին, երեքշաբթի 16 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթիլիասի «Այբ թու զետ» արուեստի վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ժիրայր Փանոսեանի անհատական ցուցահանդէսին բացումը: Փանոսեան յայտնեց, թէ այս ցուցահանդէսը առաջինն էր որ տեղի կ՛ունենար «Այբ թու զետ»-ի ցուցասրահին մէջ, եւ թէ անոր նպատակը վարժարանին աշակերտները իրենց դասատուին գործերը ծանօթացնել էր: Արդարեւ, Ժիրայր Փանոսեան եւ իր քոյրը` Մարալ Փանոսեան...

Հաղորդագրութիւն.  ՀՕՄ Մասնակցեցաւ Ընկերային Յառաջդիմութեան Յանձնաժողովի 54-րդ Նիստին

Հաղորդագրութիւն. ՀՕՄ Մասնակցեցաւ Ընկերային Յառաջդիմութեան Յանձնաժողովի 54-րդ Նիստին

  Ընկերային յառաջդիմութեան յանձնաժողովի (CSocD) 54-րդ նիստը տեղի ունեցաւ 3-12 փետրուար 2016-ին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ: Այս նիստին առաջնահերթ նիւթն էր` «Վերանայիլ ու զօրացնել ընկերային յառաջդիմութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ», որուն միտք բանին է ստուգել տեւական յառաջդիմութեան միտող նորանոր կարելիութիւնները եւ ձեւակերպել շօշափելի, յառաջամէտ քաղաքականութեան մղող յանձնարարութիւններ: Մանրամասնութեամբ քննուեցան տեւական յառաջդիմութեան առնչուող ընկերային, տնտեսական եւ շրջապատային ազդակներու միջեւ...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Փրկութեան Լա՞ստ, Թէ՞ Գորդեան Հանգոյց

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Փրկութեան Լա՞ստ, Թէ՞ Գորդեան Հանգոյց

Արար աշխարհ իր առօրեայով տարուած` սովորական շաբաթասկիզբի սեմին էր, եւ հաւանաբար տեղեակ ալ չէր, որ երկուշաբթի, մարտ 7-ին, Պրիւքսէլի մէջ մարաթոն եւ կարեւոր խորհրդաժողով մը կը կատարուէր` բարւոք լուծում մը գտնելու, յատկապէս Սուրիայէն Թուրքիոյ ճամբով Եւրոպա մուտք գործող հազարաւոր գաղթականներուն: Թղթածրարը նոյնքան կնճռոտ ու բարդ է, որքան` նոյնինքն Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած թնճուկը: Ի՞նչ կը ներկայացնէ ներկայ...

Իզապէլ Մանուկեան Եւ Մուշեղ Գարավարդանեան Մասնակցեցան Փարիզի Մէջ Լիբանանի Յատկացուած Ցուցահանդէսին

Իզապէլ Մանուկեան Եւ Մուշեղ Գարավարդանեան Մասնակցեցան Փարիզի Մէջ Լիբանանի Յատկացուած Ցուցահանդէսին

Ս. Գ. «Նռան հատիկը» գիրքին կողքը Իզապէլ Մանուկեանի գործերէն Վերջերս Փարիզի «Նիքի Տիանա Մարքարտ» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապրումներու աւանդը» (Heritage of emotions) նշանախօսքով հաւաքական իւրայատուկ ցուցահանդէս մը,  նուիրուած Լիբանանին, անոր պատմութեան, մշակոյթին ու այլազանութեանց: «Վերակերտել  ընկերութիւնը մշակոյթի եւ կրթութեան ճամբով» կարգախօսով մեկնարկած` «Ուըրք ին փրոկրես» ոչ կառավարական կազմակերպութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսին ընդհանուր համադրողն էր (curator) լիբանանցի արուեստասէր Լարա...

Կանաչապատ Գողտրիկ Անկիւնի Մը Ծնունդը Պուրճ Համուտի Մէջ

Կանաչապատ Գողտրիկ Անկիւնի Մը Ծնունդը Պուրճ Համուտի Մէջ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Օրեր առաջ մեր տան պատշգամէն ականատես եղանք աշխատանքի մը, որ իր բնոյթով եւ թելադրականութեամբ բոլորի ուշադրութեան արժանացաւ: Դէպի Սիսի թաղամաս տանող բանուկ խաչմերուկի մը անկիւնը գտնուող տարածքը, որ երկար ատենէ ի վեր լքեալ վիճակ կը պարզէր, եւ որ տեսակ մը աղբանոցի վերածուած էր, ահա քանի մը շաբթուան տքնաջան աշխատանքէ, հողաշերտի մաքրութենէ, պարարտացումէ եւ համապատասխան դասաւորումներէ ետք կը կանաչապատուէր...

Հակառակ Սէուտական Որոշումին.  Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Բանակին Եւ Դիմադրութեան

Հակառակ Սէուտական Որոշումին. Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Բանակին Եւ Դիմադրութեան

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Անցնող օրերուն բանակին կողմէ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գործադրուած զինուորական յատուկ գործողութիւնը` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, խօսուն օրինակ մըն է, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր բանակին եւ ահաբեկչութեան դէմ մղած պայքարին: Լիբանանեան բանակը ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իր կարողութիւնները միշտ ալ ապացուցած է լիբանանցիներուն եւ աշխարհին: Բանակը կը վայելէ լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` Դիմադրութեան օժանդակութիւնը: Հետեւաբար այս երկուքը պառակտելու...

Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան Ճորճիայի Կողմէ Արցախի Ճանաչումը Կարեւոր Իրագործում Կը Նկատէ

Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան Ճորճիայի Կողմէ Արցախի Ճանաչումը Կարեւոր Իրագործում Կը Նկատէ

«Ապառաժ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, անդրադառնալով Ճորճիա նահանգի օրէնսդիր մարմինին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման` նշած է, որ այս իրադարձութիւնը քաղաքական կարեւոր ձեռքբերում մըն է եւ ունի քարոզչական մեծ արժէք: Ան ըսած է. «ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակները Միացեալ Նահանգներու մէջ որդեգրած են երկու հիմնական մարտավարութիւններ` մնայուն ու հետեւողական աշխատանքներ իրականացնելով Արցախի...

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Նախկին Քոնկրեսականը Ուաշինկթընի Մէջ Կը Դադրեցնէ Ազրպէյճանի Շահերու Պաշտպանութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Ահա նորութիւն մը, որ դժուար թէ ամէն օր տեսնէք լուրերու մէջ. նախկին քոնկրեսականը կը դադրեցնէ իր աշխատանքը օտար յաճախորդի մը հաշուոյն... մէկ տարուան վարձատրութիւն չստանալուն պատճառով: Նման բան մը պատահած է քոնկրեսական Տեն Պըրթընի (հանրապետական, Ինտիանա նահանգ) հետ, որ անցեալ շաբաթ դադրեցուց իր աշխատանքը` իբրեւ ազրպէյճանական-ամերիկեան դաշինքի` Միացեալ Նահանգներու մէջ ազրպէյճանական քարոզչական...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Աստծոյ (Խոդա Աֆարին) Ջրամբարը. Արցախ-Իրան Համատեղ Մեծ Ծրագիրը

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Աւելի քան 15 տարի առաջ էր. Պաքուի մամուլը գրեց ազրպէյճանա-իրանական հերթական գայթակղութեան մասին: Հայտար Ալիեւը կիսատ էր թողել Իրանի նախարարներից Պիժան Զանկանեհի հետ հանդիպումը եւ հեռացել այն բանից յետոյ, երբ հիւրը խօսք էր բացել Արաքս գետի վրայ` Հորադիզի հատուածում, կիսատ մնացած ջրաելեկտրակայանի կառուցումը շարունակելու մասին: Ալիեւը զարմացած հարցնում է. ինչպէ՞ս շարունակել, երբ գիտէք, որ այդ տարածքները հայերը գրաւել...

«Հայ Կերպարուեստը Թէ՛ Իր Որակով Եւ Թէ՛ Քանակով Բոլոր Տուեալները Ունի Հաւասարէ Հաւասար Մտնելու Միջազգային Տարածքներ» Կ՛ըսէ Մովսէս Հերկելեան

«Հայ Կերպարուեստը Թէ՛ Իր Որակով Եւ Թէ՛ Քանակով Բոլոր Տուեալները Ունի Հաւասարէ Հաւասար Մտնելու Միջազգային Տարածքներ» Կ՛ըսէ Մովսէս Հերկելեան

Սարգիս Գրիգորեան եւ Մովսէս Հերկելեան Մոնաքոյի մէջ հայկական արուեստը ներկայացնելու առիթով Տրուած ըլլալով, որ «Ազդակ»-ի մշակոյթի էջի պատասխանատու դոկտ. Մովսէս Հերկելեան  (Մ. Ծիրանի) գործի բերումով բաւականին լայն փորձառութիւն ունի միջազգային ժամանակակից արուեստի անցուդարձերուն հետ կապուած, եւ տրուած ըլլալով, որ արուեստի այժմէական հարցերը կը հետաքրքրեն մեր արուեստագէտներն ու առհասարակ արուեստասէր հասարակութիւնը, վերջերս անոր հետ ունեցանք հանդիպում-զրոյց մը, զոր կու տանք ստորեւ:...

Ճեմարաններու Ուսուցիչներս (Ուսուցչած Տօնին Առիթով)

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայու ճակատագիրս ստիպեց, որ լիբանանեան պատերազմի պատճառով, չորս տարիներ, Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը թերաւարտ (մինչեւ 9-րդ) թողելով, երթամ Հալէպ` հոն շարունակելու ուսումս, Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին մէջ: Թէեւ որոշ չափով անբախտ կը զգամ Ն. Փալանճեան Ճեմարանը թողելուս, սակայն երկու ճեմարան յաճախելն ալ այլ իմաստով բարեբախտութիւն կը սեպեմ, կամ` ինքզինքս այդպէս կը մխիթարեմ: Եթէ քիչ մը կանուխ շարժէինք ...

Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճ.  Հաղորդագրութիւն

Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճ. Հաղորդագրութիւն

Վարժարանիս հիմնադրութեան 75-ամեակին նուիրուած տոհմիկ երեկոն, վարժարանիս Ծնողական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 27 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ճաշարան «Նապաա Այնճար»-ի մէջ: Տոհմիկ երեկոն, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի օրհնաբեր ներկայութեամբ եւ նախագահութեամբ, վաստակաւոր հոգեւոր հովիւ, վարժարանիս նախկին տնօրէն եւ յանձնառու բարերար Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիքեանի, համախմբած էր վարժարանի մեծ ընտանիքը` շրջանաւարտներու տարբեր սերունդներ, նախկին եւ տակաւին պաշտօնավարող...

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Ուսուցիչները Ի Պատուի

Ուսուցիչը այն անձն է, որ կը լուսաւորէ մեր վաղուան օրը: Ան առաջնորդ է, անփոխարինելի,  ինչպէս` ծնողքը, աշակերտին զարգացումին ու յաջողութեան բանալին է ան, որ սերունդներ կը դաստիարակէ: Իր ունեցած կարեւորութեան համար ուսուցիչներու տօնը ամէն տարի կը նշուի մեծ խանդավառութեամբ եւ սիրոյ ու երախտագիտութեան ջերմ զգացումներու արտայայտութեամբ: Երեքշաբթի, 8 մարտ 2016-ին, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները հանդիսութեամբ մը պատուեցին իրենց ուսուցիչները եւ...

Ուխտի Օր` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Ուխտի Օր` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանքներուն յիշատակի եւ Խոր Վիրապ մտնելու տօնը` ուխտի օրն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Ուստի, ուխտակի՛ր Աթոռ ենք մենք. եւ մեր Աթոռին առաքելութեան հաւատացող մեր ազգի զաւակները ուխտակի՛ր զաւակներ են: Սոյն տօնին առիթով, կ’ուզեմ հետեւեալ չորս մտածումները բաժնել ընթերցողին հետ.- 1) Կաթողիկոսութեանս ուխտի օրը է՛ եւ պէ՛տք է դառնայ ամէն մէկ հայորդիի ուխտի...

Հայ Ազգի Հաւատքի Հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի (240-326) Չարչարանքներն Ու Վիրապ Մուտքը

Հայ Ազգի Հաւատքի Հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի (240-326) Չարչարանքներն Ու Վիրապ Մուտքը

Պատրաստեց` ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ Այնճարի հոգեւոր հովիւ «Ո՛վ հովուապետ բարի, Տէ՛ր Գրիգորիոս. անբիծ քահանայապետ, բարերար, ընտրեալ Աստուծոյ կողմէ, դո՛ւն մեր հոգիներուն բժիշկ եղար» ՇԱՐԱԿԱՆ Սուրբի մը կեանքի ընթերցումը լաւագոյնս կ’ուսուցանէ առաքինութիւնները (բարութիւն, քաջութիւն, ծառայութիւն, սէր...) վերացականէն անդին` կեանքի մէջ իրականացուած ձեւով նկարագրուած: Մասնաւորաբար` Հայ եկեղեցւոյ սուրբերուն գլուխը կանգնող, բոլորէն աւելի չարչարուած, աւետարանած, առաքինի եւ ցայժմ հաւատք ու յոյս ճառագայթող մնայուն սուրբին`...

Page 953 of 1110 1 … 952 953 954 … 1,110

Արխիւներ