Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

Գահիրէի մէջ հայկական դեսպանատունը յայտնուած է քաղաքի ամէնէն հետաքրքրական 17 վայրերու ցանկին վրայ: «Արմենփրես»-ը կը տեղեկացնէ, որ «Այտենթիթի-Մակ» կայքէջը պատրաստած է Գահիրէի հեքիաթային 17 վայրերու ցուցակը:
Կայքը կը գրէ, թէ այն կառոյցը, ուր տեղակայուած է դեսպանատունը, կարծես դուրս եկած է «Անտառի քնացած իշխանուհիին» կամ «Հենցըլ եւ Կրեթըլ»-ի հեքիաթէն:
Ցուցակին մէջ ներառուած են Հելիոփոլիսի մէջ գտնուող «Պարոն Իմփէյն» պալատը, արքայազն Սալիտ Սալիմի պալատը, հին Գահիրէի մէջ գտնուող Պապ Ֆաթուհը, Քորպայի մէջ գտնուող տունը, ղպտիներու գերեզմանատունը, «Մարիոթ» պանդոկը, Մուիզ Տին փողոցը, Ապտըն պալատը, Հելիոփոլիսի պազիլիք եկեղեցին, Գահիրէ դարպասները, Քասր Նիլ կամուրջը, Սապիլը, Բանեան ծառերը, «Մեզոն տիւ Քանատա»-ն, Սպանիոյ դեսպանատունը եւ Գահիրէի միջնաբերդը:


