Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանուկները Եւ Համացանցը. Հաւասարակշռութիւն` Ամէն Ինչի Մէջ

Մարտ 12, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿՐԵԿՈՒԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ

Մանուկներու իրաւունքներու տարբեր դրսեւորումներու ծիրին մէջ ներկայ ժամանակներուն մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ համացանցին պարգեւած հնարաւորութիւններուն եւ միաժամանակ ստեղծած մարտահրաւէրներուն ճշգրիտ գնահատականը ինչպէս կրթական, նոյնպէս եւ ընտանեկան միջավայրերուն մէջ:

Համացանցը գրաւիչ է աշխարհի հարիւր միլիոնաւոր մանուկներուն համար, որովհետեւ անիկա լայնարձակ հարթակ կը տրամադրէ անոնց` ուսումնառութեան, ստեղծագործութեան, հաղորդակցութեան եւ խաղերու համար: Համացանցը եւ անոր միացած բազմապիսի սարքերը մանուկներուն համար կը ներկայանան որպէս արժէքաւոր գործիքներ, զորս անոնք կրնան օգտագործել իրենց տեսակէտները արտայայտելու կամ հաստատելու համար, ինչպէս նաեւ միջոցներ` ըլլալու իրենց իրաւունքներուն տէրը:

Կրթական թէ ընտանեկան միջավայրերուն մէջ կարեւոր է արդէն ըստ արժանւոյն գնահատել թուային յեղափոխութեան դրական եւ ստեղծարար երեսները եւ ձերբազատիլ այն մտայնութենէն, թէ համացանցը բացառապէս կամ հիմնականին մէջ վտանգի աղբիւր է, ուր մանուկները անընդհատ կ՛ենթարկուին փորձանքներու: Բացի այդ,  համացանցին եւ անոր հետ կապուած զանազան գործիքներու օգտագործման մասին խօսելու ժամանակ պէտք է դադրինք մտածելէ, որ անոնք կը հանդիսանան մեր  զաւակներու կեանքին փակ կամ երեւակայական մասերը` իրական կեանքէն ամբողջովին տարբեր: Իրականութեան մէջ համացանցը եւ անոր հետ կապուած զանազան գործիքները մաս կը կազմեն զանոնք օգտագործող մանուկներուն իրական կեանքին, այնքան, որ այլեւս դժուար է սահմանազատել համացանցային հարցերը իրական աշխարհի խնդիրներէն:

Այս փաստը շատ կարեւոր ազդեցութիւն ունի այն ամէն ինչին վրայ, որ մեզի կը ներկայանայ որպէս կրթական կամ ծնողական պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն: Ամէն ոք, որ պաշտօնի, աշխատանքի կամ մասնագիտութեան բերումով  գործ ունի մանուկներուն հետ, այլեւս պարտաւորուած է որոշակի պատկերացում ունենալ համացանցին առնչուող արհեստագիտութեան մասին, եւ այն մասին, թէ մանուկները ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ կ՛օգտագործեն զայն: Առանց այդ հասկնալու` ուսուցիչներ, ընկերային ծառայողներ, հոգեբաններ  եւ մանուկներու հետ գործ ունեցող այլ մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ կտրուած պիտի ըլլան մանուկներու կեանքին կարեւոր մաս հանդիսացող այդ երեսներէն: Այս իրողութիւնը ի զօրու է, բնականաբար, նաեւ ու յատկապէս ծնողներուն համար:

Այդուհանդերձ, հաստատելով նոր արհեստագիտական միջոցներու դրական երեսները` կարելի չէ փախուստ տալ այն իրականութենէն, որ համացանցը իրեն հետ բերաւ նաեւ շարք մը անցանկալի հետեւանքներ: Ամենաշատ տարածուած դժգոհութիւնը, զորս մեծահասակները կ՛արտայայտեն այս ծիրին մէջ, մանուկներու կախուածութիւնն է համացանցային գործիքներէն, այլ խօսքով` համացանցի մոլութիւնը, կամ` այդ գործիքներու գերօգտագործումը: Սա կրնայ խոչընդոտել միջ-անձնային յարաբերութիւններու կամ առողջ ապրելակերպի զարգացման. երկրորդի պարագային օրինակ մըն է մարմնակրթութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան հնարաւոր  նուազումը մանուկներու միջավայրին մէջ` համացանցի տիրապետութեան բերումով: Ծնողներու եւ ուսուցիչներու դժուարին պարտականութիւնն է հաւասարակշռութիւն սահմանել այս խնդրին մէջ. հաւասարակշռութիւնը կարեւոր է նաեւ այն հարցին մէջ, թէ ինչպիսի՛ գնահատական մենք կու տանք համացանցային սպառնալիքներուն, որովհետեւ չափազանցութիւնը այստեղ դարձեալ կրնայ անհարկիօրէն մթագնել այն դրականը, որ կայ համացանցին մէջ:

Պուրճ Համուտ, 26 փետրուար 2016

 

Նախորդը

Մասնաճիւղէ Մասնաճիւղ

Յաջորդը

Մեր Զաւակները` Նիւթապաշտութենէ Հեռու

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?