ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Մաֆիա»: Գոյական (Իտալիոյ Մէջ Գաղտնի Ընկերութիւն Մը):
«Նայիրի» Բառարան
1920-ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներու Շիքակօ քաղաքին մէջ խումբ մը իտալացի արկածախնդիրներ հիմնեցին, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` շարունակեցին Սիկիլիոյ մէջ ծնունդ առած «ընկերութիւն» մը` տկար մարդոց «օգնելու» կամ «պաշտպանելու» պատրուակով, եւ սկսան տուրքեր գանձել վաճառատուներէ: Այս ընկերութիւնները իտալերէնով կը կոչուէին «Մաֆիա» (Mafioso), որ հետագային դարձաւ միջազգային բառ:
Ժամանակի ընթացքին ստեղծուեցան տարբեր տեսակի մաֆիաներ եւ իրենց շրջագիծը ընդլայնելու միտումով յաճախակի զինեալ բախումներ կ’ունենային իրարու հետ: Պետութեան մէջ դարձած էին հզօր պետութիւն մը եւ շատ անգամ բախումներ կ’ունենային նաեւ ոստիկանութեան հետ: Իրենց նպատակը` տկարները «պաշտպանելու» սահմանը անցած եւ հսկայական գումարներու առեւտուրի մը վերածուած էր: Անօրէն խմիչքի ներածում եւ արտածում, ինչպէս նաեւ` թմրեցուցիչի վաճառականութիւն: Իրենց գործունէութիւնը այնքան ընդարձակուած էր, որ վաճառատուներ երթալով` տուրքեր գանձելը իրենց համար ժամավաճառութիւն էր, եւ այդ իսկ պատճառով ամսական գանձումի դրութեան վերածեցին եւ տուին «ապահովագրութիւն» անունը:
Ներկայ օրերու ապահովագրական ընկերութիւնները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` մաֆիաներու շարունակութիւնը, որոնք կը գործեն տարբեր անուան տակ եւ պաշտօնապէս ճանչցուած են պետութիւններու կողմէ:
Բոլորս անխտիր զոհերն ենք այդ մաֆիաներուն: Կարելի՞ բան է մնալ առանց ինքնաշարժի, կալուածի կամ առողջապահական ապահովագրութեան: Կամայ թէ ակամայ` բոլորս կը «վայելենք» օրինաւոր մաֆիաներու «բարիքներն» ու «պաշտպանութիւնը»:
Բազմաթիւ շարժանկարներ պատրաստուած են մաֆիաներու գործունէութեան մասին, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորներէն կարելի է յիշել` «Ալ Քափոն», «Տը Կատֆատըր» եւ «Քազինօ» ժապաւէնները:
Ամերիկայի մէջ իտալացիներու կողմէ սկսած մաֆիան շուտով տարածուեցաւ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ:
Լիբանան, մանաւանդ Պուրճ Համուտ ինչո՞վ պակաս է միւս երկիրներէն:
Երկար տարիներ Պուրճ Համուտի մէջ գոյութիւն ունէր «զայիմ»-ներէ բաղկացած խմբակ մը, որոնք վաճառատուներէ անօրէն «տուրքեր» կը գանձէին: Այս «զայիմ»-ները շատ կը յիշեցնէին Շիքակոյի մէջի նախնական շրջանի մաֆիաները, անշուշտ շատ աւելի նուազ` իրենց գործունէութեամբ:
«Զայիմ»: Արաբերէնով կը նշանակէ` քաջ, կտրիճ, անվախ, յանդուգն:
Քանի մը արկածախնդիր երիտասարդներ իրենք իրենց տուած էին այդ տիտղոսը, սակայն իրականութեան մէջ «զայիմ» բառը կորսնցուցած է իր իմաստը: Իսկական «զայիմ»-ը իր խիզախութիւնը ի գործ կը դնէ բարի նպատակի մը, սակայն այդ օրերու «զայիմ»-ները, խանութէ խանութ պտտելով, իրենց հսկողութեան տակ առնելու պատրուակով, անդադար գումարներ կը գանձէին: Շրջանի վաճառականները արդեօք համարձակութիւնը կ’ունենայի՞ն չտալու իրենցմէ պահանջուած գումարը: Չտալու պարագային, առաջին ազդարարութիւնը կ’ըլլար վաճառատան նիւթական վնաս հասցնել, եւ յաջորդ հանգրուանին տակաւին չհասած` վաճառականները տեղի կու տային եւ վախի ազդեցութեան տակ կը վճարէին պահանջուած գումարները:
«Զայիմ»-ները դրամ հաւաքելու տարբեր միջոցներ ի գործ կը դնէին:
Մէկը ուրիշին պարտքի դրամ տուած է (առանց օրինաւոր փաստաթուղթի), եւ այդ անձը կը զլանայ իր պարտքը վճարել: Պարտատէրը կը դիմէ «զայիմ»-ի մը օժանդակութեան: Յաջորդ օրն իսկ այդ գումարը գանձուած է, որուն մէկ մասը միայն յանձնուած է պարտատիրոջ. մնացածը «արդարօրէն» մտած` «զայիմ»-ին գրպանը: Կամ` գոյութիւն չունեցող երեւակայական երգիչի մը տալիք երգահանդէսին համար հարիւրաւոր տոմսեր բռնի ուժով ծախել շրջանի վաճառականներուն ու խանութպաններուն, իսկ երբ երգահանդէսին թուականը հասնէր, ու մարդիկ իրենց տոմսերը ձեռքերնին` ուղղուէին Պուրճ Համուտի շարժապատկերի որոշուած սրահը, մուտքին «զայիմ»-ներէն մէկը կը յայտարարէր. «Երգիչին ձայնը քաշուած է եւ երգահանդէսը յետաձգուած` անորոշ թուականով»:
Այդ «անորոշ թուականը» մինչեւ օրս տակաւին կը մնայ անորոշ:
* * *
Արեւմտեան Պէյրութի կողմը բնակող մեր բարեկամներէն մէկը Պուրճ Համուտի մէջ նոր վաճառատուն մը բացած էր: Գործերը լաւ կ’ընթանային: Վաճառատուն մտնողը դատարկ ձեռքով դուրս չէր ելլեր: Յաճախորդները իգականներ էին: Կնոջական ներքնազգեստներ կը ծախէր, սակայն օրական քանի մը անգամ երկու երիտասարդ հայ տղաներ կը մտնէին վաճառատուն, աջ ու ձախ կը դիտէին, ապա` տիրոջ մօտենալով.
– Բանի մը պէտք ունի՞ս, մենք կրնանք օգտակար ըլլալ քեզի:
– Շնորհակալ եմ, բանի պէտք չունիմ:
Յաջորդող օրերուն` դարձեալ նոյն տեսարանը: Այցելուները իրարու հետ բարձրաձայն. «Այս մարդը հասկնալու միտք չունի, ուրիշ լեզուով պէտք է խօսինք հետը»:
Մեր բարեկամը, նոր գլխի կ’իյնայ եւ կը հասկնայ այցելուներուն իսկական նպատակը եւ կ’ուղղուի «Սարդարապատ» ակումբ ու կոմիտէին կը պարզէ եղելութիւնը:
Յաջորդ առաւօտ ակումբի կոմիտէին հերթապահը անձամբ կը ներկայանար սոյն վաճառատունը եւ` «Մեզի երկու գաւաթ սուրճ ապսպրէ, երկու հատ ալ աթոռ դուրս հանէ, որ խանութին առջեւ նստինք ու խմենք»:
Յաճախորդները բոլորը կիներ են եւ յարմար չէ այդ առաջարկը, սակայն կը համակերպի: Շատ չանցած` «հարկահաւաք» երկու երիտասարդները կ’երեւան խանութի մուտքին եւ զարմանքով կը նշմարեն ակումբի հերթապահը, որ վաճառականին հետ նստած` սուրճ կը խմէ: Կամացուկ մը ճամբանին կը շեղեն, ու կը վերադառնան իրենց կեդրոնը, «Սինեմա Գերմանիկ»-ի կողքի փողոցի բախտախաղի վայրերէն մէկը: Լուրը արդէն տարածուած է իրենց շրջանակին մէջ: Այս նորելուկ վաճառականին հետ խաղալ չ’ըլլար, ակումբի մարդ է:
Պուրճ Համուտի մէջ կարգ ու կանոն պահողները միշտ եղած են հայկական ակումբները: Ոստիկանական ջոկատներ չունէին իրենց տրամադրութեան տակ, սակայն կարելի եղածին չափ, երբեմն ուղղակի, երբեմն ալ անուղղակի կերպով արգելք կը հանդիսանային «զայիմ»-ներուն:
Չէին ուզեր հայու արիւն հոսեցնել:
Երջանկայիշատակ Կորիւն արք. Պապեան, որ մեր ընտանիքին մօտիկ բարեկամը եղած էր, օր մը, երէց եղբօրս մասին խօսած ժամանակ, «զայիմ» որակեց զինք, սակայն նոյն վայրկեանին անմիջապէս սրբագրեց: «Ներողութիւն, ուզում եմ ասել մարտական էր եւ ոչ թէ զայիմ»: Մարտական տղաքը կուսակցութեան մը պաշտպաններն են, անշահախնդիր, նուիրեալ, եւ միեւնոյն ժամանակ` կտրիճ ու անվախ: Կարելի չէ մարտական տղոց «զայիմ» մակդիրով որակել»:
Երկար բաղդատական մը ըրաւ զայիմին ու մարտականին: «Իրականութեան մէջ «զայիմ»-ները մէկական ասպետներ են, որոնք իրենց կտրիճութեամբ պէտք է պաշտպանեն տկարներին, սակայն ներկայիս` «զայիմ»-ները, կորսնցուցած են այդ բառին իմաստը եւ իրենց խիզախութիւնը օգտագործում են ի շահ իրենց անձնական շահերին: Մեր հայ մարտական տղաքը ամէն մէկը մի վեհանձն «զայիմ» է խորքին մէջ, սակայն` ոչ այս օրերու «զայիմ»-ների նման»:
Մեզի համար մութ պայմաններու տակ Պուրճ Համուտի «զայիմ»-ներու փաղանգին մէկ կարեւոր մասը, գիշեր մը սպաննուեցան «Սինեմա Գերմանիկ»-ի առջեւ: Տակաւին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը չէր սկսած եւ այդ տեսակ խմբային սպանդ մը մեծ արձագանգ բարձրացուց ոչ միայն Պուրճ Համուտի, այլ նաեւ Լիբանանի ամբողջ տարածքին: Լիբանանեան օտար մամուլը լայն տեղ տրամադրեց իր գլխաւոր լուրերու բաժնին մէջ: Տակաւին աչքիս առջեւն է առաջին էջերուն վրայ մեծատառ գրութիւնները. «Թեքսաս… Պուրճ Համուտի մէջ»:
Ողջ մնացած «զայիմ»-ները անմիջապէս հրապարակէն քաշուեցան: Շատեր սկսան աշխատիլ` որպէս թաքսիի վարիչ կամ «փոսթայի մաաուին» (դրամ հաւաքող): Պատահեցաւ նաեւ, որ անոնցմէ մէկը դառնայ իսկական «երգիչ» եւ երգահանդէսներ ունենայ` առանց «երգահանդէսը անորոշ թուականով յետաձգելու»: Սկսաւ նոյնիսկ գնահատուիլ որոշ դասակարգի մը կողմէ:
Օրին մէկը, տեղեակ ըլլալով խնդրոյ առարկայ երգիչին անցեալին, իրեն հարց կու տան, թէ ի՞նչը մղեց զինք, որ դառնայ երգիչ:
«Շիտակը, մենք… (յոգնակի) առաջ «զայիմ» էինք: Զայիմութիւնը արգիլուեցաւ, մենք ալ … երգիչ եղանք»:
Ոչ մէկ տարբերութիւն: «Զայիմ»… եւ երգիչ:
Նոյնանման «արուեստներ»:
Մինչեւ օրս Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ, տակաւին կը գործեն տեղացի արաբներէ բաղկացած «զայիմ»-ներու փաղանգներ: Այս «զայիմ»-ները կը վայելեն կարգ մը պետական մարդոց հովանաւորութիւնը: Իրենց տրուած է զէնք կրելու արտօնագիր, կը ծառայեն կարգ մը պետական մարդոց կամ կուսակցապետներու` որպէս թիկնապահ: Զինուած կը պտտին: Ի հարկին կը գործածեն իրենց զէնքը եւ յաջորդ օրն իսկ ազատ-համարձակ կը շրջագային քաղաքին մէջ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին տեղացի կուսակցութիւնները իրենց շարքերուն մէջ կը հաշուէին բազմաթիւ «միլիսներ» որ լաւ մարզուած, սրտոտ տղամարդիկ էին եւ կը գործէին ի սէր Լիբանանի, սակայն իրենց վեհ գործը հետագային փոխարինեցին կողոպուտով եւ դարձան նոր օրերու «զայիմ»-ներ:
* * *
Վերադառնալով Ամերիկայի ներկայ օրերու մաֆիաներուն, Շիքակոյէն դուրս, ամենահզօր մաֆիաները այսօր կը գտնուին Նեւատա նահանգի նշանաւոր Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ:
Լաս Վեկասի քազինոները ամբողջութեամբ իրենց տիրապետութեան տակ են: Ամէնէն նշանաւոր ու ժողովրդականութիւն ունեցող երգիչներու եւ արուեստագէտներու Լաս Վեկասի քազինոներու մէջ ելոյթ ունենալը կախեալ է մաֆիաներու «բարեացակամութենէն»:
Քազինոներու մեծագոյնին եկամուտը կ՛ապահովուի բախտախաղերէ: 21 տարեկան բոլորելը պայման է կարենալ խաղալու համար: Երիտասարդ, տարեց, իգական թէ արական, ժամեր կ’անցընեն այդ ելեկտրոնային «դրամ կլլող» մեքենաներուն դիմաց, կամ` բախտախաղի կանաչ սեղաններուն շուրջ: Մասնաւոր պաշտօնեաներ քամերաներով գաղտնի կը հետեւին իրենց «զոհերու» խաղարկութեան: Վա՜յ եկեր է, եթէ անձ մը քիչ մը շատ շահի: Քանի մը հուժկու, չափէն աւելի կոկիկ hագուած օրինաւոր «զայիմ»-ներ, կը ներկայանան եւ քաղաքավարօրէն մէկ կողմ քաշելով` կ’առաջարկեն, որ անմիջապէս մեկնի քազինոյէն` անգամ մըն ալ չայցելելու պայմանաւ:
Կը հետեւին նաեւ «խենթ» ու անհաշիւ խաղացողներուն, որոնք ընդհանրապէս հսկայական գումարներ կը կորսնցնեն: Այդպիսիներուն յաճախակի հրաւէրներ կը ղրկուին, ձրի կեցութիւն պանդոկին մէջ եւ քանի մը հարիւր տոլար ալ «գրպանի ծախս», քաջ գիտնալով, որ այդ մարդիկը քանի մը հարիւրը պիտի կորսնցնեն, առաւել` քանի մը հազար:
Մաֆիայի մարդիկը խելացի են, միեւնոյն ժամանակ` անխիղճ եւ վրիժառու:
Զեղծարարութեամբ շահող խաղացող մը խիստ պատժամիջոցներու կը դատապարտուի: Գաղափար մը կազմելու համար, թէ ինչպէ՛ս կը վարուին այդ մարդոց հետ, անգամ մը եւս «վայելեցէք» Քազինօ ժապաւէնը:
* * *
Այսօր ամբողջութեամբ մաֆիաներու տիրապետութեան տակ է աշխարհի տնտեսութիւնը: Ապահովագրական ընկերութիւններն ու քարիւղի ընկերութիւնները, պետութիւններու մօտ օրինաւորապէս ճանչցուած, մեծագոյն մաֆիաները կարելի է սեպել: Ապահովագրական ընկերութիւնները, երկար տարիներու ընդունուած օրէնքներ, շատ դիւրութեամբ կրնան փոփոխութեան ենթարկել` նայած իրենց նիւթական շահերուն: Նոյնն է պարագան քարիւղի ընկերութիւններուն, որոնք որեւէ ժամանակ քարիւղի գինը կրնան քանի մը սենթ պակսեցնել, կամ շաբաթ մը ետք` կրկնապատկել:
Մաֆիաներու տիրապետութեան տակ են` միջազգային մամուլը, հեռատեսիլի կայանները, լրատուութեան աղբիւրները. անոնք իրենց հաշուոյն եկած լուրերով հանրութիւնը ուղեղալուացումի կ’ենթարկեն, եւ մարդիկ միամտօրէն կը հաւատան:
Նեւատա նահանգը ներկայիս Միացեալ Նահանգներու ամենահարուստը կարելի է դասել` «շնորհիւ» Լաս Վեկասի մաֆիաներուն: Ներկայ օրերու մաֆիաներն ու «զայիմ»-ները «հարկերը» հաւաքելու ձանձրոյթը չեն քաշեր: Բոլորս կամովին կ’իյնանք անոնց ծուղակը:
Երբեմն բաղդատական մը կ’ընեմ Պուրճ Համուտի երբեմնի «զայիմ»-ներու եւ Լաս Վեկասի ներկայ օրերու մաֆիաներու միջեւ:
Մաֆիաները չեն երեւար հանրութեան մէջ: Նոյնիսկ ուժի դիմելու կարիք չեն զգար: Խեղճ զոհերը դիւրութեամբ կ’իյնան ծուղակը: Լաս Վեկասի քազինոներու մէջ պատերու վրայ զետեղուած ժամացոյցներու չենք հանդիպիր: Վայելուչ կիսամերկ կիներ անդադար ձրի ոգելից ըմպելի կը հրամցնեն ներկաներուն, որոնք խմիչքով ու խաղով տարուած` նոյնիսկ գիշերը ցերեկէն չեն կրնար զանազանել:
Ծանօթ անգլերէն երգի մը մէջ ըսուած է` «Աստուած ստեղծեց դրախտը, իսկ սատանան` Լաս Վեկասը»:
Անհամար են Լաս Վեկասի հաճոյքի վայրերը, սակայն մարդիկ, երբ հասնին սատանային «դրախտ»-ը, անմիջապէս կը դիմեն դէպի քազինոները` իրենց «բախտը փորձելու»:
Բախտը փորձելու տարբեր միջոցներ չկա՞ն:
Մեծ է թիւը հանգստեան կոչուած տարեցներու, որոնք պետութենէն ստացած իրենց արդար թոշակը քանի մը ժամուան մէջ կը վատնեն Լաս Վեկասի քազինոներու մէջ ու տուն կը վերադառնան «դատարկ գրպան»-ով` սպասելով յաջորդ ամսուան թոշակին, որպէսզի դարձեալ երթան եւ իրենց կրած վնասը փորձեն վերադարձնել, սակայն շատ յաճախ նոյն յուսախաբութեամբ կը վերադառնան իրենց տուները:
Ճիշդ է, հազարաւոր մարդիկ, իրենց նիւթականը կը վատնեն քազինոներու մէջ: Շատե՜ր կը սնանկանան, ընտանիքներ կը քայքայուին, սակայն ո՞վ է իրենց ստիպողը:
Ո՛չ մաֆիաները, ո՛չ ալ «զայիմ»-ները:
Լոս Անճելըս 2016